ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ

Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եղբայրական այցելութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ ճանապարհի աղօթք, որու ընթացքին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հրաժեշտ տուաւ իր հոգեւոր եղբօր։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ այս այցելութիւնը զօրակցութիւն մըն էր հայ ժողովուրդին։ Իր խօսքով՝ երկու հոգեւոր պետերու նման այցելութիւնները մեծապէս կը նպաստեն Հայ Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ քոյր, դաւանակից եկեղեցիներու յարաբերութիւններու սերտացման եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան։

Իր կարգին, Եփրեմ Բ. Պատրիարքն ալ նշեց, որ երկու եկեղեցիները միասին անցած են նահատակութեան ու փորձութիւններու ընդմէջէն եւ այսօր ալ անոնց միասնականութիւնն ու աղօթքը զօրակցութեան կենդանի վկայութիւն են, երբ Մերձաւոր Արեւելքը եւ Հայաստանը դժուարին ժամանակներ կը դիմագրաւեն։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2026