Շաբաթ 25, Յուլիս 2026
ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՍԻՓԱՆ ԱՒ. ՔԱՀԱՆԱՅ ՄՍԽԵԱՆԻ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը խոր ցաւով գուժեց մահը՝ երէց սերունդի հոգեւորականաց դասէն Տ. Սիփան աւ. քհնյ. Մխսեանի։ Ան Արեւմտեան թեմի հանգստեան կոչուած անդամներէն էր, որու կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է՝ հաշուի առնելով, որ տասնամեակներ շարունակ անսակարկ ծառայութիւն մատուցած էր իր հօտին համար։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան, թեմի հոգեւորականաց դասն ու թեմական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ պաշտօնէութիւնը տեղեկացուցած են, որ կը սգան վախճանը Տ. Սիփան աւ. քհնյ. Մխսեանի։
Նորոգ վախճանեալ տէր հօր վերջին օծումն ու յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ օգոստոսի 3-ին, յընթացս Ս. Պատարագի, Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարի մէջ, Պըրպենք։
Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2026