Հինգշաբթի 23, Ապրիլ 2026
Ս. ԱԹՈՌԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները մասնակցեցան՝ Իսրայէլի անկախութեան 78-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան, որու տանտէրն էր երկրի նախագահը՝ Եէիցաք Հերցոք:
Նախագահական պալատին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան ժամանակ նախագահ Հերցոքի կողքին էր առաջին տիկին Միխալ Հերցոք:
Յանուն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, այս պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Տ. Կորիւն եպսկ. Պաղտասարեան, որուն ընկերացաւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան վրդ. Գոգճեան:
Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները առիթն ունեցան ձեռնուելու եւ զրուցելու նախագահին հետ, որու նկատառման յանձնեցին շնորհաւորութիւններ եւ յարատեւութեան բարեմաղթանքներ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2026