ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ

Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան ընդունեց Սուրբ Երկրի նորանշանակ Պապական նուիրակ Ճիորճիօ Լինկուա եպիսկոպոսը։ Այսպէս, մոնսենիէօրը առաջին անգամ պաշտօնապէս Երուսաղէմի Հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքը այցելեց՝ պաշտօնը ստանձնելէ վերջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց զինքը՝ մանաւանդ, որ հանդիպումը զուգադիպեցաւ Ս. Զատկի տօնական շրջանին։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան վարդապետ Գոգճեան։

Հայոց Պատրիարքութեան դիւանատունը հաղորեց, որ զրուցակիցները ընդգծեցին՝ Սուրբ Երկրի քրիստոնէական համայնքներու միջեւ եղբայրական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին փոխադարձ յարգանքի եւ համերաշխութեան մթնոլորտի պահպանումը։

Պապական նուիրակը նոր առաքելութեան կը ձեռնարկէ, երբ տարածաշրջանէն ներս պատերազմական գործողութիւններ տեղի կ՚ունենան եւ քրիստոնեայ Արեւելքը լրջօրէն կը տուժէ այդ բոլորէն։ Ուստի, զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ առկայ մարտահրաւէրներուն եւ շեշտեցին զանոնք համատեղ ջանքերով դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը՝ ի նպաստ հաւատացեալ ժողովուրդի հոգեւոր սպասարկութեան։

Հարկ է նշել, որ Ս. Յարութեան տաղաւարի ներկայ շրջանին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը վերջին օրերուն ընդունած էր քրիստոնեայ յարանուանութիւններու կողմէ հոգեւոր առաջնորդներ եւ պատուիրակութիւններ, որոնք փութացած էին շնորհաւորութեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2026