ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ՋԵՐՄՕՐԷՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԿՈՒՃԵՐՈԹԹԻՆ

Վատիկանի Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի նախընթաց օր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայ Երուսաղէմէն ներս։ Ինչպէս հաղորդած էինք, կարտինալ Կուճերոթթի  այս շրջանին կ՚այցելէ Սուրբ Երուսաղէմ, ուր նախընթաց օր հանդիսաւոր արարողութեամբ մուտք գործած էր Սուրբ Յարութեան տաճար։ Կարտինալը այս ուղեւորութեան ծիրէն ներս քաղաքավարական այցելութիւններ կու տայ Երուսաղէմի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոնները։ Ան այս ամբողջին մէջ այցելեց նաեւ Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքը։ Կարտինալին ընկերացան Երուսաղէմի լատին պատրիարքը՝ կարտինալ Փիէռ-Պաթիսթա Փիցապալա եւ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան քուսթոսը՝ հայր Ֆրանչեսքօ Իէլպօ եւ այլ միաբաններ։ 

Երուսաղէմի Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին։ Հայոց պատրիարքարանի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ կարտինալին հանդիպումը։ Հայոց վանքի մուտքին կարտինալ Կուճերոթթի դիմաւորուեցաւ Տ. Թէոդորոս եպսկ. Զաքարեանի եւ Տ. Վազգէն վրդ. Ալեքեանի կողմէ։ Կարտինալ Կուճերոթթի նախ այցելեց Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճար, ուր երկրպագեց Սուրբ Յակոբ գլխադրին առջեւ եւ աղօթեց մատրան մէջ։ Տ. Թէոդորոս եպսկ. Զաքարեան կարտինալին ներկայացուց Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի պատմականն ու հոգեւոր նշանակութիւնը՝ ներառեալ համաքրիստոնէական հարթութիւնը։ 

Այնուհետեւ կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի առաջնորդուեցաւ պատրիարքարանի մեծ դահլիճը, ուր զինքը ողջունեցին Նորին Ամենապատուութիւնն ու Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց ողջոյնի խօսք մը, որով բարի գալուստ մաղթեց կարտինալին։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ Սուրբ Երկրի քրիստոնէական համայնքներուն առջեւ ծառացած առկայ մարտահրաւէրներուն։ 

Կարտինալ Կուճերոթթի շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար: Ան ընդգծեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնարար եւ անփոխարինելի դերակատարութիւնը Սուրբ Երկրի հոգեւոր անդաստանէն ներս։ Կարտինալ Կուճերոթթի Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան ներկայութիւնը համեմատեց խոր արմատներ ունեցող սերմի մը հետ՝ կարեւորելով հայոց առաքելական աւանդութեան կենդանի վկայութիւնը Սուրբ Քաղաքին մէջ։ 

Հանդիպման աւարտին կարտինալ Կուճերոթթի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր փոխանցեց Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի եղբայրական ողջոյնները եւ անոր կողմէ ուղարկուած յուշամետալ մը։ 

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ կարտինալին նուիրեց Երուսաղէմի հայկական յախճապակեգործութեան արուեստի բնորոշ յուշանուէր նուռ մը՝ իբրեւ խաղաղութեան, պտղաբերութեան եւ բարօրութեան խորհրդանշան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2026