ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակման 35-ամեայ յոբելեանին առթիւ։
*
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հայրապետական մեր օրհնութիւնը կը բերենք մեր ժողովուրդին ի հայրենիս եւ ի սփիւռս եւ կը շնորհաւորենք Անկախութեան տօնին առթիւ։
Այսօր կը տօնախմբենք հայոց անկախ պետականութեան վերահաստատման 35-րդ տարեդարձը։ Այս տարիներու ընթացքին մեր հայրենիքը անցաւ բազում փորձութիւններէ, սակայն, մեր ժողովուրդը երբեք չըկնճուեցաւ, չհուսահատուեցաւ, նոյնիսկ մեծ զոհողութիւններու գնով շարունակեց հայրենաշինութեան սրբազան առաքելութիւնը եւ իր ներուժը ծառայեցուց ազգային զարթօնքին։
Անկախութեան տօնը այսօր հրաւէր է մեզի՝ վերարժեւորելու համար անցած ուղին եւ մեր կեանքի ընթացքը։ Ներկայիս բարդ պայմաններու ներքեւ, առաւել քան երբեք, անհրաժեշտ է ըլլալ միասնական եւ մնալ համախմբուած հայրենիքի շուրջ, որպէսզի կարողանանք դիմագրաւել ներքին ու արտաքին սպառնալիքները։ Անկախութեան տօնական օրուայ խորհուրդով զօրացած՝ անմնացորդ նուիրումով շէնացնենք ու պայծառացնենք մեր երկիրը եւ ամենայն նախանձախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պաշտպանենք մեր ժողովուրդի ազատ ու անվտանգ կեանքի իրաւունքը այս սրբազան հողի վրայ։ Ամուր պահենք Քրիստոսաւանդ յոյսը, հաւատն ու սէրը, հաւատարիմ մնանք ազգային-հոգեւոր մեր արժէքներուն եւ միասնաբար կերտենք մեր արդար, օրինահարկ, համերաշխ հասարակութիւն՝ յանուն մեր ապահով ու ամուր ապագային։
Առ Աստուած աղօթք կը բարձրանենք, որպէսզի խաղաղութեան մէջ պահէ մեր հայրենի երկիրը, իր Սուրբ Հոգիի իմաստութեամբ առաջնորդէ մեր ժողովուրդը եւ պարգեւէ բարօր ու յառաջընթաց կեանք. ամէն։