ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵՐԱԺՇՏԱՍԻՐԱՑ ԴՊՐՑ ԴԱՍՈՒ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Երէկ, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ոգեկոչուեցան Հռիփսիմեանց-Երաժշտասիրաց դպրաց դաս-երգչախումբի հանգուցեալ անդամները։ Օրուայ պատարագիչն էր Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր խումբ մը դպիրներու կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Գրիգոր Թերզեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ երբեմնի այնքան աշխոյժ Հռիփսիմեանց-Երաժշտասիրաց դպրաց դաս-երգչախումբի հանգուցեալ անդամներուն համար։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, այս երգչախումբի երբեմնի անդամներէն հոգելոյս Տ. Կարապետ քհնյ. Թերզեանի եւ մեծ հօր՝ Տիրան Թերզեանի մերօրեայ շառաւիղին՝ Գրիգոր Թերզեանին կողմէ յատկանշական նուէր մը յանձնուեցաւ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ։ Այսպէս, ան 2004 թուակիր խմբանկար մը նուիրեց եկեղեցւոյ՝ որպէս երբեմնի կենսունակ դպրաց դասու պատմութեան առարկայական յիշատակ։ Գրիգոր Թերզեանի կողմէ յանձնուած այս յիշատակը ստանձնեց Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուր։ 

Այսպէսով Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ անգամ մը եւս ոգեկոչուեցաւ սերունդ մը, որ իր ձայնը, ժամանակն ու կարողութիւնը ներդրած էր՝ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայելու նուիրական նպատակին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2026