ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Տ.Տ. Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը, որ իր հրաւէրով կ՚այցելէ Հայաստան։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդիսացաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ դաւանակից եկեղեցիներու ընդհանրական հայրապետներու նուիրական ժամադրավայրը։

Վեհափառ Հայրապետը միջեկեղեցական արարողակարգի բոլոր պատշաճութիւններով, ամենաբարձր մակարդակի վրայ կազմակերպուած արարողութեամբ դիմաւորեց իր հոգեւոր եղբայրը՝ մինչ Միածնաէջ Մայր Տաճարի զանգերու ուրախ ղօղանջը կը պայմանաւորէր մայրավանքի մթնոլորտը։ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը Վեհափառ Հայրապետն ու Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ առաջնորդեց Միածնաէջ Մայր Տաճար, ուր անոնք խոնարհեցան Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ։

Միասնական աղօթքէ յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց իր հոգեւոր եղբայրը, որուն յղեց բարեմաղթանքներ։

Իր կարգին, Եփրեմ Բ. Պատրիարքը գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ կամքով Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելելու առթիւ։ Ան աղօթք վերառաքեց Հայոց Եկեղեցւոյ պայծառութեան, հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման համար։

«Հրաշափառ»ի արարողութենէն վերջ, երկու հայրապետները առաջնորդուեցան վեհարան, ուր տեղի ունեցաւ իրենց առանձնազրոյցը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2026