Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ, Տ. Արամ արք. Աթէշեան արարողութիւններու նախագահեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, որու սրբազան կամարներուն ներքեւ հերթական անգամ համախմբուեցան հոծ թիւով ուխտաւորներ:
Ս. Զատկի տօնին յաջորդած արարողութիւնն էր այս մէկը, որ զուգադիպեցաւ Աշխարհամատրան կիրակիին: Նորին Սրբազնութեան հանդիսապետութեամբ, այս տարի եւս Ս. Զատկի շրջանին Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ պատմական սրբավայրի երդիքին տակ: Պատարագիչն էր Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Արարողութեան ընթացքին Տ. Արամ արք. Աթէշեան խօսեցաւ քարոզ մը: Երգեցողութիւնները գլխաւորեց՝ Ղազար Սապունճու:
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու յաջորդեց տնօրհնէք:
Ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք եւ գործակից ընկերները ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին ներկայ ուխտաւորներուն, հաւատացեալներուն նկատմամբ, որոնց հետ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց նաեւ Նորին Սրբազնութիւնը:
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, այցելութիւն մըն ալ տրուեցաւ տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր Տ. Արամ արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:
Ի լրումն այս բոլորին, ուրախառիթ էր, որ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ մէջ:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջը յատկանշական էր նաեւ՝ երախտագիտական տուրքի մը մատուցման տեսակէտէ: Արդարեւ, Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ համալիրէն ներս սենեակ մը վերանուանուեցաւ լուսահոգի գրող Մկրտիչ Մարկոսեանի անունով: Մկրտիչ Մարկոսեան, որ Տիարպաքըրի մէջ ծնած էր եւ իր գրականութեան վրայ ծննդավայրի ապրումներու դրոշմը եղած էր անպակաս, արդէն քաղաքի հայութեան խորհրդանշական անուններէն մին դարձած էր տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ: Ուրախառիթ է, որ այժմ իր յիշատակը պիտի ապրի՝ քաղաքի պատմական եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։