ԳԱՐԹԱԼԻ ԽՆԴՐԱԿԱՏԱՐ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԱՒԵՏԻՍԸ

Շաբաթավերջին, Ս. Յարութեան աւետիսը արձագանգեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ: Հեռաւոր այս եկեղեցւոյ զանգերը հերթական անգամ ղօղանջեցին՝ հոգեւոր ուրախութիւն եւ հրճուանք առթելով ուխտաւորներու, որոնք փութացած էին մասնակցելու Ս. Պատարագին: Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցին պոլսահայ հաւատացեալներու տեսակէտէ այնքան սրտամօտիկ ուխտավայր մըն է եւ հաւատացեալները միշտ զգայնութիւն կը ցուցաբերեն, որպէսզի անոր կանթեղը մնայ վառ: 

Ս. Զատկի շրջանին պատարագեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ: Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ կատարուեցան երգեցողութիւնները՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնարութեամբ Արտէն Գարիպեանի: 

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ, որու յաջորդեց տնօրհնէք: 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Գարթալի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղան մը սարքեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն համար: Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան օրհնեց սեղանը, որու շուրջ համախմբուածները ջերմ եւ անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2026