ՍՈՒՐԲ ՔԱՂԱՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՅՍՏԱԿ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ, Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայոց Պատրիարքութեան եւ հրատապ միջամտութեան կոչ ուղղեցին։
Ծանօթ է, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը այս շրջանին մէկ կողմէ կը պայքարի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի սեփականութեան իրաւունքի վերահաստատման համար, իսկ միւս կողմէ կը դիմադրէ քաղաքապետութեան, որ կը ձգտի Սուրբ Աթոռի գոյքի առգրաւման։ Արդարեւ, դարերու նախընթացները խախտելով՝ Երուսաղէմի քաղաքապետարանը սկսած է կալուածատուրք պահանջել հայոց Սուրբ Աթոռէն։ Այս կապակցութեամբ ընթացքի մէջ է դատավարութիւն մը, որու արդար ու անաչառ ընթացքի մասին դժուար է խօսիլ։ Անցեալի մէջ ալ թէ՛ հայոց եւ թէ այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու պարագային ծագած են նման խնդիրներ, բայց, երբեք կալուածատուրք չէ գանձուած քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոններէն։ Ըստ էութեան, Սուրբ Քաղաքի քրիստոնէական հոգեւոր կեդրոնները այս հարցի լուծման համար կ՚ապաւինին Իսրայէլի իշխանութիւններուն, այսինքն Պենիամին Նեթանիյահուի կառավարութեան, նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան միջամտութեան։ Սուրբ Քաղաքի հոգեւոր առաջնորդները շեշտած են նաեւ, որ միայն այս ձեւով Հայոց Պատրիարքարանի եւ մնացեալ բոլոր քրիստոնէական հաւաքականութիւններու իրաւունքները կրնան պաշտպանուիլ պատշաճօրէն։
Անցեալ սեպտեմբերի 22-ին եւ փետրուարի 19-ին ալ հրապարակուած էին նման զօրակցութեան համատեղ յայտարարութիւններ։ Այս վերջինն ալ կու գայ համալրել այդ շարքը եւ հերթական անգամ կը շեշտուի կառավարութեան հետ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, մատնանշուած է, որ Հայոց Պատրիարքարանէն պահանջուած կալուածատուրքը (առնոնա) չունի հիմնաւորում, չափազանցուած մակարդակով ալ կասկածայարոյց է իրաւական ու բարոյագիտական առումով։ Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Աւետարանէն մէջբերումով, թէ արդարութիւնը թող հոսի ջուրերու նման եւ ուղիղ ընթացքը նմանի գետի մը, որ շարունակ կը հոսի։
Հարկ է նշել, թէ ներկայ շաբթուան սկիզբին՝ երկուշաբթի, սեպտեմբերի 29-ին այս հարցին շուրջ նախատեսուած էր դատավարութիւն մը։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները այս կապակցութեամբ տակաւին որեւէ պաշտօնական հրապարակում չեն ըրած։