ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի աւարտական դասարանի սաները։ Վեհափառ Հայրապետը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընդունեց ամերիկահայ երիտասարդները՝ ընդգծելով, որ այս դպրոցի սաներու աւանդական դարձած այցելութիւնները կ՚ընձեռեն լաւագոյն հնարաւորութիւնը՝ հաղորդ դառնալու երկրի կեանքին, հոգեւոր ժառանգութեան ու սրբութիւններուն։ Ան վստահեցուց, թէ նման այցելութիւնները անջնջելի հետք կը թողուն պատանիներու յիշողութեան մէջ՝ զօրացնելով ազգային ոգին ու գիտակցութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս պատգամեց ջանասիրութեամբ շարունակել ուսումնառութիւնը, հասակ առնել իբրեւ ազգի արժանաւոր զաւակներ՝ ամուր պահելով կապը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի հետ։ Նորին Սրբութիւնը մեծապէս կարեւորեց սփիւռքի համայնքներէն ներս ազգային ինքնութիւնը կենսունակ պահելու առաքելութիւնը՝ այս ամբողջին մէջ առանձնացնելով հայեցի կրթութեան ապահովումն ու եկեղեցասէր սերունդներու դաստիարակութիւնը։

Ուրբաթ, Մայիս 2, 2025