ԽՆԱՄԵԼ ԾԵՐԵՐՆ ՈՒ ՀԻՒԱՆԴՆԵՐԸ
Ներկայ ընկերութեան մէջ օր օրի կը խորանայ վիհը ծնողներուն եւ զաւակներուն միջեւ: Այսօրուան եսապաշտութեան զոհ գացած կամ ինքնաբերաբար այդ պաշտամուին յանձնուած զաւակները ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի անկախանան իրենց ծնողներէն, պարտաւորութիւն չունենան անոնց նկատմամբ: Երբեմն ալ, երբ ոմանց խիղճը կը շարժի, իրենց ծնողները հիւանդ ըլլան կամ առողջ, կը տանին եւ ծերանոցին կը յանձնեն, այդպիսով իրենց խիղճին դիմաց «արդար» ըլլալու համար:
Առիթով մը եթէ այցելէք որեւէ մէկ ծերանոց եւ այդ այցելութիւնը դուռ բանայ ձեզի յաճախակի այցելութիւններ կատարելու, ապա այնպիսի պատմութիւններ պիտի լսէք, ապերախտութեան եւ անզգամութեան այնպիսի օրինակներու պիտի հանդիպիք, որ մարդկային միտքը շատ յաճախ չի՛ կրնար ընկալել ու հասկնալ:
Ներկայիս զաւակները պատրաստ են հազար եւ մէկ պատճառաբանութիւններ յառաջ բերելու, իրենք զիրենք ազատ սեպելու համար իրենց ծնողները խնամելու որդիական պարտաւորութենէն: Անոնց գլխաւոր պատճառաբանութիւններէն մէկը այն է, որ ո՛չ մէկ բան կը հաւնին, ամէն ինչի համար կը բարկանան, միշտ կը պահանջեն, եւ այլն: Ճի՛շդ են ըսուածները, քանի որ մարդ ինչքան մեծնայ, այդքան դժուարահաճ կը դառնայ ու պահանջկոտ, ինչպէս մանուկը: Այդ զաւակները կը մոռնան, սակայն, որ իրենց փոքր եղած ժամանակ, իրենց նոյն այդ ծնողները համբերութեամբ եւ ամենէն էականը մեծ սիրով համբերած են իրենց բոլոր քմահաճոյքներուն, պահանջներուն, եւ այլն: Եւ հիմա ձեւով մը կեանքին պարտադրած բնական օրէնքին համաձայն, իրենց կարգն է խնամելու եւ գուրգուրալու իրենց ծնողներուն:
Պօղոս Ադրիանապոլսեցի պատրիարքը կը գրէ. «Բարկութիւնը յաճախ ծերերուն ու հիւանդներուն մօտ կը նշմարուի, որոնք յաճախ ընտանիքի անդամներուն կատարած ծառայութիւններէն կը տրտնջան։ Սակայն, Աստուծմէ նուազ վարձք չեն ստանար անոնք՝ որոնք համբերութեամբ կը խնամեն ծերն ու հիւանդը, որովհետեւ խնամուողները մանուկներ կը համարուին, որոնք տկարամիտ են եւ ի վիճակի չեն ճանչնալու մարդուն կատարած երախտիքները ու գոհանալու անոնցմով»:
Ծնողներուն խնամելը թէեւ իւրաքանչիւր զաւակի պարտաւորութիւնն է եւ առանց վարձատրութիւն ընկալելու պիտի ըլլայ, սակայն, խորքին մէջ ծնողներուն խնամելը մե՜ծ օրհնութեան դուռ է իւրաքանչիւր զաւակի համար, օրհնութիւն, որ մարդուն կեանքը կը զարդարէ ու կը պայծառակերպէ:
Մեր եսապաշտութեան պատճառով մենք մեզ չզրկենք այդ օրհնութենէն եւ անկէ բխած բիւր բիւրաւոր բարիքներէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ