Շաբաթ 26, Ապրիլ 2025
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀՈՒՆԳԱՐԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հունգարիոյ Եկեղեցիներու Էքիւմենիք խորհուրդի պատուիրակութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան երկու ժողովուրդներու պատմական կապերը։ Հիւր պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր յիշեալ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար վերապատուելի Վիլմոշ Ֆիշըլ։ Վեհափառ Հայրապետը հիւրերուն հետ արծարծեց՝ քրիստոնէական ընդհանուր արժէհամակարգով երկու ժողովուրդներու համագործակցութեան ամրապնդման հարցերը։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու փրկութեան վերաբերեալ հարցերուն։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2025