ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եւ Երեւանի եւ Հայաստանի թեմի կառավարիչ մետրոպոլիտ Աքսիյը, որ միեւնոյն ժամանակ Փոտովսքիի եւ Լիւպերեցքի առաջնորդն է։
Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանէ ներս ռուս ուղղափառ հաւատացեալներու համայնքային կեանքի կազմակերպման եւ անոնց հոգեւոր-հովուական խնամքին վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած եղբայրական յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան։
Կողմերը կարեւորեցին միջեկեղեցական կապերու եւ հովուական ոլորտէ ներս համագործակցութեան շարունակական զարգացման՝ ի նպաստ երկու եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման եւ ժողովուրդներու հոգեւոր կեանքի զօրացման։
Զրոյցի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքը փոխանցեց Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քիրիլ պատրիարքին։