ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀԵՑՈՔ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԵՐԿՐԻԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ՝ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՌԹԻՒ

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոք նախընթաց օր տարեմուտի առթիւ հիւրընկալեց Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։

Նախագահ Իսհաք Հերցոք քրիստոնեայ աշխարհի Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեց՝ իր հիւրընկալած հոգեւոր առաջնորդներու անձերուն մէջ ներկայացուած հաւատացեալներուն։ 

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան անունով այս հաւաքոյթին մասնակցեցաւ Սուրբ Աթոռի կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Պաղտասարեան։ Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որ վերածուեցաւ հաւատի, յոյսի ու միութեան տօնախմբութեան մը։ 

Նախագահ Հերցոք շեշտեց, որ քրիստոնեաները Իսրայէլի անբաժան մասը կը հանդիսանան եւ պետութիւնը պիտի շարունակէ Սուրբ Երկրի բոլոր կրօնները եւ հաւաքականութիւնները պաշտպանել՝ պաշտամունքի ազատութեամբ եւ սրբավայրերով հանդերձ։ Ան շեշտեց, որ հազարաւոր տարիներու վկայութիւն մը խնդրոյ առարկայ է Ս. Երկրի պարագային՝ հաւատի, աղօթքի եւ հոգեւոր ներշնչանքի առումով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 14, 2026