ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «AGBU Magazin» պաշտօնաթերթը վերջին թիւին մէջ մանրամասն տեղ տուած է Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան քսանհինգ տարիներու վերաբերեալ ամփոփման մը՝ մանրակրկիտ բացատրելով ձեռքբերումները։ Այս յօդուածը բացառիկ նշանակութիւն ունի ներկայիս, երբ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները տխուր շարժում մը կը հրահրեն՝ Վեհափառ Հայրապետը գահընկէց ընելու համար։ Այսօրուընէ սկսեալ կ՚արտատպենք սոյն նիւթը։

*

Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Վեհափառը կը ղեկավարէ Հայ Եկեղեցին 1999 թուականի հոկտեմբերէն ի վեր՝ որպէս Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց 132-րդ Կաթողիկոս, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամեանբարձրաստիճան պաշտօնատարը։ Աւելի քան քսանհինգ տարի ան առաջնորդած է Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռը՝ անցնելով վերականգնման, բարեփոխումներու եւ նոր ժամանակներու ալեկոծ յորձանուտներու ընդմէջէն։ Իր այս ջանքերուն համար Նորին Սրբութիւնը արժանացած է ո՛չ միայն աշխարհի հայ հաւատացեալներու, այլ նաեւ սփիւռքի եւ Հայաստանի բազմաթիւ բարերարներու, նուիրատուներու եւ գործընկեր կազմակերպութիւններու վստահութեանը։ Այս հանգամանքը յանգեցուցած է շարք մը մեծ նուաճումներու, համեմատաբար կարճ ժամանակահատուածի մէջ։

1951 թուականի օգոստոսի 21-ին, Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Ոսկեհատ գիւղին մէջ ծնած, աւազանի անունով՝ Կտրիճ Գրիգորի Ներսիսեան հասակ առած է հոգեւոր միջավայրի մէջ, որ կազմաւորած է իր նուիրումը Եկեղեցւոյ հանդէպ։ Ընդամէնը տասնչորս տարեկանին ան մուտք գործած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, որ սկսած է իր ճանապարհը կերտել դէպի քահանայութիւն։

•շար. 1

Երկուշաբթի, Յունուար 12, 2026