ՅՈՅՍԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈԻԹԻՒՆԸ
Քրիստոնեայ հաւատացեալը կոչուած է յոյսով ապրելու: Յոյս, որ կատարեալ վստահութիւն ունի Աստուծոյ նկատմամբ, չ՚երկմտիր հաւատքի եւ Աստուծոյ վերաբերեալ հարցերուն նկատմամբ, միշտ զօրաւոր է՝ հակառակ դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն:
Յոյսը մարդուն տրուած այն զօրաւոր զէնքն է, որով մարդ ի վիճակի կ՚ըլլայ պանդխտութեան իր տարիները դիւրութեամբ անցընելու, որովհետեւ ան որ կը յուսայ, Աստուած զինք ամօթով չի՛ ձգեր՝ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Պօղոս առաքեալ. «Յոյսը երբեք չի՛ ամչցներ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը սփռուած է մեր սիրտերուն մէջ Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ տրուեցաւ մեզի» (Հռ 5.5): Հետեւաբար, ան որ յոյս ունի, կը յուսայ, այդպիսին խորքին մէջ զԱստուած ունի իր մէջ, Աստուծոյ սէրը ունի իր մէջ, որ ամէն ինչի կարող է:
Դաւիթ մարգարէն կը գրէ. «Արդ, ո՜վ իմ հոգի, ինչո՞ւ տրտում ես, կամ ինչո՞ւ կը խռովեցնես զիս. յոյսդ դի՛ր Աստուծոյ վրայ, օրհներգէ՛ զԻնք, իմ անձս փրկողը Աստուած է» (Սղ 41.12): Տրտմող եւ խռովութեան մէջ ինկող մարդը, ինքզինք կը կորսնցնէ, կը կորսնցնէ նաեւ իր յոյսը, որով կորուստի կը մատնէ ինքզինք, այն ինչ եթէ առանց տրտմելու եւ խռովելու Աստուծոյ նայի, իր յոյսը Աստուծոյ վրայ դնէ, ապա սաղմոսագիրին խօսքերով Աստուծմէ փրկութիւն կը գտնէ:
Յոյն եկեղեցւոյ սուրբերէն Պորֆիրիոս Տեսանող կը գրէ. «Հաւատացեալը չի՛ յուսահատիր…: Եկեղեցին յուսահատութիւն չի՛ գիտեր, ինչ ալ ըլլան պայմանները: Մարդ արարածը թերեւս ցաւալի պարագաներէ կ՚անցնի, որոնք կը ծանրանան իր վրայ, սակայն չի՛ յուսահատիր: Խոստովանէ՛ մեղքերդ եւ Տէրը կարողութիւն ունի քեզ վերցնելու»: Այո՛, հաւատացեալը պէտք չէ յուսահատի, ընդհակառակը ինք դէպի յոյս առաջնոդող փարոս պէտք է ըլլայ իր շուրջիններուն համար: Եկեղեցին է, որ կը դաստիարակէ ու կը զինէ հաւատացեալին հաւատքով, յոյսով ու սիրով, որպէսզի ինչ դժուարութիւններէ ալ անցնի իր յոյսը չկորսնցնէ, չտկարանայ, ընդհակառակը, միշտ զօրաւոր մնայ եւ միշտ դէպի Աստուած նայի: Բնական է, երբեմն մարդ կրնայ սայթաքիլ, այդ պարագային՝ ինչպէս Պորֆիրիոս Տեսանող կ՚ըսէ՝ մեղքերու խոստովանութիւնը կու գայ օգնելու մարդուն, որպէսզի Տիրոջ օգնութեամբ կանգնի եւ շարունակէ իր պայքարը դէպի յաւիտենական հանգիստ:
Զինուինք յոյսով եւ մեզմէ հեռո՛ւ վանենք յուսահատութիւնը, վստահ ըլլալով, որ լաւ բաները տակաւին առջեւն են եւ մենք պէտք է արժանի ըլլանք հասնելու եւ ժառանգելու համար այդ բոլոր լաւութիւններն ու օրհնութիւնները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ