ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Երուսաղէմի փոխ-քաղաքապետ Աթիր Շվարթց երէկ այցելեց Հայոց Պատրիարքարան։ Նկատի ունենալով, որ քաղաքապետարանը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն վիճելի ու խտրական ձեւով կալուածատուրքեր կը պահանջէ եւ կուտակուած գումարները բռնագանձելու հետամուտ է՝ տարակարծութիւններու եւ լուրջ անհանգստութիւններու շրջան մը սկսած է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ փոխ-քաղաքապետի երէկուան այցելութիւնը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Ան հիւրընկալուեցաւ Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեանի կողմէ։ Շվարթսին ընկերացաւ Եաիր Տանի։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան քրիստոնէական հաստատութիւններու կամ քրիստոնեայ հոգեւորականներու վրայ հրեայ ծայրայեղականներու թքելու տհաճ երեւոյթը։ Հին քաղաքէն ներս սա թէեւ նորութիւն մը չէ, բայց, վերջին տարիներուն առաւել թափ ստացած է՝ մասնաւորապէս խաղաղ ու հանգիստ հայկական թաղամասի սրտի գլխաւոր փողոցին վրայ։
Փոխ-քաղաքապետ Շվարթց սեփական աչքով ականատես դարձած է նման երեւոյթի մը, երբ Պատրիարքարանին առջեւ վանքի մուտքին ժամանդրուած էր դիւանապետին հետ։ «Երիտասարդ մը վանքի դրան առջեւէն անցնելու ատեն ցուցադրական ձեւով երկու անգամ թքեց։ Իմ աչքերով տեսայ այդ վիրաւորանքը, որուն ենթարկուեցաւ ներս մտնող հոգեւորականներէն մին։ Սա ամօթալի է, չեմ կրնար հաւատալ, թէ այդ գործողութիւնը կատարուեցաւ հրէութեան անունով, որովհետեւ սա ո՛չ միայն հրէութեան հետ կապ չունի, այլեւ որեւէ առընչութիւն չունի Իսրայէլի հետ», ըսած է փոխ-քաղաքապետը։
Արժեւորելով իր պաշտօնը Շվարթց նշած է, որ երկիրը ղեկավարելը նաեւ բարոյական պատասխանատուութիւն մըն է, ինչ որ հանդուրժողական ու յարգալից վերաբերմունք կ՚ենթադրէ ոչ-հրեաներու նկատմամբ։ Ան համոզուած է, թէ պէտք է պայքարիլ այն արատաւոր երեւոյթներուն դէմ, որոնք չեն արտացոլեր կրօնական արժէքները եւ Երուսաղէմի ոգին։
Հանդիպման աւարտին փոխ-քաղաքապետը յոյս յայտնած է, թէ վերջին տարիներուն որոշ յաջողութիւններ արձանագրուած են նման երեւոյթներու նուազեցման համար։ Ան նշած է, որ պիտի շարունակեն աւելիով ընել իրենց կարելին՝ արժէքային կրթութեամբ, վերահսկողութեամբ եւ անձնական օրինակներով դրական միտումը շարունակելու համար։
*
Երուսաղէմի Պատրիարքարանէն հրապարակուած վերոյիշեալ հաղորդագրութիւնը, անխուսափելիօրէն դուռ կը բանայ հետեւեալ երկու հարցման.
1- Երուսաղէմի փոխ-քաղաքապետը Իսրայէլի շարքային քաղաքացի մը չէ։ Ուստի, սկզբունքային ամբողջ դրական վերաբերմունքով հանդերձ, ինչո՞ւ իր իսկ ականատես եղած դէպքին կապակցութեամբ գործնական որեւէ քայլ չէ առած՝ մասնաւորապէս իրաւապահ մարմինները շարժման չէ անցուցած։
2- Փոխ-քաղաքապետը Հայոց Պատրիարքարանի մուտքին պատահաբար ականատես եղած է այդ դէպքին եւ հաղորդագրութիւնը կը բովանդակէ միայն այդ պատահական դէպքի արձագանգը։ Հապա եթէ այդ պատահականութիւնը չըլլար, ապա այդ շփումը ի՞նչ օրակարգով նախատեսուած էր։