ՄԵԾԱԾԱՒԱԼ ԾՐԱԳԻՐ
Երուսաղէմի մէջ ընթացքի մէջ է Սուրբ Յարութեան տաճարի վերականգնման եւ հնագիտական հետազօտութիւններու մեծածաւալ ծրագիրը։ Սա համաքրիստոնէական ուշադրութեան առարկայ նախաձեռնութիւն մըն է, որու շրջանակներէն ներս, երէկ, կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Սուրբ Քաղաքէն ներս։ Այսպէս, Երուսաղէմի Սան Սալվաթորէ համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որ նուիրուած էր Սուրբ Յարութեան տաճարէն ներս ձեռնարկուած վերականգնման աշխատանքներուն եւ հնագիտական հետազօտութիւններուն։
Այս հանդիպման մասնակցեցան Սուրբ Յարութեան տաճարի իրաւատէր երեք համայնքներու ներկայացուցիչները՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն Տ. Կորիւն եպսկ. Պաղտասարեան, Երուսաղէմի Յոյն Ուղղափառ Թէոֆիլոս Գ. Պատրիարքը եւ Սուրբ Երկրի քուստոս հայր Ֆրանչեսքօ Իէլպօ։ Ներկայ էին նաեւ Սուրբ Յարութեան տաճարի տեսուչ Տ. Ղեւոնդ ծայրագոյն վարդապետ Յովհաննիսեան, Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան վրդ. Գոգճեան, ինչպէս նաեւ պապական նուիրակութեան քարտուղար մոնս. Նիքոլա տի Փոնցիօ։ Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցան Սուրբ Յարութեան տաճարի վերականգնման եւ հնագիտական ուսումնասիրութիւններու ընթացքը, կատարուած աշխատանքները, ապահովուած արդիւնքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները։
Իր խօսքին մէջ հայր Ֆրանչեսքօ Իէլպօ ընդգծեց, որ Սուրբ Յարութեան տաճարը քրիստոնեայ աշխարհի ամենակարեւոր եւ, նոյնաժամանակ, ամենասուրբ վայրերէն մին է։ Ան շեշտեց իրաւատէր երեք համայնքներուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ աշխատանքները կ՚իրականացուին փոխադարձ վստահութեան, երկխօսութեան եւ համագործակցութեան ոգիով։ Ֆրանսիսքեան հոգեւորականը ընդգծեց, որ ձեռնարկուած ծրագիրը կը միաւորէ երեք հիմնական ուղղութիւններ՝ պահպանութիւն, հետազօտութիւն եւ վկայութիւն։
Հանդիպման ընթացքին յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանին հետ հաստատուած համագործակցութեան։ Արդարեւ, սա առանցքային դեր ունի ծրագրի գիտական եւ հնագիտական աշխատանքներուն մէջ։ Ըստ հայր Իէլպոյի՝ այս փորձառութիւնը կը վկայէ, թէ գիտական հետազօտութիւնն ու սրբավայրի պահպանութիւնը կրնան ներդաշնակօրէն յառաջ տարուիլ, երբ հիմնուած են վստահութեան, երկխօսութեան եւ ընդհանուր պատասխանատուութեան վրայ։
Գիտական եւ եկեղեցական կառոյցներու միջեւ այս համագործակցութիւնը շեշտուեցաւ նաեւ «Լա Սափիենցա» համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. Անթոնելլա Փոլիմենիի ներկայութեամբ։ Գնահատանքով ընդգծուեցաւ նաեւ փրոֆ. Ֆրանչեսքօ Ռոմանա Սթասոլլայի եւ անոր հնագէտներու ու գիտաշխատողներու խումբին հետազօտական աշխատանքը, որ էական նշանակութիւն ունի ծրագրի գիտական յաջողութեան տեսակէտէ։
Հնագիտական հետազօտութիւնները կը շարունակուին յայտնաբերուած գտածոներու եւ հաւաքուած տուեալներու ուսումնասիրութեամբ։ Գիտնականները կը վերակազմեն Սուրբ Յարութեան տաճարի տարածքին պատմական զարգացման տարբեր հանգրուանները՝ սկսելով հնագոյն քարահանքէն, անցնելով երկրորդ տաճարի եւ հռոմէական ժամանակաշրջաններէն, մինչեւ քրիստոնէական տաճարի հիմնադրութիւնն ու յետագայ պատմութիւնը։
Երէկուան ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ վերականգնման աշխատանքները, որոնք կը շարունակուին զուգահեռաբար։ Հնագիտական հետազօտութիւններու առաջին արդիւնքները արդէն ամփոփուած են գիտական հատորի մը մէջ։
Սուրբ Յարութեան տաճարէն ներս ձեռնարկուած այս մեծածաւալ ծրագիրը ո՛չ միայն գիտական եւ վերականգնման կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է, այլեւ Սուրբ Յարութեան տաճարի իրաւատէր երեք համայնքներուն եւ գիտական շրջանակներուն միջեւ գործակցութեան կենդանի վկայութիւն մը։
Սուրբ Յարութեան տաճարի առանձնայատկութիւնը կը նկատուի նաեւ այն իրողութեան մէջ, թէ ան պարզապէս հնագիտական յուշարձան մը չէ, այլ կենդանի սրբավայր մը՝ քրիստոնէական հաւատքի եւ վկայութեան կեդրոն մը, ուր աշխարհի բոլոր կողմերէն ուխտաւորներ կը ժամանեն եւ շարունակաբար կը կատարուին Տէր Յիսուսի կեանքի դրուագներուն վերաբերեալ սրբազան արարողութիւններ։