ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան շաբաթավերջին (յունիսի 7-ին) այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր առանձնազրոյց մը ունեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։ Զրոյցի ընթացքին Լեւոն Տէր-Պետրոսեան Վեհափառ Հայրապետին յայտնեց իր լիակատար աջակցութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, խստիւ դատապարտելով հայոց 1700-ամեայ եկեղեցւոյ դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հակասահմանադրական ոտնձգութիւնը։

Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները արդէն հունէ դուրս եկած են վերջին շուրջ երկու շաբթուան ընթացքին, ինչ որ կը բնորոշէ հայաշխարհի հրատապ օրակարգը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պնդած է, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հաւատարիմ չէ մնացած կուսակրօնութեան ուխտին, ուստի, պէտք է ազատուի վեհարանը։ Ընկերային ցանցերու վրայ գրառումներով կ՚ընթանայ Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ սանձազարծուած արշաւը, որու շրջանակներէն ներս վարչապետը այս առաւօտ հերթական քայլը առաւ՝ նախաձեռնելով նոր կաթողիկոսի ընտրութեան համար համակարգման խորհուրդ մը ստեղծելու աշխատանքին։ 

Եկեղեցական շրջանակներն ալ բուռն ձեւով կը հակադրեն Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ առնուած քայլերուն։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը ծայր աստիճան անարգական ոճով արձագանգած են նաեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին տրուած զօրակցական այցելութեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025