ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ

Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալի (Կլայեցի) 64 տարեկան էր, երբ Կաթողիկոս դարձաւ. (1166-1173 թթ.) թէեւ մարմնով տկար՝ բայց ան հոգւով եւ եռանդով կառավարեց Հայ Եկեղեցին, ինչպէս երբեմն իբրեւ խորհրդական եւ գործակից իր եղբօրը՝ Գրիգոր Գ. Պահլաւունի Կաթողիկոսի (1113-1166 թթ.)։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի շատ անգամ կոչուած է նաեւ՝ «Երգեցող»՝ բազմաթիւ շարականներու, ներդաշնակ մեղեդիներու, հեշտալուր երգերու եւ հոգեպարար տաղերու հեղինակութեամբ։

Իր ժամանակի դառնութիւնը եւ Հայրապետական Աթոռի վիճակը ան սապէս կը պատկերացնէ.

«Շրջել ամէն կողմ, եւ Աստուծոյ Խօսքը քարոզել… անկարելի է ժամանակիս չարութեան եւ բազմիշխանութեան պատճառով. չկայ մեր մէջ բազմաժողով թագաւորական քաղաք մը՝ որ Հայրապետական Աթոռը այնտեղ հաստատելով մեր ժողովուրդին ուսուցանէինք. այլ այծեամի նման շուներէ եւ որսորդներէ փախած՝ այս քարանձաւը ապաւինած ենք՝ զուրկ ամէն տեսակ մարմնական պէտքերէն… մեր ազգը ցրուած է ամէն տեղ օտար ազգերու մէջ, Հայրապետական Աթոռս տարուբեր՝ անպատշաճ տեղեր, եւ օտար ազգերու բռնութեան եւ երկիւղի տակ, իսկ մեր ազգի կողմէ՝ անօգնական եւ աննուէր. հնար չկայ համարձակ շրջել եւ ուսուցանել»։

Բայց այն՝ ինչ որ անձամբ կարող չէր կատարել, Շնորհալի կ՚աշխատի գէթ գրով կատարել.

«Եւ մենք, այս տօթագին քարանձաւի մէջ (Հռոմկլայ) արգելուած գրաւոր կերպով ձեզ հետ կը խօսինք»։

Շնորհալիի այս նամակներու ժողովածուն, որով ան ամբողջ Հայ ժողովուրդի հետ կը խօսի, կը կոչուի. «Թուղթ ընդհանրական առ համօրէն հայասեռ ազինս», որ շատ անգամ ապագրուած է։

Նամակը ուղղուած է Հայ ժողովուրդի բոլոր դասակարգերուն՝ վանականներուն, առաջնորդներուն, քահանաներուն, իշխաններուն, զինուորներուն, քաղաքացիներուն, գիւղացիներուն եւ կիներուն, որոնց կու տայ բարոյական պատշաճ խրատներ՝ շեշտելով այն թերութիւնները, որոնք անոնց մէջ նկատած է։

Ահա, երբ այսպէս Շնորհալին Հայ ժողովուրդի հոգեւոր վերաշինութեան հարցով զբաղուած էր՝ Ծիրանածին Մանուէլի կողմէ Սմբատ իշխանը վերոյիշեալ նամակը բերաւ (1166-1167 թթ.), որով կայսրը կը խնդրէր Գրիգոր Պահլաւունիէն՝ Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներու միութեան գլխաւորութեան համար իր Ներսէս եղբայրը Պոլիս ուղարկել։

Ընդունելով կայսեր նամակը՝ Շնորհալին պատասխանեց, թէ՝ կը ցաւի, որ այդպիսի «բարի գործ»ի համար, որ է եկեղեցիներու միութիւնը, կարելի չէ Հայրապետական Աթոռը անհաւատներու մէջ թողուլ եւ գալ։ Իր խնդութիւնը յայտնելով եկեղեցիներու ըլլալիք միութեան առթիւ, որով երկու ազգերու միջեւ եղած ատելութիւնը պիտի վերանայ, եւ դրուատելով կայսեր ջանքերը այդ մասին՝ Ներսէսը միութեան յաջողութեան համար հետեւեալ պայմանները առաջարկեց։

ա.- որ այդ խնդրի համար կայսրը անձամբ Արեւելք գայ,

բ.- որ վիճաբանութեան ժամանակ խոնարհ, հեզ եւ քաղցր ըլլայ,

գ.- որ պատուիրէ Յոյն եկեղեցականներուն եւ ժողովուրդին՝ չատել, չհայհոյել Հայ նժդեհ՝ պանդուխտ եւ վտարանդի օտարական ժողովուրդին,

դ.- որ դէմառդէմ խօսակցութիւնը չըլլայ տիրաբար եւ ծառայաբար, այլ իբրեւ հաւասար հաւասարի հետ,

ե.- որ վիճաբանութեան հիմք միմիայն Ս. Գիրքը եւ Ս. Հայրերու գրուածները ընդունուիլ, որոնց համեմատութեամբ նկատուած որեւէ դաւանական եւ ծիսական թերութիւն երկու եկեղեցիներէն որուն մէջ եւ ըլլայ, իսկոյն վերցուի։

Այս պայմանները դնելէն յետոյ՝ Շնորհալին ընդարձակօրէն կրկին կը ներկայացնէ Հայոց Եկեղեցիի դաւանութիւնը եւ աւանդութիւնները եւ նոյն Սմբատ պատգամաւորի ձեռքով կայսեր կ՚ուղարկէ։

Շնորհալիի այս նամակին, կայսրը երկու տարիէն միայն պատասխանեց (մայիս, 1170). այս ժամանակներուն (1167 թուականի վերջերը) ան զբաղուած էր Արեւմտեան քաղաքական գործերով եւ այն ժողովով, որ գումարուեցաւ Արեւելեան եւ Արեւմտեան եկեղեցիներու միութեան համար, եւ միութիւնը գլուխ չեկաւ՝ գլխաւորապէս յոյներու Միքայէլ Անխիալոս Պատրիարքի եւ հոգեւորականութեան ցոյց տուած հակառակութեան պատճառով։

Արեւմուտքի մէջ չիրականանալով, կայսրը աշխատեցաւ գէթ նոյնը իրագործել Արեւելքի մէջ եւ 1170 թուականին նամակ գրեց Շնորհալիին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 9, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 10, 2025