ՄԱՐԴՆ ՈՒ ՃԱՄԲԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն․ Տ․ Սահակ Ս․ արք․ Մաշալեանի բարձր տնօրինութեամբ, Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ, յառաջիկայ օրերուն պիտի մեծարուի Պատրիարքութեան հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամը՝ Տ․ Արամ արք․ Աթէշեան։ 13-15 նոյեմբերի շաբաթավերջին, Նորին Սրբազնութեան ի պատիւ նախատեսուած են մեծարանքի կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ։ Նոյն ծիրէն ներս Տ․ Արամ արք․ Աթէշեան պիտի պարգեւատրուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նորահաստատ «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» առաջին կարգի շքանշանով, զոր Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հօր խնդրանքին ընդառաջ շնորհուած է ազգիս Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Մեծարանքի հանդիսութիւններու այս նախաձեռնութիւնը կը կատարուի՝ ի նշանաւորումն Տ․ Արամ արք․ Աթէշեանի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ ոսկեայ յոբելեանին։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ընծայարանը աւարտելէ վերջ, Նորին Սրբազնութիւնը 1976 թուականին քահանայական օծում եւ ձեռնադրութիւն ստացած էր Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ․ Շնորհք արք․ Գալուստեանի կողմէ։ 

Տ․ Արամ արք․ Աթէշեանի ոսկեայ յոբելեանին առթիւ նախատեսուած ձեռնարկներուն պիտի մասնակցին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը պիտի ներկայացնէ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ․ Խաժակ արք․ Պարսամեան, որ հանդիսաւորապէս պիտի յանձնէ Նորին Սրբազնութեան ուղղեալ Հայրապետական սրբատառ կոնդակն ու Վեհափառ Հայրապետին կողմէ շնորհուած «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը։ Հարկ է նշել, որ Տ․ Արամ արք․ Աթէշեան, որ եղած է Նորին Սրբութեան առաջին ձեռնասուններէն մին՝ որպէս եպիսկոպոս, այս նորահաստատ շքանշանով պարգեւատրուած առաջին չորս սրբազաններու շարքին մաս պիտի կազմէ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի ներկայացնէ Տ․ Տաճատ եպսկ․ Աշըգեան, իսկ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը՝ ներկայացուցիչ մը։ 

Պոլսահայ հոգեւորականաց եւ սարկաւագաց դասերու անդամներուն առընթեր, ձեռնարկին հրաւիրուած են համայնքային հաստատութիւններու կամ մարմիններու ատենապետներ, վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներ ու տնօրէններ, դպրաց դաս-երգչախումբերու դպրապետներ ու տնօրէն խորհուրդի ատենապետներ, սանուց միութիւններու կամ հայրենակցական միութիւններու վարիչներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, հասարակական գործիչներ, մեծարեալ Սրբազան Հօր ընտանիքն ու անմիջական շրջանակը եւ այլ հիւրեր։ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն առընթեր, հրաւիրուած են նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տոց. Սեւան Սվաճըօղլու, նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ 

Պատրիարքական Աթոռը Տ․ Արամ․ արք․ Աթէշեանի քահանայական ձեռնադրութեան ոսկեայ յոբելեանի կազմակերպչական աշխատանքներուն համար պաշտօնի կոչած է կարգադիր յանձնախումբ մը՝ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ։ Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հայրը նախագահն է այս յանձնախումբին, որու կազմին մէջ կը գտնուին՝ Տ․ Յարութիւն վրդ․ Տամատեան, Տ․ Յովակիմ վրդ․ Սերովբեան, Տ․ Գրիգոր աւ․ քահանայ Տամատեան, Տ․ Նաթան քահանայ Արապեան եւ Տ․ Շիրվան քահանայ Միւրզեան։ Բացի այս հոգեւորական անդամներէն, յանձնախումբին կ՚անդամակցին՝ Սէրտա Արսլան, Նուարդ Աւետիքօղլու, Լարա Թոքաթլըօղլու, Սելին Կեզէրօղլու, Կարօ Վռամ Պապայեան եւ որպէս հիւրընկալ կառոյցի ներկայացուցիչ՝ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Դաւիթ Տամլա։ Կարգադիր յանձնախումբի աշխատանքները կը համակարգեն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ յայտնի համայնքային գործիչ Արի Չոլաք։ 

Երեք փուլերով նախատեսուած յոբելենական ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի Գումգաբուի մէջ, համայնքային շրջանակներու լայնախարիսխ մասնակցութեամբ՝ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ըստ հետեւեալի․ 

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ (13 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2026, ՈՒՐԲԱԹ) 

Ս․ Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ նախատեսուած ձեռնարկը՝ Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հօր բարձր հովանիին տակ պիտի բնորոշէ եռօրեայ ծրագրին սկիզբը։ Հաւաքոյթի ընթացքին պիտի ներկայացուի՝ յոբելեար Սրբազան Հօր մասին պատրաստուած «Ճամբան ու մարդը» փաստավաւերագրական կարճաժամկէտ ժապաւէնը, որու հեղինակն է՝ Երեւանէն յայտնի մտաւորական Տիգրան Պասկեւիչեան։ Այս յոբելեանին առթիւ պատրաստուած է նաեւ Տ․ Արամ արք․ Աթէշեանին մասին գիրք մը, որ կը բովանդակէ վկայութիւններ, կենսագրական բաժին մը եւ ճոխ ալպոմ մը։ Հրատարակչութեան այս ծրագիրը վերահսկած է Տ․ Յովակիմ վրդ․ Սերովբեան։ Ուրեմն, մշակութային հանդիսութեան ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ այս գիրքը։ 

Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ մեր ասմունքի թագուհին՝ Սիլվա Կոմիկեան հանդէս պիտի գայ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ով եւ երանաշնորհ Տ․Տ․ Վազգէն Ա․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի «Պատգամ»ով։ Պատրիարքական Աթոռի «Արմաշ» դպրաց խումբը ընդլայնուած կազմով «Ազգ փառապանծ»ի կատարումով հանդէս պիտի գայ՝ Էտվին սարկաւագ Կալիպօղլուի մականին ներքեւ։ Պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն անունով ողջոյնի խօսք մը պիտի արտասանէ Տ․ Յովակիմ վրդ․ Սերովբեան։ Հանդիսավարի պաշտօնը պիտի կատարէ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր։ 

Եզրափակիչ փուլին հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի, որպէսզի մեծարեալ Տ․ Արամ արք․ Աթէշեան կարողանայ անմիջական շփում ունենալ ներկաներուն հետ եւ մակագրել իր գիրքերը։ 

Մշակութային հանդիսութեան մասնակցութիւնը դիւրացնելու համար դէպի Գումգաբու մասնաւոր փոխադրամիջոցներ յատկացուած են՝ Ֆէրիգիւղէն, Պաքըրգիւղէն, Եշիլգիւղէն եւ Գատըգիւղէն։ 

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ (14 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2026, ՇԱԲԱԹ)

Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ, Տ․ Արամ արք․ Աթէշեանի ի պատիւ մեծարանքի ընթրիք մը նախատեսուած է Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ։ Բացի Հայց․ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներէն, պաշտօնական երեկոյթին հրաւիրուած են քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։ Սա ծրագրի միակ փուլն է, որու պարագային միջեկեղեցական մասնակցութիւն խնդրոյ առարկայ պիտի ըլլայ։ Երեկոյթի տեւողութեան նուագախումբ մը երաժշտական յայտագիր պիտի գործադրէ։ Յանուն պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն, սեղանակիցներուն խօսք պիտի ուղղէ Պատրիարքական փոխանորդ Տ․ Գրիգոր աւ․ քահանայ Տամատեան։ Յանուն թրքահայ հաստատութիւններուն եւ մարմիններուն, մեծարեալ Սրբազան Հօր յուշանուէր մը պիտի յանձնէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB): Նոյնպէս համայնքային հաստատութիւններուն եւ մարմիններուն անունով, Նորին Սրբազնութեան ոսկեայ յոբելեանը պիտի ողջունէ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։ Քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները պիտի արտասանեն շնորհաւորութեան խօսքեր։ Կարկանդակ մըն ալ պիտի հատուի Նորին Սրբազնութեան քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակին առթիւ։ 

Պաշտօնական երեկոյթի հանդիսավարը պիտի ըլլայ յայտնի հաղորդավար Քարոլին Մամիկոնեան։ 

Այս ընթրիքին մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ սահմանափակ, բացառապէս Պատրիարքական Աթոռի հրաւէրով։ 

ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ (15 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2026, ԿԻՐԱԿԻ) 

Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, Տ․ Արամ արք․ Աթէշեան Գումգաբուի Ս․ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ գոհաբանական Ս․ Պատարագ պիտի մատուցանէ՝ մասնակցութեամբ Հայց․ Առաքելական Ս․ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներուն եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։ Արարողութեան ընթացքին պիտի ընթերցուի Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ կոնդակը եւ պիտի յանձնուի «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը։ Պիտի ընթերցուին նաեւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ Երուսաղէի Հայոց Պատրիարք Ամեն․ Տ․ Նուրհան Ս․ արք․ Մանուկեանի շնորհաւորականները։ Յոբելեար Տ․ Արամ․ արք․ Աթէշեան պիտի խօսի քարոզ մը։ Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հայրն ալ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ բեմին վրայ պիտի շնորհաւորէ իր հոգեւոր եղբայրը եւ իրեն պիտի յանձնէ յուշանուէր մը։ 

Ս․ Պատարագի երգեցողութիւնները պիտի կատարուին պոլսահայ զանազան դպրաց դաս-երգչախումբերու անդամներէն բաղկացեալ խառն կազմի մը կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ սարկաւագ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Էտվին սարկաւագ Կալիպօղլուի։ 

Այս հանդիսաւոր Ս․ Պատարագը պիտի բնորոշէ յոբելենական ծրագրի եզրափակիչ փուլը։ Այդ օր, Պատրիարքութեան կարգադրութեամբ՝ պոլսահայ բոլոր եկեղեցիները բաց պիտի ըլլան մոմավառութեան համար, Ս․ Պատարագ պիտի մատուցուի միայն Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026