Չորեքշաբթի 11, Յունիս 2025
ՃԱՏՐԱԿԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ
Էսաեան վարժարանի փոքրերու ճատրակի կազմը հանդիսացաւ Պէյօղլուի շրջանի երկրորդը։ Այսպէս, վերջին օրերուն Պէյօղլուի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած ճատրակի միջվարժարանային մրցաշարքի մը մասնակցեցաւ Էսաեանի խումբը, որու կազմին մէջ էին՝ Տանիէլ Ճամկէօզ, Միրանտա Աչըքպաշ, Արիս Եիւզպաշեան եւ Կուրուր Քուրուահմէտօղլու։ Այս խումբը նուաճեց Պէյօղլուի գաւառակի երկրորդի տիտղոսը։
Նոյն մրցաշարքին մէջ, Էսաեանի աստղերու կազմէն Նարեկ Եավուզն ալ անհատական դասաւորման մէջ հանդիսացաւ առաջին։
Ճատրակի այս յաջողութիւնները մեծ խանդավառութեան առիթ դարձան դպրոցէն ներս։
Հինգշաբթի, Յունիս 5, 2025