ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ՈԳԵՒՈՐ ՕՐԵՐԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը վերջին օրերուն բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ իրերայաջորդ ձեռնարկներով։ Այսպէս, թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտութիւնը, ուսուցչաց կազմը եւ այլ պատասխանատուները միասնաբար պտոյտ մը կատարեցին դէպի Քիլիոս։ 2024-2025 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին զուգադիպած այս պտոյտը բոլորին պարգեւեց բացառիկ պահեր։ Բնութեան խաղաղ մթնոլորտին մէջ անոնք անկեղծ զրոյց եւ հաճելի ժամանց ունեցան եւ ամառուան արձակուրդին ընդառաջ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։

Միւս կողմէ, դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որու ընթացքին անոնք ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Հանդէսի աւարտին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, որ փոքրիկներուն ապագայ յաջողութիւններ մաղթեց ուսումնական կեանքի տեւողութեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 5, 2025