Չորեքշաբթի 11, Յունիս 2025
ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ
Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ օրեր կ՚ապրի՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանէն ներս 2024-2025 տարեշրջանի եզրափակիչ փուլի հանդիսութիւններով։ Այսպէս, վերջին օրերուն դպրոցին մէջ տեղի ունեցան մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսն ու առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը։ Այս երկու ձեռնարկներուն ընթացքին ալ բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ՝ մինչ թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ պատասխանատուներն ու դպրոցի պաշտօնեաները ջերմօրէն շրջապատեցին փոքրիկներն ու մասնակից հիւրերը։
Տղաքը զանազան լեզուներով ելոյթներ ներկայացուցին՝ արժանանալով բոլորի ծափահարութիւններուն եւ գնահատանքին։ Երկու հանդէսներուն ընթացքին ալ տնօրէնուհի Ալին Եիւճէլ շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկաւ՝ անոնց մաղթելով ապագայ յաջողութիւններ եւ ամրան բարի արձակուրդ մը։
Հինգշաբթի, Յունիս 5, 2025