ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Զրոյցի ընթացքին թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեան եւ ծրագիրներուն շուրջ։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին՝ հանդիսապետելու եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան եւ մատաղօրհնութեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց իր նկատառման յանձնուած թարմ տեղեկութիւններուն կապակցութեամբ եւ փոխանցեց օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը՝ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերուն համար։

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025