ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԿՈՂՄԷ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔ

Երէկ, 29 Հոկտեմբերի Հանրապետութեան տօնին առթիւ, Պատրիարքական Աթոռը յանուն թրքահայ համայնքին բարեմաղթանքներ եւ շնորհաւորութիւններ փոխանցեց պետական աւագանիին։ Երէկ առաւօտ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան փութաց Իսթանպուլի նահանգապետարան, ուր մասնակցեցաւ կուսակալութեան կողմէ կազմակերպուած շնորհաւորական պաշտօնական հաւաքին։ Նորին Ամենապատուութիւնը կուսակալ Տաւուտ Կիւլին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքը՝ ընկերակցութեամբ Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայայի։

Երէկ յետմիջօրէին ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օդային ճամբով մեկնեցաւ մայրաքաղաք Անգարա։ Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս, ան մասնակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի բարձր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած տօնական երեկոյթին։ Սա ընթրիք մըն էր, որուն առընթեր նախատեսուած էր նաեւ համերգ մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը անկեղծ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեց նախագահ Էրտողանին։ Այս հաւաքոյթին հրաւիրուած էին նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները. ինչպէս՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, հրէից րաբունապետ Ռաւ Տաւիտ Սեւին, Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեանը, Լատին կաթոլիկներու վիճակաւոր Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրոն եւ այլն։ Երեկոյթին ներկայ էին նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Սուրբ Յակոբ հայ կաթողիկէ հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն Անթուան Սուլթանօղլու եւ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան տոց. տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Սոյն հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էին՝ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին առթիւ Անգարա այցելած ղեկավարները։ Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն երեկոյեան վերադարձաւ Իսթանպուլ։

Բաց աստի, հոկտեմբերի 28-ին ալ, յանուն Պատրիարքական Աթոռին, Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան մասնակցեցաւ՝ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի կողմէ սարքուած շնորհաւորական ընդունելութեան։ Նորին Սրբազնութեան ընկերացաւ մեր համայնքէն Արի Չոլաք։

  

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2026