ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ թրքահայ կրթական կեանքի հրատապ օրակարգին վերաբերեալ հարցերու։

Մօտաւոր անցեալին, պոլսահայ խումբ մը կրթական մշակներ Գերմանիա-Դանիա սահմանին վրայ մասնակցած էին՝ Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած «Սանքելմարք» ակադեմիայի հաւաքին։ Անոնք արտասահմանէ վերադարձին փափաքած էին իրենց տպաւորութիւններն ու համապատասխան խորհրդածութիւնները բաժնել համայնքային վարժարաններու պատասխանատուներուն եւ իրենց պաշտօնակիցներուն հետ։

Փոքրամասնութիւններու միջավայրէն ներս կրթութեան կազմակերպման հարցերուն ձօնուած արտասահմանի հաւաքը հնարաւորութիւն ընձեռած է՝ նորովի մտածելու պոլսահայ կրթական խնդիրներուն շուրջ եւ զանոնք դիտարկելու ինքնուրոյն տեսանկիւններէ։ «Սանքելմարք»ի քննարկումներուն մասնակցած կրթական մշակներու դիտարկումները իսկապէս կարեւոր էին եւ առիթ հանդիսացան կարծիքի փոխանակումներու դրական հնարաւորութեան մը։

Երեկոյթի ատենախօսներն էին՝ Մարալ Սաթար, Տիանա Եանարտաղ, Ժպտուն Զուռնաճը, Թարա Տեմիրճիօղլու, Լեռնա Էօզտեմիր, Արաս Ճելալ, Եղիա Աքկիւն եւ Առէն Տատըրօղլու։ Այս վերջիններուն առընթեր, հաւաքոյթին առցանց մասնակցեցաւ փրոֆ. Օլկուն Աքպուլութ, որ գլխաւոր կազմակերպիչներէն է «Սանքելմարք» ակադեմիային եւ մասնաւորապէս խրախուսած է, որպէսզի պոլսահայ կրթական մշակներու խումբը մասնակցութիւն բերէ արտասահմանի քննարկումներուն։

Երէկուան քննարկման մասնակից կրթական մշակները նիւթը մատուցեցին՝ ժառանգութեան, մշակոյթի եւ ինքնութեան առանցքին վրայ։ Կարծիքի բազմակողմանի քննարկումներու մթնոլորտին մէջ անոնք ընդգծեցին, որ փոքրամասնական վարժարանները ո՛չ միայն պէտք է վերապրին, այլ պէտք է նաեւ զարգանան։ Քննարկումներուն ժամանակ առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ դարձան՝ ինքնութեան պահպանման եւ համապատասխան հաւաքականութեան ընդլայնման հաւասարակշռութիւնները։ Ատենախօսները նշեցին, որ արտասահմանի հաւաքէ վերադարձին իրենք բերած էին ո՛չ թէ լուծումներ, այլ նոր հարցումներ, որովհետեւ իրենց մասնակցած հաւաքոյթը առիթ հանդիսացած էր, որպէսզի ներքին խնդիրները դիտարկուին այս անգամ դուրսէն։ Բոլորը համամիտ էին, որ մայրենի լեզուն ո՛չ միայն հաղորդակցութեան, նաեւ ինքնութեան պահպանման հիմնական միջոցն է։

Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած այս հաւաքին մասնակից կրթական մշակները միշտ դիտել կու տային, որ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու ցուցակին վրայ տեղ կ՚առնէ։

Մասնակիցներու ելոյթներուն առընթեր, տեղի ունեցաւ նաեւ հարցում-պատասխանի բաժին մը։ Այս փուլին ընդգծուեցաւ, որ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու տեսակէտէ ինքնարտայայտութեան եւ ինքնադրսեւորման հնարաւորութիւններու ընձեռումը, հարթակներու ապահովումը կը ներկայացնեն մեծ կարեւորութիւն։ Փոքրամասնութիւններու ինքնութեան տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ այլ զանազան փոքրամասնական խմբաւորումներու հետ շփումները։ Ընդհանրապէս, ատենախօսները կանգ առին նաեւ լայն հասարակութենէ ներս փոքրամասնական հաւաքականութիւններու նկատելի դառնալու վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2026