ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ
Համայնքային անմոռանալի բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի՝ իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ իր ուրոյն հետքը թողած է ան՝ որպէս երախտաշատ բարերար եւ հեռատես վարչային գործիչ։ Լուսահոգի Տիգրան Կիւլմէզկիլի առընթեր, հարազատներուն կարգադրութեամբ նոյնաժամանակ կ՚ոգեկոչուի իր լուսահոգի կողակիցը՝ Նատիա Կիւլմէզկիլ, որու մահուան ալ 10-րդ տարելիցը կը լրանայ։ Հանգուցեալ՝ Նատիա եւ Տիգրան Կիւլ-մէզկիլները կ՚ոգեկոչուին նոյնաժամանակ՝ իրենց նկատմամբ անսահման կարօտի, յիշատակներու անբացատրելի քաղցրութեան եւ համատարած սիրոյ ու համակրանքի պայմաններու մէջ։
Տարի մը առաջ, երբ Տիգրան Կիւլմէզկիլ աչքերը փակած էր կեանքին, թրքահայ կեանքէն ներս յառաջացած էր մեծ պարապութիւն մը եւ այդ մէկը տակաւին կը շարունակուի։ Արդարեւ, Տիգրան Կիւլմէզկիլ յաջողած էր բոլորին սիրտը գրաւել եւ ցարդ քաղցր յիշատակներով կը շարունակէ ապրիլ բոլորի սրտին մէջ։ Տասնամեակներ շարունակ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ծաւալած հետեւողական գործունէութեամբ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ դարձած էր յանձնառութեան, զօրակցութեան, վճռակամութեան եւ համերաշխութեան կերպար մը, որ իր տեսլականով կը պայմանաւորէր համայնքին երթը եւ իւրաքանչիւր խաչմերուկին, ճամբաբաժանին վրայ չէր վարաներ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ ու կը դառնար համայնքի ուղեցոյցներէն մին։
Մահուան առաջին տարելիցը առիթ մըն է Տիգրան Կիւլմէզկիլի յիշատակին նկատմամբ արդարութիւն մատուցելու եւ անոր վիթխարի ծառայութիւնները երախտագիտութեամբ վերյիշելու։ Անշուշտ, Տիգրան Կիւլմէզկիլի թողած քաղցր յիշատակէն անբաժանելի է իր հոգելոյս կողակիցը՝ Նատիա Կիւլմէզկիլ, որ մինչեւ իր անժամանակ կորուստը համայնքէն ներս հանդէս կու գար՝ որպէս համեստութեան ու սիրոյ մարմնացում։
Այս շաբաթավերջին, բոլորի անկեղծ աղօթքն է, որ Տիգրան եւ Նատիա Կիւլմէզկիլներու յաւիտենական նենջը ըլլայ խաղաղ։
Բի՜ւր յարգանք իրենց անթառամ յիշատակին։