ԴԷՊԻ ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը պատրաստուի մեկնիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուղեւորութիւնը պիտի սկսի յառաջիկայ յունիսի 16-ին ու պիտի շարունակուի շուրջ երկու շաբաթ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերը պատրաստ են Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրընկալելու։ Ան գահակալութեան շրջանին առաջին անգամ եկեղեցական-պաշտօնական առիթով մը կը ճամբորդէ դէպի նոր աշխարհ։ Շրջագայութիւնը կը յատկանշուի նաեւ այլ կարեւոր հանգամանքով մը՝ քանի կը համընկնի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան հնգամեակի յոբելենական շրջանին։
Թէ՛ Արեւելեան եւ թէ Արեւմտեան թեմերէն ներս Նորին Ամենապատուութեան կեցութիւնը նախատեսուած է հաւասարապէս շաբաթ մը։ Առաջին փուլին ան պիտի մեկնի Լոս Անճելըս, այսինքն ուղեւորութեան ծրագիրը պիտի սկսի Արեւմտեան թեմէն, ուրկէ պիտի անցնի Նիւ Եորք՝ Արեւելեան թեմէն ներս ծրագրի երկրորդ փուլը կեանքի կոչելու համար։ Իրականութեան մէջ, այցը երրորդ փուլ մըն ալ պիտի ունենար, որովհետեւ ի սկզբանէ նախատեսուած էր նաեւ ծրագրին Գանատայի թեմն ալ ընդգրկելը։ Բայց եւ այնպէս, Նորին Ամենապատուութիւնը յարմար դատեց յապաւել այդ երրորդ կանգառը՝ չնախընտրելով աւելի երկար բացակայիլ իր Աթոռէն։
Ամերիկահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այժմէն վառ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ այս ուղեւորութիւնը։ Նախկին պոլսահայ շրջանակները, հասկնալիօրէն, ոգեւորուած են։ Բնականաբար, եկեղեցական շրջանակներն ալ կը գնահատեն նուիրապետական աթոռի գահակալ մը ընդունելու հանգամանքը։ Ի լրումն այս բոլորին, այցելութեան մթնոլորտը կը պայմանաւորէ ուրիշ անանտեսելի գործօն մը։ Արդարեւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ մանաւանդ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հեռարձակուած քարոզները ջերմ ընդունելութիւն գտած են նաեւ ամերիկահայ հաւատացեալներուն մօտ, որոնք այժմ կը փափաքին վկայել իր կենդանի խօսքին։
Լոս Անճելըսի մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը պիտի ըլլայ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հիւրը։ Շրջանի նախկին պոլսահայերը մասնակցած են հիւրընկալման ծրագրի մշակման։ Նորին Ամենապատուութիւնը Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ՝ կիրակի, յունիսի 22-ին։ Երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Խաչատուրեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ, որու կորիզը կը կազմեն նախկին պոլսահայեր։ Սա արդէն առաջնորդանիստ մայր տաճարի երգչախումբն է, որ դրոշմուած է երջանկայիշատակ պատրիարք Գարեգին արքեպիսկոպոս Խաչատուրեանի անունով։ Լոս Անճելըսի շրջանին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կ՚առաջնորդուի զանազան հայկական կամ այլ հաստատութիւններ եւ կը մասնակցի նաեւ գեղարուեստական ձեռնարկներու։ Ան կը շփուի նաեւ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ։
Նիւ Եորքի եւ շրջակայքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի ըլլայ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի հիւրը։ Կիրակի, յունիսի 29-ին, ան պիտի պատարագէ Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ։ Ս. Պատարագին պիտի յաջորդէ իրեն ի պատիւ սիրոյ սեղան մը։ Այս պաշտօնական ճաշկերոյթը պիտի սարքուի առաջնորդարանի համալիրի «Գավուքճեան» սրահի երդիքին տակ։ Նիւ Եորքի շրջանին ալ ան պիտի այցելէ՝ զանազան հայկական կամ այլ հաստատութիւններ եւ պիտի մասնակցի յարակից այլ հաւաքոյթներու՝ ներառեալ շփումները հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ։
Արեւելեան թեմի ծրագրին վրայ կ՚առանձնանայ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ մեծ համերգ մը, որ տեղի պիտի ունանայ Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ յարակից «Ապաճեան» սրահին մէջ, յունիսի 27-ին։ Բացի հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունիէն, յայտագրին մաս պիտի կազմեն շարք կը արժէքաւոր ու համակրելի անուններ. ինչպէս՝ Ալվարդ Մայիլեան, Սամի Մերտինեան, Հայկ Արսէնեան, Նարեկ Յարութիւնեան, Եոաօ Քույումճեան, Սալիմըն Թեքալլի, Քէյթլին Սալիվըն, Էլիզապէթ Ուու։
Արեւելեան թեմէն ներս կազմակերպչական աշխատանքներուն աշխուժ մասնակցութիւն կը բերեն նախկին պոլսահայ շրջանակներէն շարք մը ազդու եւ հեղիկանաւոր անուններ. օրինակ՝ C.A.R.S.-ի ատենապետուհի Էլիզապէթ Քոտապաշեան, Զուարթ Պալըքճեան, Դալար Սարաֆեան, Անի Միննեթեան, Ճերմէյն Ատիլ, Լինտա Պերենսոն։
Թէ՛ արեւելեան եւ թէ արեւմտեան ափերուն նախապատրաստական աշխատանքները թեւակոխած են եզրափակիչ փուլ։ Այս կարեւոր ուղեւորութեան օրերուն՝ որպէս գաւազանակիր Նորին Ամենապատուութեան պիտի ընկերանայ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յուլիսի 1-ին վերադարձած պիտի ըլլայ իր Աթոռը։