ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն.ապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Զաքար աւագ քահանայ Քոփարեան։

Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղականները Գումգաբու փութացած էին՝ Ենիգաբուի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ ստանալու համար Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին իրենցմէ տեղեկութիւններ քաղեց՝ թաղային խորհուրդի գործունէութեան եւ օրակարգային հարցերուն շուրջ։ Ան այդ բոլորի լոյսին տակ ըրաւ նաեւ հայրական թելադրութիւններ։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը օրհնեց թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը եւ բարձր գնահատեց այն ջանքերը, որոնք ուղղուած են՝ հայ բնակչութենէ նօսրացած այս թաղի եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու նպատակին։ Ան յաջողութիւն եւ կարողութիւն մաղթեց թաղային խորհուրդի գործունէութեան համար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2026