ՆՈՐ ԵՌԱՆԴԻ ԽԹԱՆ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին այս շաբաթավերջին կը տիրէ բացառիկ մթնոլորտ մը։ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կը պատուէ Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամը՝ Տ. Արամ արք. Աթէշեանը՝ քահանայական օծման եւ ձեռնադրութեան 50-ամեայ ոսկեայ յոբելեանին առթիւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի բարձր հովանաւորութեամբ, Տ. Արամ արք. Աթէշեանի համար պատրաստուած է յոբելենական եռօրեայ ծրագիր մը, որու առաջին փուլը կեանքի կոչուեցաւ երէկ երեկոյեան, Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ։ Նորին Սրբազնութեան ոսկեայ յոբելեանը նոր եռանդի խթանի մը կը վերածուի իրեն տեսակէտէ. բան մը, որու ապացոյցը հանդիսացաւ երէկուան փառաշուք եւ անմոռանալի մեծարանքի հանդիսութիւնը։ Արդարեւ, Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկը վերածուեցաւ մշակութային տօնախմբութեան մը, որուն խորհուրդը բիւրեղացաւ երախտագիտական զգացումներու վառ արտայայտութեամբ։ Տ. Արամ արք. Աթէշեան, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս հինգ տասնամեակէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցանէ, այս փուլին արդէն բոլորին կողմէ կը շրջապատուի ամենաջերմ զգացումներով։
Ծանօթ է, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս 50-ամեակին առթիւ որոշած է Նորին Սրբազնութեան շնորհել՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նորահաստատ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» առաջին կարգի շքանշանը։ Վաղը, Տ. Արամ արք. Աթէշեան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցէ գոհաբանական Ս. Պատարագ, որու ընթացքին իրեն հանդիսաւորապէս պիտի յանձնուի յիշեալ շքանշանն ու համապատասխան Հայրապետական Սրբատառ կոնդակը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած երէկուան յոբելենական ձեռնարկի յայտագիրը կեանքի կոչուեցաւ լեփլեցուն սրահի մը մէջ։ Պատուոյ հիւրերու շարքին էին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան՝ որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Տ. Եզնիկ արք. Պետրոսեան, Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծ. վրդ. Գազանճեան, պոլսահայ հոգեւարականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները եւ հոծ թիւով հիւրեր։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիրի։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ համակարգած էր կարգադիր յանձնախումբի աշխատանքը։ Յանուն պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն, Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան արտայայտուեցաւ՝ անդրադառնալով մեծարեալ Սրբազան Հօր վաստակին եւ ծանօթացնելով այն յուշամատեանը, որ այս առթիւ պատրաստուած էր իր վերահսկողութեան ներքեւ։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ նախ հանդէս եկաւ մեր ասմունքի թագուհին՝ Սիլվա Կոմիկեան, որ ներկայացուց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը եւ երանաշնորհ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի «Պատգամ»ը։ Պատրիարքական Աթոռի «Արմաշ» դպրաց խումբը համալրուած կազմով մեկնաբանեց՝ Մակար Եկմալեանի «Ով հայոց աշխարհ»ը եւ Առնօ Բաբաջանեանի «Ազգ փառապանծ»ը։ «Արմաշ» խումբը, որ հանդէս եկաւ Էտվին սրկ. Կալիպօղլուի մականին ներքեւ, իսկապէս խոր տապաւորութիւն գործեց հանդիսատեսներուն վրայ՝ ի շարունակութիւն Սիլվա Կոմիկեանի, որ արդէն միշտ կ՚արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը։
Այս բոլորէն վերջ ցուցադրուեցաւ Տ. Արամ արքեպս. Աթէշեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին պատրաստուած «Մարդն ու ճամբան» փաստավաւերագրական կարճաժամկէտ ֆիլմը, որու հեղինակն է Երեւանէն յայտնի մտաւորական Տիգրան Պասկեւիչեան։ Այս ժապաւէնը բոլոր առումներով լոյս սփռեց մեծարեալ Սրբազան Հօր կերպարին վրայ՝ վերածուելով յայտագրի ողնայարին։
Ֆիլմի կալայի եւ գիրքի շնորհանդէսի ձեւաչափերուն մէջ նախատեսուած յայտագրի եզրափակիչ փուլին սրտի խօսք մը արտասանեց Տ. Արամ արք. Աթէշեան, որմէ վերջ հանդէս եկաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Հուսկ բանքին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց հաւաքական կեանքէ ներս երախտագիտութեան նշանակութիւնը, ինչ որ քրիստոնէական արժէքներու հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ է։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին, Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան մակագրեց իր յոբելեանին առթիւ պատրաստուած յուշամատեանները։
Վաղը առաւօտ, Նորին Սրբազնութիւնը Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցէ գոհաբանական Ս. Պատարագ, որու ընթացքին Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի ձեռամբ իրեն պիտի յանձնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ուղարկուած «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշանը։
