ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՃԵՐՐԱՀՓԱՇԱՅԻ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՖԱՔԻՒԼԹԷԻ ՄՈՐԹԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ԼՍԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ՄԻՆ ԱՆՈՒԱՆՈՒԵՑԱՒ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ՅԱԿՈԲ ԿՈԹՈՂԵԱՆԻ
Երէկ, Իսթանպուլի համալսարանի Ճերրահփաշայի բժշկական ֆաքիւլթէէն ներս տեղի ունեցաւ՝ մորթաբանութեան անմոռանալի հեղինակ փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի յիշատակին կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսաւոր ձեռնարկ մը։ Այսպէս, բժշկական համալսարանի մորթաբանութեան ամպիոնէն ներս լսարան մը անուանուեցաւ լուսահոգի Յակոբ Կոթողեանի անունով։
Հանգուցեալ Յակոբ Կոթողեան տասնամեակներ շարունակ եղած էր Թուրքիոյ մէջ մորթաբանութեան թիւ մէկ դէմքը։ Վերոյիշեալ համալսարանէն հասնելէ վերջ, երկար տարիներ այնտեղ դասաւանդած էր եւ բժշկական ասպարէզէն ներս եղած էր պարծանքը՝ իր հասած բարձրագոյն կրթական հաստատութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ապահոված էր, որ մեր համայնքը վայելէ բարի համբաւ մը՝ շնորհիւ իր մարդասիրութեան եւ մասնագիտական կարողութիւններուն։ Այս բոլորին հանրագումարը կը պայմանաւորէ հոգելոյս Յակոբ Կոթողեանի վերաբերեալ շատ դրական յիշողութիւն մը, որու դրսեւորումներէն մին եղաւ երէկուան արարողութիւնը։
Իսթանպուլի համալսարանի Ճերրահփաշայի բժշկական ֆաքիւթէէն ներս, մորթաբանութեան ամպիոնի՝ Յակոբ Կոթողեանի անունով վերանուանուած լսարանին բացումը համախմբեց հոծ թիւով հիւրեր։
Խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնի հատուելէն վերջ, իրերայաջորդ ելոյթներով հանդէս եկան՝ բժշկական ֆաքիւլթէի տեսուչ փրոֆ. Էմին Քէօսէ, մորթաբանութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Զեքայի Քութլուպայ, ինչպէս նաեւ Յակոբ Կոթողեանի այրին՝ Սիւզան Կոթողեան, Իսթանպուլի երեսփոխան տոց. Սեւան Սվաճըօղլու եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։
Հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, լուսահոգի Յակոբ Կոթողեանի ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ Ֆեներպահչէ մարզակումբի ներկայացուցիչները՝ քանի Յակոբ Կոթողեան նաեւ մարզասէր մըն էր եւ համակիրը՝ այդ ակումբին։
Հաւաքոյթին հրաւիրուած էին նաեւ Կեդրոնական, Սահակեան-Նունեան եւ Պէզճեան Մայր վարժարաններու ներկայացուցիչները՝ քանի հոգելոյս Յակոբ Կոթողեան անոնց նստարաններէն անցած էր՝ մինչեւ համալսարան մուտք գործելը։ Բոլորն ալ հպարտ էին եւ բիւր յարգանքով վերյիշեցին հոգելոյս Յակոբ Կոթողեանը, որ իր կալուածէն ներս բարձունքներ նուաճած էր եւ իր հեղինակութեամբ այնպիսի համբաւ մը ձեռք բերած էր, որ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ արդէն առասպելի մը վերածուած էր իր անունը։
Բացման արարողութենէն եւ ելոյթներէն վերջ, համալսարանէն ներս սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին թէ՛ տեղւոյն պատասխանատուները եւ թէ համայնքի վարիչները, շրջապատեցին հոգելոյս Յակոբ Կոթողեանի այրին եւ ընտանեկան անդամները՝ մինչ զրոյցներու հիմնական հերոսն ալ մնաց ինքը՝ իր թողած քաղցր ու անթառամ յիշատակով։