«ՅՈՅՍ» ՄԻՈՒԹԵԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Յոյս» միութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ մայր Գայիանէ Տուլքատիրեանի։ Վարչայիններուն հետ էր նաեւ յայտնի նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլու։ Այցուները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին՝ մարդասիրական նպատակներու հետամուտ ստեղծուած այս կառոյցի գործունէութեան վերջին ծալքերուն շուրջ տեղեկութիւններ։ Մասնաւորապէս յատուկ խնամքի կարօտ անձերու եւ անոնց ընտանիքներու ուղղեալ ծառայութիւնները կը խրախուսուին «Յոյս» միութեան կողմէ։ Վարչայինները վերջերս համագործակցութիւն մշակած են նկարչուհի Գարին Ճինճիօղլուի հետ։ Այս վերջինը որոշած է տարեկան իր ցուցահանդէսը կազմակերպել՝ «Յոյս» միութեան զօրակցելու համար։ Այսպէս, ցուցահանդէսի հասոյթը պիտի տրամադրուի «Յոյս»ին։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին ողջունեց հիւրերը եւ գնահատեց մշակուած այս ծրագիրը։
Ցուցահանդէսը նախատեսուած է յառաջիկայ շաբթուան մէջ։