Շաբաթ 26, Ապրիլ 2025
ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԻՆ ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի մտախաղերու խումբը կը շարունակէ ծափահարելի յաջողութիւններ արձանագրել։ Պէշիկթաշի կրթական նախարարութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուած՝ տուեալ գաւառակի միջվարժարանային մտախաղերը հանդիսացան այն հարթակը, ուր Թարգմանչացի սաները հերթական նուաճումը արձանագրեցին։
Խումբին մաս կազմեցին Լէօ Արփաճըք, Առէն Թովմաս Քարթուն, Նարէ Կիւրկէն եւ Պուրակ Փէյնիրճի, որոնց բոլորն ալ զանազան խաղերու պարագային տեղ գտան դափնեկիրներու շարքին՝ ներառեալ առաջին հորիզոնականները։ Տղաքը վերահսկեցին դպրոցի ուսուցչական կազմէն Լորին Աքշահին Պօղոսեան եւ Նորայր Նետիմ Քուշ։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի խումբը իրաւունք շահեցաւ մասնակցելու Իսթանպուլի ընդհանուր մրցակցութեան։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 10, 2025