ՏԽՐՈՒԹԵԱՆ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՕՐԱԳԻՐ

1

Կքիր, սիրելիս, մինչեւ որ փոթորիկը անցնի:

-Այնքան կքեցայ, կռնակս աղեղի նման եղաւ. ե՞րբ պիտի արձակես նետդ:

[Ձեռքդ միւս ձեռքիդ կ՚երկարես, ափ մը ցեխ կը գտնես]:

***

Կքիր, սիրելիս, մինչեւ որ փոթորիկը անցնի:

-Այնքան կքեցայ, կռնակս աղեղի նման եղաւ. ե՞րբ պիտի արձակես նետդ:

[Կը փորձես ոտքդ շարժել, երկաթն իսկ չի՛ շարժիր]:

***

Կքիր, սիրելիս, մինչեւ որ փոթորիկը անցնի:

-Այնքան կքեցայ, կռնակս աղեղի նման եղաւ. ե՞րբ պիտի արձակես նետդ:

[Քննիչը ձայնասկաւառակ մը կը պպտցնէ, որու վրայ բազմաթիւ ծափեր կան]:

***

Երբ փոթորիկը ցրուեց զանոնք, ներկան անցեալին կը պոռար՝ ըսելով. դո՛ւն ես պատճառը: Իսկ անցեալը իր որճրագործութիւնը կանոնի կը վերածէր: Իսկ ապագան՝ չէզոք վկայ մըն էր:

Երբ փոթորիկը հանդարտեցաւ, կքիլը արդէն կատարելագործուած էր, եւ վերածուած էի կլորի մը, որու ո՛չ սկիզբը եւ ո՛չ ալ վերջը կարելի էր գիտնալ:

2

-Իւրաքանչիւր հառաչանքի ետին ստորակէտ մը դիր եւ ըսէ մեզի. ո՞վ ես դուն:

Երբ թմրած վիճակէն դուրս եկաւ, անոր արիւնը արդէն չորցած էր:

* Ես Յորդանան գետի Արեւմտեան Ափէն եմ:

-Ինչո՞ւ չարչարած են քեզ:

* Թել Աւիւի մէջ պայթում մը պատահեցաւ, ձերբակալեցին զիս:

-Իսկ ի՞նչ կ՚ընէիր Թել Աւիւի մէջ:

* Շինարարութեամբ կը զբաղէի:

Արաբ գործաւորներուն Յորդանան գետի Արեւմտեան Ափէն եւ Կազզէէն իսրայէլեան քաղաքներու մէջ աշխատելու երեւոյթը տակաւին ընդհանուր երեւոյթի չէր վերածուած: Վերջին պարտութենէն անմիջապէս ետք թերեւս արաբական ընդհանուր տեսակէտը կը պահանջէր արաբ գործաւորներէն սովի մատնուիլ՝ արտայայտելու համար դիմադրողականութիւնն ու բռնազաւթումի մերժումը. անդին, ո՛չ մէկ պաշտօնեայ կը մտածէր հոգ տանիլ բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ եղող բնակիչներուն կեցութեան եւ կեանքի պայմանները բարւոքելու մասին, ապահովելու համար դիմադրողականութեան յարատեւութիւնը եւ բռնազաւթողներուն հետ չգործակցիլը:

* Երբ թնդանօթները լռեն, իրաւո՞ւնքս է, որ անօթութիւն զգամ:

Ի՞նչ կ՚ըսես անոր, որ այսպիսի հարցում մը հարցնէ: Ի վիճակի չենք աղալու ոգեւորող երգերն ու ոգեշնչող հրապարակային ելոյթները, խմոր ընենք անոնցմէ եւ հացի վերածենք:

Օտար բռնազաւթողներու տիրապետութեան տակ ամենէն վտանգաւորը հայրենիքի վերափոխութիւնն է՝ բաղարջ մը հացի: Բայց վատը այն է նաեւ, որ այն քաղաքացիները, որոնք բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ են սովի կը մատնուին՝ ելլելով զինուորական եւ քաղաքական տիրող լռութեան պատճառով:

Պատերազմի եւ կռիւներու ընթացքին շատ չենք մտածեր ապրելակերպի մասին: Յայտարարեցէք զայն կռիւ կամ պատերազմ եւ մեզի առէք ամէն տեսակի զոհողութիւններ: Սակայն, երբ թնդանօթները լռեն, ապա մեր իրաւունքն է, որ անօթութիւն զգանք:

Ինչո՞ւ կը մոռնաս, կամ մոռացութեան կու տաս, թէ Իսրայէլը կառուցուեցաւ արաբական բազուկներով:

Ի՜նչ յարակարծիքութիւն (paradox), ի՜նչ ամօթ:

3

Քեզի կարմիր խնձոր մը կը հրամցնեն ու կը հարցնեն. սուրիական խնձորը համտեսեցի՞ր:

Ի՞նչ գեղեցիկ են խնձորները բանտերուն մէջ: Միակ բանն է, որ մոխիրին գոյնը կրակի գոյնի կը վերածէ:

Կ՚ըսես անոնց. սուրիական խնձորները լեցուցած է իսրայէլեան շուկաները: Տակաւին, սուրիական խնձորը կը յաղթէ իսրայէլեան խնձորին… աւելի մեծ է, գեղեցիկ եւ արժան: Հրեաները առանց ամչնալու կը գնեն զայն, հակառակ կիբուցներու (համախմբուած համայնքներ) բողոքներուն, որոնց խնձորին գինը իջած է: Որովհետեւ աւելի մեծ է, գեղեցիկ եւ արժան:

-Ո՜վ սուրիացի եղբայրներ, ի՞նչը ստիպեց ձեզի, որ այստեղ գաք: Մենք օրերը կը համրէինք ձեր տուներուն մէջ հանդիպելու եւ ոչ թէ բանտերուն:

* Ձերբակալեցին մեզ, մեղադրելով, որ Դամասկոսէն Քունայդիրա կ՚անցնինք որպէս փախստականներ:

-Ամէն վերադարձ՝ փախստականութի՞ւն է: Արաբներուն բախտը ա՛յս է:

* Տակաւին, ըսին թէ լրտեսելու համար եկած են:

-Լրտեսել տուներն ու այգինե՞րը:

* Այդպիսի բան մը:

-Մեղադրեցի՞ն ձեզ նաեւ, թէ դուք ձեր խնձորները կը գողնաք:

* Մեղադրանքներու ցանկը տակաւին չեն ներկայացուցած:

-Ինչքա՞ն ժամանակ է, որ ձերբակալուած էք:

* Տասնմէկ ամիս, մէկ շաբաթ եւ երեք օր:

Ու յանկարծ կը հարցնեն քեզի.

-Դուն կը ճանչնաս զանոնք, կը կարծե՞ս, որ պիտի մեղադրեն մեզ, թէ սուրիացիներ ենք:

* Այդպէս չէ՞ք:

-Այո՛, մենք սուրիացի ենք:

* Ինչու, ատիկա յանցա՞նք է:

-Չենք գիտեր…:

4

-Ո՞ւրկէ ես եղբայրս:

* Կազզէէն:

-Ի՞նչ ըրիր:

* Ռումբ մը նետեցի բռնազաւթողներու ինքնաշարժին վրայ, սակայն իմ վրաս պայթեցաւ:

-Ե՞ւ…:

* Ձերբակալեցին զիս ու մեղադրեցին անձնասպանութիւն գործելուն մէջ:

-Անշուշտ, խոսոտվանեցար:

* Ո՛չ այդքան. ըսի անոնց, թէ անձնասպանութեան փորձը չյաջողեցաւ: Այդ պատճառով ազատեցին զիս ողորմութենէն [մահէն] եւ ցկեանս բանտարկեցին:

-Սակայն դուն նպատակ ունէիր սպաննելու եւ ո՛չ թէ անձնասպան ըլլալու:

* Այնպէս կը թուի, թէ դուն Կազզէին ծանօթ չես: Այնտեղ տարածութիւնը երեւակայական բան մըն է:

-Քեզ լաւ չեմ հասկնար:

-Այնպէս կը թուի, թէ Կազզէն չես գիտեր: Ուրկէ՞ ես եղբայրս:

* Հայֆայէն:

-Ի՞նչ ըրիր:

* Բանաստեղծութիւն մը նետեցի բռնազաւթողներու ինքնաշարժին վրայ. պայթեցաւ:

-Ե՞ւ…:

* Ձերբակալեցին զիս եւ մեղադրեցին հաւաքական սպանութիւն կազմակերպելուն մէջ:

-Անշուշտ որ խոստովանեցար:

-Ո՛չ այդքան. ըսին անոնց, թէ սպաննելու փորձը յաջողեցաւ: Այդ պատճառով ողորմութիւն տուին ինծի, պատասխանեցին խնդրանքիս ու դատավճիռս տուին՝ երեք ամիս բանտարկութիւն:

-Քեզ լաւ չեմ հասկնար:

* Այնպէս կը թուի, թէ Հայֆային ծանօթ չես: Տարածութիւնը այնտեղ երեւակայական բան մըն է:

Պահակը եկաւ, զինք իր խուցին մէջ դրաւ ու զիս ազատ արձակեց:

(Տխրութեան սովորական օրագիր)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 9, 2025