ԼԵԶՈՒՆ ՉԷ ՊԱՐՏՈՒԱԾ
Սփիւռքահայ յայտնի արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան համոզուած է, թէ հայերէն լեզուն չէ պարտուած։ Ամերիկահայ գրող ու դերասան Վահէ Պէրպէրեան հետաքրքրական դիտարկումներ ունի սփիւռքեան մշակութային կեանքին շուրջ։ Իր մօտեցումները դուռ կը բանան նաեւ ինքնութեան հարցերու շուրջ խորհրդածութիւններու։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր տեսակէտները, որոնք թէ՛ ուրոյն են եւ թէ համապարփակ։
*
-Շրջան մը սփիւռքահայ արձակը շատ մեծ՝ յուսադրիչ թռիչքներ ունեցաւ։ Յետոյ այդ բոլորը կամաց-կամաց հանգեցան։ Իսկ դուք յանկարծ անցաք մենախօսութեան՝ փորձելով արեւմտահայերէնին շունչ մը տալ։ Ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք ձեր առած այդ քայլը։
-Պատահմամբ առի այդ քայլը։ 1996-ին բռնուեցայ քաղցկեղի, որ բաւական լուրջ խնդիր էր։ Մինչ այդ թատերախումբ ունէի, այդ աշխատանքով կը զբաղէի։ Հինգ տարուան ընթացքին տասնչորս վիրահատութիւն անցուցի։ Ժամանակիս մեծ մասը տունն էի, անկողնին մէջ։ Այդ շրջանին շատ բան չէի կրնար ընել, հետեւաբար, սկսայ գրել։ «Նամակներ Զաաթարէն»ը այդ շրջանին գրեցի։ Կ՚ուզէի թատրոն մը պատրաստել, բայց, գիտէի, որ դերասաններու բանակ մը ղեկավարելու կարողութիւնը չունէի։ Պատահմամբ, սխալ սրահ մտած էի եւ «Swimming to Cambodia» անունով ֆիլմ մը դիտեցի։ Ամբողջ ֆիլմը միայն անձ մըն էր, որ պատմութիւն կը պատմէր։ Սկիզբը դժկամութեամբ դիտեցի ֆիլմը, բայց յետոյ՝ կիսուն սկսայ մտածել, որ կրնամ այսպիսի մենախօսութիւն մը ընել։ Այդ ժամանակ «stand up»ի գաղափարը չկար տակաւին։ Նոյնիսկ ամերիկեան շրջանակներու մէջ, միայն ակումբներու՝ «club»ներու մէջ կ՚ըլլար։ Առաջին մենախօսութիւնս՝ «Եւայլն»ը պատրաստեցի։ Առաջին ներկայացումս «sold out» էր, երկրորդը, երրորդը՝ նոյնպէս։ Չորրորդին՝ ես ինծի ըսի, որ տեղ մը ճիշդ բան մը կ՚ընեմ, որ այսքան մարդ կը գնահատէ եւ սկսայ «հարցը» աւելի լուրջի առնել։
-Այսօրուան դրութեամբ, ո՞ւր է Վահէ Պէրպէրեան գրողը։ Ի՞նչ կ՚ուզէ ըսել իր արեւմտահայ ընթերցողին։
-Ասիկա փոքր ցաւ պատճառող հարցում մըն է, քանի որ վերջին շրջանին, գրեթէ ութ տարիէ ի վեր, այն ինչ որ կը գրեմ անգլերէն է։ «Diary of a dead man»ը հրատարակեցի։ Անկէ ետք գրեցի ուրիշ վէպ մը, որ տակաւին հրատարակուած չէ։ Անգլերէնի թարգմանեցի «Նամակներ Զաաթարէն»ը, որ տակաւին հրատարակուած չէ։ Երկու թատերախաղ գրեցի, դարձեալ անգլերէն։ Այս բոլորին մէջ ինքզինքս յանցաւոր կը զգամ, քանի որ անգլերէն կը գրեմ։ Միակ մխիթարութիւնս այն է, որ մենախօսութիւնս հայերէն է։ Երկու թատերախաղ գրած եմ հայերէնով, անկեղծ ըսած՝ դժուարութիւն կ՚ունենամ իրապաշտ ըլլալու, քանի որ երբ գրածս ամերիկահայ կեանքէն է եւ կ՚ուզեմ իրապաշտ ձեւով ներկայացնել, դժբախտաբար, խօսակցութեան կէսէն աւելին անգլերէն է։
-Արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞, թէ արեւմտահայերէնը ձեր քով «պարտուեցաւ»։ Երբ գրականութիւն կը մշակէք, վստահ եմ, որ ամենաշեշտուած կէտը անկեղծութիւնն է։ Իսկ հիմա մտածելու հոլովոյթը անգլերէնո՞վ կը կատարէք, թէ միջավայրը կ՚ազդէ ձեր վրայ։
-Չեմ կարծեր, որ հայերէն լեզուն պարտութեան մատնուած է։ Մեծագոյն հարցս այն է, որ խմբագիր մը չունիմ։ Հայ իրականութեան մէջ խմբագիր ըսուածը գոյութիւն չունի այլեւս, մեծագոյն ցաւս է ասիկա։ Ուզածս խմբագրական գրող մը չէ, այլ խմբագիր՝ «editor», որպէսզի կարենայ սրբագրութիւններ ընել, հակասութիւններ տեսնել, կարծիք տալ եւ ըսել, թէ աւելի լաւ կ՚ըլլայ, եթէ այստեղ այսպէս գրես, եւ այլն։ Մարդիկ կան, որոնք տպուելէն ետք կը քննադատեն՝ ըսելով, որ այսինչը սխալ էր, եւ այլն։ Ուրիշ բան մըն ալ կայ, որ շատ լուրջ հարց մըն է գրողի մը համար՝ բառամթերքի, բառապաշարի պակաս մը կայ, որովհետեւ հայերէն լեզուն այժմէականացուած չէ։ Ըսենք, թէ «Diary of a dead man»ի պարագային, ուր դէպքերուն մեծ մասը տեղի կ՚ունենայ 1870-ական թուականներուն, եթէ ես կ՚ուզեմ գիտնալ, թէ երկու ձիով կառքին ինչ կ՚ըսեն, անգլերէնի պարագային google կ՚երթամ եւ վայրկենապէս ինծի պատասխաններու շարք մը կու տայ։ Հայերէնի պարագային ի՞նչ կրնամ ընել։ Այս կէտին արդէն պարտուած եմ։
-Այս առումով կը կարծէ՞ք, որ գրողներն ալ ընելիք ունին կամ առ հասարակ այս խնդիրը ընդհանրապէս անլուծելի է։
-Ասիկա լուրջ հարց մըն է, քանի որ նոյնիսկ եթէ ես հայերէն բառը գտնեմ, կարդալը չարչարանք պիտի ըլլայ, քանի ընթերցողը պիտի նստի բառարաններու մէջ բառը փնտռէ։
-Ներկայիս զանազան հաստատութիւններ ջանքեր կը գործադրեն, որպէսզի զարկ տան արեւմտահայերէնին։ Արդեօք ասիկա որեւէ դրական արդիւնք կու տա՞յ՝ մա՛նաւանդ Ամերիկայի պարագային։ Պատկերը ճիշդ չենք գիտեր, սակայն, գիտենք, որ եկեղեցւոյ մէջ հայերէն կը խօսուի, իսկ անկէ դուրս տեղեակ չենք, թէ վիճակը ի՞նչ է։
-Շատ մի՛ ենթադրէք, որ հայերէնը եկեղեցիին մէջ շատ կը խօսուի։ Վերջերս քանի մը հարսնիքներու կամ արարողութիւններու ներկայ եղայ, պատարագէն զատ ամէն ինչ անգլերէն էր։ Եթէ սեպենք, թէ ներկայ է չորս հարիւր հոգի, որմէ երկուքը հայերէն չի հասկնար, տէր հայրը կը ստիպուի անգլերէն խօսիլ, որպէսզի այդ երկու հոգին հասկնայ։
-Թագաժահրի համավարակի շրջանը, նաեւ անկէ վերջ ալ մեր՝ հայերուս մօտ տարբեր ձեւով արտայայտուեցաւ՝ պատերազմ ունեցանք, պարտուեցանք։ Ձեր կարծիքով՝ մենք այս ընթացքով ազգովին ո՞ւր կ՚երթանք։
-Տխուր է անշուշտ, որ մինչեւ հիմա չենք ընդունիր, որ պարտուեցանք եւ կը շարունակենք մենք մեզ խաբել։ Համոզուինք, որ պարտուեցանք եւ նորին նայինք ու սկսինք մենք մեզ զօրացնել։ Փոխանակ, այսպէս ըսած՝ սկսած ենք զիրար բզկտել, մեր պարտութեան պատասխանատուութիւնը անպայման մէկու մը՝ ուրիշի մը վրայ բեռցնելով։ Իրարու հանդէպ յարգանքի պակաս կայ կամ բոլորովին կորսուած է այդ յարգանքը։
-Կը բուժուի՞ մեր այս վիճակը։
-Այո՛, վստահ եմ, որ կը բուժուի, եթէ ընկերային ցանցերու հանդէպ մեր յարգանքը քիչ մը պակսեցնենք։ Համակարգիչին ետեւը նստած, պաշտպանուած, իրենց սենեակին մէջ նստած, առանց հաշուետուութեան մէկու մը կը հայհոյեն։ Այս կը նշանակէ, որ զիրար յարգելու փոխարէն սկսած ենք համացանցը յարգել։ Ժամանակին, մարդիկ եթէ անարգուած զգային, իրարու ձեռնոց կը նետէին, այսինքն մենամարտի կը հրաւիրէին։ Հիմա, ընկերային ցանցերու միջոցով հեռուէն ձեռնոցը կը նետեն, ապա կը պահուըտին։
-Ինչե՞ր են ձեր ապագայ ծրագիրները։
-Վերջին մենախօսութիւնս՝ «Բայց»ն է, որ կը ներկայացնեմ արդէն։ «Բայց»ը վերջին երեք տարիներու ընթացքին իմ ունեցած անդրադարձներուս մասին է. անդրադարձներ տարբեր իրավիճակներու մասին, հոն կան՝ սէր, ամուսնութիւն, կրօն, քաղաքականութիւն, եւ այլն… այս բոլորին հետ կապուած անդրադարձներ, որոնց մէջ փորձած եմ կարելի եղածին չափ հիւմուր գտնել, քանի որ իմ նպատակս դասախօսութիւն տալ չէ, այլ հիւմուր փոխանցելով քիչ մը մտածել տալ է։ Յաւակնութիւնը չունիմ ըսելու, որ պատասխաններ ունիմ, բայց, նպատակս ճիշդ հարցումները հարցնելն է, որպէսզի մարդիկ մտածեն, եւ այդ բոլորը խնդացնելով, զուարճացնելով։ Երբ մարդիկ ինծի հարցնեն բոլոր արուեստներուս հիմնական նպատակին մասին, կ՚ըսեմ, թէ «entertain» ընելն է։ «Entertain» բառին հայերէնը տակաւին յստակօրէն չեմ կրցած գտնել։ «Զուարճանալ» բառը կրնանք գործածել, բայց, անոր մէջ խնդալու հետ կապուած բան մըն ալ կայ։ Հաւանաբար կրնանք ըսել՝ հետաքրքրութիւն պահել, պատմութիւն պատմել, մարդոց զբաղցնել։ Այս բոլորը որքան կրնամ հաճելի դարձնել, այնքան աւելի ուրախ կ՚ըլլամ։ Ասոր պահանջը՝ մա՛նաւանդ այս օրերուն, շատ մեծ է եւ կարեւոր, որովհետեւ բոլորիս ալ սիրտը նեղուած է, տխուր ենք եւ կը կարծեմ, որ պէտք է մեր տրամադրութիւնը բարձր պահենք, ձեւ մը գտնենք մենք մեզ քաջալերելու, ոտքի կանգնելու, զիրար բռնելու, զիրար գրկելու։
-Հայաստանը կա՞յ ձեր յառաջիկայ շրջապտոյտին մէջ։
-Այո՛, բայց ճիշդ թուականը չեմ գիտեր, հաւանաբար յուլիսէն ետք թէ՛ Հայաստան եւ թէ Լիբանան այցելեմ։ Երկուքն ալ շատ աւելի աշխատանք կը պահանջեն, քանի երկար ժամանակով՝ գոնէ տասը օրով պէտք է երթամ։ Շատ հրաւէրներ կան, տարբեր կողմերէ եւ բաւական չարչարանք է մէկ տեղէն միւս տեղ ճամբորդելը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան