ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Նկատելի է, որ երբ աղքատ մը պայմաններու կամ պարագաներու բերումով հարստութեան տիրանայ, կամ դիրքի ու պաշտօնի բարձրանայ, կը մոռնայ իր անցեալը, իր աղքատութիւնը, իր կրած նեղութիւնները, եւ կը սկսի դաժան կերպով վարուիլ աղքատներուն հետ: Առակացի հեղինակը այս մասին բան գրա՞ծ է:
Պատասխան. Այո՛, գրած է: Կը կարդանք. «Աղքատները զրկող չքաւոր մարդը հացի կարօտութիւն [այսինքն՝ անօթութիւն] բերող յորդահոս անձրեւի պէս է» (Առ 28.3):
Մարդ ի՛նչ բարձրութեան ալ հասնի, ինչքան ալ հարստանայ, պէտք չէ մոռնայ իր արմատները, առաւել եւս պէտք չէ մոռնայ այն նեղութիւններն ու դժուարութիւնները, որոնց միջով անցած է:
Աւելին, երբ աղքատ մը հարստութեան հասնի, կամ դիրքի ու պաշտօնի բարձրանայ, ապա պէտք չէ անիրաւութեամբ եւ խստութեամբ վարուի աղքատներուն հետ, որովհետեւ այդ հարստութիւնը, դիրքն ու պաշտօնը, յաւիտեան պիտի չմնան իրեն, եւ եթէ ինք անգթութեամբ վարուի իր նմաններուն հետ, ապա անպայմանօրէն այդ վերաբերմունքին համար խիստ պատասխան պիտի տայ իր Արարիչին դիմաց:
Աւետարանին մէջ հարստացած աղքատներու այս վերաբերմունքին մասին մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս առակ մը կը պատմէ, սակայն ո՛չ թէ հարստացող աղքատի մասին, այլ՝ մարդու մը մասին, որ պարտք ունենալով մեծաւորի մը եւ վայելելով անոր համբերութիւնը, ինք՝ սակայն, անգթութեամբ կը վարուի իրեն պարտք ունեցող՝ իրեն հաւասար եղող մէկու մը: Կարդանք միասին.
* Որովհետեւ Երկինքի Արքայութիւնը կը նմանի հետեւեալին.
Թագաւոր մը կար, որ ուզեց իր ծառաներուն հաշիւները քննել: Եւ երբ հաշուեքննութեան սկսաւ, իրեն բերին պարտապան մը, որ միլիոնաւոր ոսկի պարտք ունէր: Եւ քանի վճարելու կարողութիւն չունէր, տէրը հրամայեց, որ զայն իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ որպէս ստրուկ ծախեն, ինչպէս նաեւ ունեցածը վաճառեն եւ պարտքը վճարեն: Ծառան թագաւորին ոտքերուն ինկաւ եւ աղաչեց՝ ըսելով. «Համբերէ եւ ժամանակ տուր ինծի եւ ես բոլորը կը վճարեմ քեզի»: Ծառային տէրը գթաց եւ պարտքը շնորհելով՝ ղրկեց զինք:
Հազիւ ծառան դուրս ելաւ, գտաւ իր ծառայակիցներէն մէկը, որ չնչին գումար մը պարտական էր իրեն: Անոր կոկորդէն բռնելով կը խեղդէր զայն ու կ՚ըսէր. «Պարտքդ վճարէ ինծի»: Ծառայակիցը ոտքերուն ինկաւ եւ աղաչեց՝ ըսելով. «Համբերէ եւ ժամանակ տուր ինծի եւ ես պարտքս կը վճարեմ»: Բայց անիկա չուզեց լսել: Ընդհակառակը, գնաց եւ բանտ նետել տուաւ զայն՝ մինչեւ որ պարտքը վճարէ:
Երբ միւս ծառաները պատահածը տեսան, շատ նեղուեցան եւ եկան ու իրենց տիրոջ պատմեցին ինչ որ պատահեցաւ: Այն ատեն տէրը կանչեց այդ ծառան եւ ըսաւ. «Չա՛ր ծառայ, ամբողջ պարտքերդ շնորհեցի քեզի, որովհետեւ աղաչեցիր ինծի: Պէտք չէ՞ր որ դուն ալ ողորմէիր ընկերոջդ, ինչպէս որ ես քեզի ողորմեցայ»: Եւ տէրը բարկանալով՝ դահիճներուն յանձնեց զայն, որպէսզի պատժեն, մինչեւ որ վճարէ իր բոլոր պարտքերը:
Ապա Յիսուս աւելցուց.
-Ահա նոյն ձեւով Իմ երկնաւոր Հայրս պիտի վարուի ձեզի հետ, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը սրտանց չներէ իր եղբօր՝ անոր յանցանքները (Մտ 18.23-35):
Տէր Յիսուսի պատմած այս առակը յստակ պատգամ մըն է ուղղուած իւրաքանչիւր մարդու միշտ յիշելու, որ ինք ամենէն շատ ներուածն է՝ Աստուծոյ կողմէ, որովհետեւ Աստուած Իր Միածին Որդին ղրկեց՝ մեզ փրկելու համար, եւ այդ փրկագինէն աւելի մեծ փրկագին կարելի չէ երեւակայել: Հետեւաբար, իւրաքանչիւր մարդ կոչուած է գթութեամբ եւ սիրով վարուիլ իր նմանին հետ: Մանաւանդ աղքատ մը երբ հարստանայ, պէտք չէ՛ մոռնայ իր անցեալը, ընդհակառակը, ինք ապրած ըլլալով աղքատութեան դառն փորձառութիւնը, պէտք է սիրով լեցուած՝ փորձէ աղքատներուն վիճակը թեթեւցնել՝ իր ունեցած եւ ներած կարողութիւններուն եւ կարելիութիւններուն սահմանին չափ:
Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան Տէր Յիսուսի պատմած աններող ծառային առակին մասին, այսպէս կը գրէ.
* …Քրիստոնեան կոչուած է Երկնաւոր Հօր պատկերը ունենալու, որ անսահման սիրոյ եւ ներողամտութեան պատկերն է: Ան անսահմանօրէն կը սիրէ եւ անսահմանօրէն ներողամիտ է: Ուստի, քրիստոնեան ալ կոչուած է նոյնպէս սիրելու եւ նոյնպէս ներելու:
Յիսուս բազմաթիւ առակներ խօսեցաւ: Անոնցմէ ոմանք իրական պատմութիւններ կը թուին ըլլալ: Բայց այդպէս չեն: Բոլոր առակներն ալ կեանքէն պատմութիւններ են, սակայն երեւակայական են եւ կը միտին դաս փոխանցելու:
Երկրորդ հերթին, առակին սկիզբը կը կարդանք «ծառաներ» անունը: Սակայն այս «ծառաներ»ով ազնուականները հասկցուած են: Ուրեմն, թագաւորը իր մօտ կը կանչէ իր ազնուականները, որպէսզի անոնց հաշիւները քննէ:
Այն ազնուականներուն մէջ կար պարտապանին մէկը, որ կա՛մ գումար առած էր թագաւորէն եւ զայն չէր վերադարձուցած, կամ ալ պարտականութիւնը ունէր գումար հաւաքելու եւ չէր հաւաքած: Ուստի, թագաւորը խստութեամբ կը հրամայէր, որ զայն՝ իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ որպէս ստրուկ ծախեն, ունեցածը վաճառեն եւ անոր պարտքը վճարեն:
Իբր ստրուկ ծախելու սովորութիւնը մեզի համար կրնայ խորթ թուիլ, բայց հին ժամանակներուն ընդհանրացած էր: Օրինակ՝ այս սովորութեան վերաբերող օրէնքի կը հանդիպինք Ելք գիրքին մէջ: Այնտեղ 22-րդ գլուխին մէջ, գրուած է, թէ երբ մէկը արջառ կամ ոչխար գողնայ ու մորթէ եւ ծախէ զայն, մէկ արջառին տեղ հինգ արջառ ու մէկ ոչխարին տեղ չորս ոչխար պիտի հատուցանէ: Եթէ չկարենայ՝ այն ատեն իր գողցածին համար պէտք է զինք ծախել եւ հատուցանել (Ելք 22.1, 3):
Ազնուականը թագաւորին ոտքերուն իյնալով կ՚աղաչէ, որ ան ժամանակ տայ իրեն, որպէսզի կարենայ իր պարտքը վճարել: Թագաւորը կը գթայ եւ նոյնիսկ անոր պարտքը կը շնորհէ:
Այս անսպասելի գթառատութեան դիմաց սակայն, ազնուականը հազիւ դուրս ելած թագաւորին քովէն, իր դասակարգէն մէկը կը գտնէ, որ իրեն չնչին գումար պարտական էր, եւ անոր կոկորդէն բռնած խեղդելով՝ պարտքը կ՚ուզէ: Պարտապանը իր ոտքերուն կ՚իյնայ եւ կ՚աղաչէ, որ ժամանակ տրուի իրեն՝ պարտքը վճարելու: Պարտատէրը անդրդուելի՝ զայն բանտ նետել կու տայ, մինչեւ որ պարտքը վճարէ:
Պարտատէրը ո՛չ թէ միայն անազնիւ է, այլ նաեւ ծիծաղելի: Իր մեծ պարտքին շնորհման հակառակ ընթացք է ունեցածը:
Այս անազնուութեան վրայ, ուրիշներ նեղուած՝ կու գան եւ թագաւորին կը պատմեն պատահածը: Թագաւորը զայրացած իր մօտ կը կանչէ նախկին պարտապանը եւ զայն չար կոչելով՝ կը յիշեցնէ իրեն շնորհուածը եւ կ՚ըսէ. «Պէտք չէ՞ր որ դուն ալ ողորմէիր ընկերոջդ, ինչպէս որ ես քեզի ողորմեցայ»: Ապա բարկութեամբ կը հրամայէ՝ ցզայն դահիճներուն յանձնել, որպէսզի պատժեն, մինչեւ որ վճարէ իր բոլոր պարտքերը:
Եթէ պարտքին մեծութիւնը նկատի ունենանք, կրնանք հասկնալ, որ անոր համար սահմանուած պատիժը ցկեանս կ՚ըլլայ:
Առակը սկսելէ առաջ, Յիսուս ըսած է. «Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի հետեւեալին», ու անմիջապէս պատմած առակը: Հարցը, որ կը ծագի մեր միտքին մէջ, սա է. «հետեւեալ»ով ի՞նչ հասկցած է Յիսուս:
Ըստ իս, թագաւորը իր վարմունքով: Կը տեսնենք որ այդ վարմունքը աշխարհիկ ոեւէ թագաւորի վարմունք չէ. անիկա անանձնական է: Թագաւորին մէջ կրնանք տեսնել զԱստուած եւ կամ զՔրիստոս: Աստուած անսահման սէր կը տածէ մարդկութեան հանդէպ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր անհատի: Նոյնպէս Քրիստոս: Հետեւաբար, ան որ Աստուծոյ կամքին հաւատարիմ է եւ կամ ան որ Քրիստոսի կը հետեւի՝ կոչուած է նմանելու Երկնաւոր Հօր կամ Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի:
Երկինքի Արքայութիւնը՝ Աստուծոյ կամքին տիրապետութիւնն է մարդկային կեանքին մէջ: Երբ Աստուծոյ կամքն է մեզի համար գերագոյն առաջնորդը՝ մենք աշխարհիկ մարդոց վարմունքը չենք որդեգրեր, այլ կ՚ունենանք այնպիսի ընթացք, որ պատրաստ է ներելու ո՛չ միայն ծանօթին, այլ նաեւ անծանօթին. ո՛չ միայն բարեկամին, այլ նաեւ թշնամիին: Այս վարմունքը անկարելի է մտածել աշխարհիկ հոգեբանութեան մէջ:
Առակի եզրակացութեան մէջ, Յիսուս կ՚ըսէ. «Ահա նոյն ձեւով իմ Երկնաւոր Հայրս պիտի վարուի ձեզի հետ, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը սրտանց չներէ իր եղբօր՝ անոր յանցանքները»: Այս համարը մէկ կողմէ յորդոր է, միւս կողմէ՝ ազդարարութիւն:
Անիկա կ՚ուզէ մեզ մղել Երկնաւոր Հօր նմանելու, ի մտի ունենալով միշտ՝ որ վախճանական դատաստանի օրը Աստուած մեր հետ պիտի վարուի այնպէս՝ ինչպէս մենք կը վարուինք մեր նմաններուն հետ: Ով որ սէր եւ գթութիւն կը ցուցաբերէ՝ Աստուծոյ սիրոյն եւ գթութեան արժանի պիտի ըլլայ. ով որ անսիրտ եւ անողորմ կեցուածք կը ցուցաբերէ՝ նոյն անսիրտ եւ անողորմ կեցուածքին արժանի կ՚ըլլայ:
Արդ, Յիսուս այստեղ կ՚արտայայտէ ճիշդ այն միտքը, որ արտայայտած է յորդորով, որ կ՚ըսէ. «Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց» (Մտ 7.12): Ժողովրդային ասացուածքը նոյն բանը կ՚ըսէ. «Ինչ որ ցանես այն կը հնձես»: Սէր եւ գթութիւն կը ցանես՝ սէր եւ գթութիւն կը հնձես. անսրտութիւն եւ անողորմութիւն կը ցանես՝ անսրտութիւն եւ անողորմութիւն կը հնձես:
Այս առակող Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ սրտանց եւ անսահմանօրէն ներելու մեր եղբայրներն ու քոյրերը: Եւ միայն այն ատեն է, որ երանելի կ՚ըլլանք:
Անշուշտ, որպէսզի սրտանց ներելը կատարելապէս արդիւնաւէտ ըլլայ՝ իր յանցանքին համար զղջացողը՝ ներողութիւն պէտք է խնդրէ: Կրնամ ես իմ սիրտիս մէջ ներել իրեն, ինքն ալ կրնայ իր սիրտին մէջ զղջացած ըլլալ, բայց որպէսզի յանցանքին մեր միջեւ ստեղծած հեռաւորութիւնը վերանայ՝ պարտապանը պէտք է հատուցանէ, իսկ այդ հատուցումը գլխաւորաբար ներողութիւն խնդրելով կ՚ըլլայ:
Հարստութիւնը, պաշտօնն ու դիրքը մոռցնել պէտք չէ՛ տան մեզի, որ մենք մարդ ենք, բոլորս ալ հաւասար կերպով ստեղծուած ենք Աստուծոյ կողմէ: Ասկէ մեկնելով՝ պէտք է գիտակցինք, որ մեզմէ մէկուն կամ միւսին ունեցած որոշակի առաւելութիւնը, դեռ եւս չի՛ նշանակեր, որ մենք մեզ կրնանք մեր նմաններէն տարբեր կամ գերիվեր սեպել: Ի վերջոյ, բոլորս ալ պիտի մահանանք եւ փոսի մը մէջ պիտի թաղուինք: Կարեւորը ո՛չ թէ մեր աշխարհիկ կեանքի վիճակն է, այլ՝ աշխարհի մէջ ապրած ժամանակաշրջանին մեր հոգիին վիճակն է, թէ ի՛նչ մակարդակի բարձրացուցած ենք զայն:
Կարեւորը ֆիզիքական ճոխութիւնը չէ, այլ՝ հոգիի գեղեցկութիւնը:
Կարեւորը նիւթական հարստութիւնը չէ, այլ՝ հոգիին հարստութիւնն է:
Կարեւորը այս աշխարհի մէջ զբաղեցուցած դիրքն ու պաշտօնը չեն, այլ՝ հոգիին պատրաստակամութեան աստիճանը՝ վերջին դաստաստանին Աստուծոյ դիմաց կանգնելու:
Մենք մեզ աշխարհիկ եւ ժամանակաւոր հարստութեամբ, դիրքով ու պաշտօնով չխաբենք, որովհետեւ ատոնք այսօր կան, վաղը կրնան չըլլալ: Վստահաբար, շատերդ հանդիպած էք մեծահարուստներու, որոնք հակառակ իրենց ունեցած հարստութեան, դիրքին ու բարձրութեան, չնչին հիւանդութիւն մը, կամ աննշան դէպք մը խլած է անոնց կեանքը…: Ի՞նչ օգուտ տուած է իրենց այդ հարստութիւնը կամ դիրքը:
Հետեւաբար, աշխարհիկ բաներու մասին մտածելու փոխարէն մտածենք, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենանք ժառանգել Երկինքի Արքայութիւնը, իսկ մինչ այդ թէ ինչպէ՛ս պիտի կանգնինք Արդար Դատաւորին դիմաց՝ Վերջին Դատաստանի ժամանակ: Հիմա սկսինք մենք մեզ զինել առաքինի ու բարի գործերով, որպէսզի երբ ահաւոր ատեանին մէջ յայտնուինք, մեր գործերը կարենան վկայել մեր մասին:
Միշտ յիշենք, որ մենք պարտաւոր ենք ներողամտութեամբ վերաբերուելու մեր նմաններուն հետ անխտիր, որովհետեւ Աստուած Ինք այդպէս վարուեցաւ մեզի հետ: Հարստութիւնը, դիրքը, պաշտօնը պատճառներ պէտք չէ ըլլան, որպէսզի մենք մեր վերաբերմունքը փոխենք մեր նմաններուն նկատմամբ, ընդհակառակը, առիթ պէտք է ըլլան, որպէսզի մենք մեր համեստ նպաստը բերենք մարդկային անարդարութիւնները թեթեւցնելու նուիրական գործին, ի փառս Աստուծոյ: Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 138
Վաղարշապատ