ՓՆՏՌՏՈՒՔՍ
Պարզ փնտռտուք մը չէր ըրածս, ոչ ալ պարզ բան մըն էր փնտռածս:
Ճիշդ է, թէ թանկագին առարկայի մը արժէքը ունէր, սակայն առարկայ մը չէր:
Փնտռտուքս չէր նմաներ մամուլի էջերու այն փոքրիկ սիւնակներու մէջ շարքի անցած յայտարարութիւններուն:
Անողոք ու անկաշառ մարդկային խղճմտանքէ ծնունդ առած բան մըն էր, որ նետեր էր զիս մտածման խորերը:
Այլ խօսքով՝ անցեալի եսակեդրոն տարիքիս անփորձութեան մշուշէն եկող գաղափար մը՝ որ կը մաշեցնէր ուրախութիւնս, կ՚այրէր զայն հսկայ փայտերու նման եւ որոնց ճարճատիւնը կը խլացնէր ականջներս:
«Հրաշալի տեսիլ մըն է կեանքը.- ինչպէս ըսած էր Գրիգոր Զօհրապ.- դիտուած վարագոյրի մը պատռուածքէն, զոր պատանութիւն կ՚անուանեն»:
Ահա իմ փնտռածս հոն է, ծանօթ բոլորին, բոլոր անոնց, որոնք այդ վարագոյրէն անդին տեսած եւ ապրած են զայն: Այս մասին յաճախ կը հարցնէի շուրջիններուս, որոնք ապշահար կը դիտէին վիճակս: Բոլորը կը ծաղրէին զիս, կը խնդային: Ու ես անոնց ծիծաղին ու խնդուքին մէջէն կը ստեղծէի ատելութեանս կաղնին: Կ՚ատէի զիրենք: Կ՚ատէի ամէն ինչ, նոյնիսկ ակամայ՝ փնտռածս: Բայց եւ այնպէս կը շարունակէի զայն փնտռել:
Յստակ գիտէի եւ քանի մը անգամներ կարդացած՝ Համաստեղի «Աղօթարանը»: Ծանօթ էի Մեծարենցի «Հովը»ին: Բայց իմ փնտռածս անոնց չէր նմաներ: Անոնցմէ չէր:
Ինծի համար սքանչելի գեղեցկութիւն մը ունէր ան, սպիտակ արձանի մը նման, որ թանգարանի մը միակ զարդը ըլլալ կը թուէր:
Օրերով երազած էի: Վաղ երիտասարդութեանս տարիները անոր յաճախանքով մաշեցուցած էի: Զինք հասկնալ փորձած էի ու երբ զինք ունենալուս սփոփանքով յաւակնոտի պարծենկոտ նայւածքներովս դիտած էի շուրջս եւ երբ ամբողջ զգացումներս ու էութիւնս զինք շղթայած էին՝ ահա այդ միջոցին զգացած էի, թէ ան ալ առանձին էր: Զինք կորսնցուցած էի:
Իր կորուստով, իր բացակայութեամբ, աշնանային ծառի նման խղճալի դարձած էի:
Ասիկա էր անցեալը:
Ու հիմա, ժամանակէն առաջ ճերմկցող մազերովս, բազամշերտ մտմտուքներով բեռնաւորուած ճակատովս, կը փորձեմ անորոշութենէս դուրս մնալ ու այդպէս քալել, միշտ զայն փնտռելով:
Բաժնուած էինք իրարմէ: Զիրար կորսնցուցած առանց կռուի, առանց իրարու դէմքին թունաւոր նետերու նման ծանր խօսքեր արձակելու: Անոր համար հիմա միակ վախս զայն չգտնելն է:
Չգտնել այն՝ որուն հաւատացած չէի իր ժամանակին, սակայն հիմա իր հարուածներուն ստրուկը դարձած եմ: Ու զինք կը փնտռեմ ամէն տեղ: Ապարդիւն:
Ու իբրեւ գիտակից որոնումիս ունայնութեան, ամէն փնտռտուքէ ետք, կը փորձեմ մոռնալ զայն: Դադրիլ զինք հալածելէ: Կը մտածեմ, երբեմն վար դնել «որսորդի» յոգնած զէնքերս: Բարեկամութիւն հաստատել անոր հետ: Կրկին մտերմանալ:
Բայց ինչպէ՞ս: Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս:
Ծիծաղելի է դաշինք կնքել առանձինդ, երբ երկրորդ կողմը բացակայ է: Բայց եւ այնպէս, կը կարծեմ, թէ արդար չէ զինադուլ կնքել ապերախտի մը հետ, որուն բացակայութիւնն իսկ ճնշող տառապանք մը եղած է ինծի համար ընդմիշտ:
Ըսի չէ, ահա այս ներկաս, որ նախկինէն ազատագրում մը չէ, այլ՝ դառն ու նոր տագնապներու վերսկսում մը միայն:
Եւ այսպէս, ուշ մնացած շնորհակալութեան մը նման, յետադարձ ակնարկով կրկին սկսած եմ փնտռել իր ներկայութիւնը, ազատելու համար խիղճս ու մանաւանդ, հետզհետէ մաշող միտքս:
Բայց կը զգամ, որ կրկին ծնունդ առած է նախկին հեւքս, այս անգամ աւելի նորոգուած, մշակուած եւ զգուշաւոր:
Ու շրջապատիս գիտակցութեան, մտայնութեան եւ ակնարկներուն լեռներն ու ձորերը չափելով, յոգնած հովիւի մը պէս, երբ կը հանգչէի մտածմանս պղտոր աղբիւրին մօտ, թեթեւ քուն մը զիս դէպի խաբկանք ու երանութիւն կը տանէր:
Դարձեալ խեղճութեան մէջ կ՚իյնայի, որ զիս կը տագնապեցնէր ու կ՚ալեկոծէր ներաշխարհս:
Առանձնութեանս համար բաղձալի ընկեր մըն էր ան, երանութեան գացող բաղձայնքով, զոր դիպուածը օր մը դէմս հանած էր: «Վտանգաւոր» դիպուած մը սակայն:
Լերան մը վայելքները հմայիչ տեսարաններով կ՚ազնուացնեն մարդս, սակայն անոնց անմիջական քովը, որքան ահաւոր են խորունկ անդունդները: Վա՜յ սայթաքողներուն: Ու ես կը զգայի, որ այս վիճակովս ոտքս կը սահէր ու անդունդը ոչ միայն զիս կը սպասէր՝ այլ ինծի կը մօտենար:
Բայց եւ այնպէս, կրկին կը շարունակէի ընթացքս, փնտռտուքս, միշտ անիծելով կեանքս, բախտս, շրջապատս, մտայնութիւնները...:
Կը քալէի նման անոնց, որոնց մազերու ցանցառ վիճակէն ու դէմքին արտայայտութենէն կարելի էր կարդալ անոր հոգւոյն ներաշխարհը: Երբեմն ալ զինաթափ, շատ մտերմիկ, մտածմանս ու գիտակցութեանս դիմաց կեցած, անակնկալ դրուագներով ու ապրած կեանքիս հարուածներովը ուռճացած միամտօրէն կը հարցնէի ես ինծի: Հարց կու տայի, թէ ի՞նչ է այն, որ կը փնտռեմ երկար դադարէ մը ետք, ուր դանակ մը կտրած էր հանգոյցը ապրուած դրուագին:
Ու վերջապէս գերագոյն գաղտնիք մը տալու պէս, ես ինծի մանուկներու յատուկ միամտութեամբ մը կը պատասխանէի.
-Առաջին սէրս…:
***
Գրեթէ այսչափով, երջանիկ էի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ԱՄՆ