Ո՞ՒՐ Է ՀԱՅԵՐԷՆԸ
Անցնող օրերուն Մայր Աթոռի շրջափակէն ներս ականջալուր եղայ իրողութեան մը, որ մէկ կողմէ խռովք պատճառեց, իսկ միւս կողմէ մտորումներու գիրկը նետեց եւ առիթ հանդիսացաւ այս տողերը գրելու:
Մի քանի խումբեր, բոլորն ալ երիտասարդներ՝ տարբեր տարիքի, կը յառաջանային դէպի Մայր Տաճար: Առաջին ակնարկով՝ ոգեւորող ու գօտեպնդող երեւոյթ՝ մա՛նաւանդ երբ այդ պատկերին ականատես կ՚ըլլաս հեռուէն: Սակայն, երբ արդէն իրարու կողքէ կ՚անցնէինք…, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, արաբերէն, սպաներէն լեզուներով խօսակցութիւններ…
Ընթերցողը չզարմանայ, բոլորն ալ հա՛յ երիտասարդներ էին, սփիւռքէն հայրենիք եկած…:
Թերեւս այս տողերը չգը-րէի, եթէ մօտիկ անցեալին, ձեռնարկի մը ընթացքին, թերթիս սիւնակագիրներէն՝ Հրայր Տաղլեանին հետ միասին կարծիք յայտնեցինք, թէ հայերէնը ներկայիս մեծ վտանգ կը դիմագրաւէ սփիւռքի մէջ (նաեւ Հայաստանի) եւ թէ պատկերը այդքան ալ փայլուն եւ յուսադրող չէ, ինչպէս կը փորձեն ոմանք ներկայացնել, մեր այս կարծիքին ի պատասախան, հեռաւոր Ամերիկայէն թէ մօտիկ Միջին Արեւելքէն դատափետեցին մեզ՝ ըսելով, թէ շատ ծայրայեղ ենք մեր մօտեցումներուն մէջ, թէ մենք պատկերացում իսկ չունինք, թէ ի՜նչ փայլուն է հայերէնի վիճակը սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս…:
Եթէ այդպէս փայլուն է վիճակը իրապէս, բնականաբար Մայր Աթոռի շրջափակէն ներս նման իրողութեան մը ականջալուր պիտի չդառնայի ո՛չ ես եւ ո՛չ ալ ուրիշներ:
Եթէ այդպէս յուսադրող է վիճակը իրապէս, բնականաբար այդ խումբերուն մէջ եթէ մէկ կամ երկու հոգին վերոնշեալ լեզուներէն մէկով խօսէին, ապա մնացեալները հայերէն կը խօսէին, գէթ Մայր Աթոռի շրջափակէն ներս:
Այս երեւոյթը լուրջ մտահոգութեան դուռ կը բանայ. դուռ մը, որ երկար տարիներ առաջ բացուած է եւ ցաւօք սիրտի տակաւին չենք յաջողած գոցել զայն: Դուռ մը, որ կամաց-կամաց կ՚ուծացնէ մեզ մեր ինքնութենէն, մեր արմատներէն: Դուռ մը, որ ո՛չ միայն չենք կրնար, աւելի ճիշդ չենք յաջողիր գոցել (որովհետեւ կամքն ու փափաքը կան գոցելու), այլ՝ չենք կրնար դիմադրել անոր բացած միւս դռներուն: Ի վերջոյ դուռ մը, որ մեր զաւակները կ՚օտարացնէ, կը հեռացնէ իրենց արմատներէն ու ակունքէն:
Այդ դուռ գոցելուն գլխաւոր դերակատարներն են եկեղեցին, միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւնները իրենց յարակից մարմիններով: Ցաւով պիտի արձանագրենք նաեւ, որ վերոնշեալ այս բոլոր կառոցներն ու հաստատութիւնները, հակառակ իրենց կատարած ճիգերուն եւ տարած աշխատանքին, չեն յաջողած գոցելու այդ դուռը:
Չյաջողիլը բնականաբար ո՛չ մեղք է եւ ո՛չ ալ ամօթ: Մեղքն ու ամօթը կրկին անգամ չփորձելն է: Աւելի դատապարտելին ու ամօթալին այն է, որ գործածուած զէնքերն ու միջոցները, որոնցմով ձախողութեան մատնուած էինք, դարձեալ նոյն այդ բոլորը շարունակել փորձելն է: Եւ այսօր մեր վերոնշեալ կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն մեծագոյն թերութիւնը այն է, որ փորձուածը դարձեալ կը փորձեն…, առանց յուսահատելու, առանց նոյնիսկ մտածելու, որ այդ փորձերը եւս ապարդիւն պիտի անցնին, միաժամանակ ալ խուլ ձեւանալով այն ժողովրդական առածին, որ կ՚ըսէ. «Ով որ նոյն գետին մէջ երկու անգամ կը խեղդուի, այդպիսին խելք չունի»:
Մենք հաւատացողն ենք, որ խելքի պակասութիւն չունինք սփիւռքի մէջ, ընդհակառակը: Սփիւռքի մէջ մեր էական խնդիրը յոռի կառավարումն է (mismanagement), կամ ընդհանրապէս կառավարման բացակայութիւնն է: Ո՛չ ոքի համար գաղտնիք է, որ սփիւռքի մէջ ԽԾԲ (խնամի, ծանօթ, բարեկամ) յարաբերակցութեան տոկոսները շատ բարձր են, ինչի հետեւանքով լաւագոյն ուժերը մութին մէջ կը մնան, կամ օտար շրջանակներու մէջ կը ստեղծագործեն, յաջողութիւններու եւ նուաճումներու կը հասնին: Սփիւռքի մէկ ուրիշ խնդիրը այն է, որ որոշ ղեկավարներ, կամ պաշտօնի վրայ գտնուող անհատներ քծնանքի սիրահարներ են, չըսելու համար առանց շողոքորթուելու չեն կրնար տոկալ, գոյատեւել:
Թերեւս ոմանք հարցնեն, թէ այս վերի երկու հատուածները ի՞նչ առնչութիւն ունին գրութեանդ վերանգիրին հետ: Անմիջական կապ. որովհետեւ հայերէնի ուսուցումը գլխաւորաբար կախում ունի վերը յիշատակուած կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն հետ: Գաղտնիք չէ, որ սփիւռքի մէջ չորս կամ հինգ հայերէն լաւ ուսուցիչներու կողքին, գոյութիւն ունին յիսուն, վաթսուն, եօթանասուն, նոյնիսկ հարիւր հայերէն չգիտցող հայերէնի ուսուցիչներ, որոնք ո՛չ մէկ կերպով սէր եւ կապուածութիւն կրնան յառաջացնել իրենց աշակերտներուն մէջ՝ մայրենիին նկատմամբ, ինչ բանի պատճառով ալ հայրենիք եկած հայ երիտասարդներու բերաններէն ամէն տեսակի լեզուի ականջալուր կը դառնանք, բայց ո՛չ հայերէնի: Ոմանք պիտի ըսեն, թէ դպրոցը միայն առանձինն ոչինչ կրնայ ընել, շատ բան ծնողներէն կու գայ: Արժան եւ իրաւ: Այսօր եթէ փոքրիկ խումբ մը կայ հայ երիտասարդներու, որոնք ապրելով սփիւռքի մէջ ո՛չ միայն հայերէն կը խօսին, այլ՝ հայերէնով կ՚ապրին, ապա ատիկա շնորհն է իրենց ծնողներուն եւ որոշ առումով վերոնշեալ կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն մէջ գործող անհատներու, որոնց դիմաց կ՚արժէ գլուխ խոնարհեցնել. ուշադրութիւն դարձուցէք անհատներ ըսի եւ ո՛չ թէ եկեղեցի, կազմակերպութիւն կամ հաստատութիւն, որովհետեւ այս կառոյցները ինչպէս վերը նշեցի, ձախողած են իրենց առաքելութեան մէջ՝ հայերէն լեզուի առնչութեամբ:
Բաւարարուիմ այսքանով, որովհետեւ նպատակս առաջարկներ կամ լուծումներ տալը չէ, այլ՝ պարզապէս այս եպերելի երեւոյթին անդրադառնալն էր:
Դարձեալ հարցնենք.
-Ո՞ւր է հայերէնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2 Օգոստոս 2025, Վաղարշապատ