ԳԱՆԱՏԱ. ԵՐԿԻՐ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ
Երբ մտայ Մոնթրէալ եւ Մհերը դիմաւորեց զիս, ուզեցի զգալ մեր ընկերութեան ու մեր միջոցաւ Գանատայի ալ մեծ կարօտի ձեւը, բոյրը, համը, գծագրութիւնը: Որեւէ կարօտ որեւէ երկրի հանդէպ կայ ու կայ, այն մոլորակային է եւ յաւերժական, իսկ կարօտներն ու ձգտումները, իրական եւ անիրական հասանումները դէպի երկիրներ, տեղեր ու շրջաններ-ժամանակներ՝ մշտապէս եւ առաւելապէս կը գոյանան ընկերներուդ, հարազատներուդ կամ ամենանուազագոյն ձեւով անծանօթ, բայց յայտնի մարդոց միջոցաւ։ Մհերին հետ դեռ պատանեկութենէն մտքիս մէջ գծուած էր Մոնթրէալը, որ Գանատայի խորհրդանիշն է։ Ան ձեւով մը միջազգային ընկալում ալ ունի եւ ամենայայտնի ու իւրայատուկ քաղաքն է Գանատային: Մոնթրէալը ֆրանսախօս է, ըլլալով Քէպէք նահանգի մայրաքաղաքը՝ փորձած է նոյն նահանգով անկախանալ Գանատայէն։
Երբ Մհերը սկսաւ ներկայացնել քաղաքին հին եւ նոր բաժինները, տարօրէն մեր պատանեկութեան հետ եկած Գանատան գոյացաւ՝ անցեալն ու ներկան խտացնելով։ Ինչքան ալ յուզմունք, խինդ, արեւմտականացում կը ներկայացնէր ամէն ինչ, Մհերին հետ ողջագուրուելով Մոնթրէալը կը զգացնէր ինքզինք ըսելով՝ որ թախիծ մը ունի: Եւ կը զգայի, թէ այդ մէկը շատ անկեղծ ընկալում մըն է, ինչքան ալ մեր իրական վերապրումը աւելի քան երեք տասնամեակի բաժանումով յառնած էր ու մեր պատանեկան ողջերթէն յառաջացած ու ատկէ ետք թաւալած ժամանակի վիպապաշտականացումը ակամայ եւ արդար ներծծումով կեանքի հոսքը տխրեցուցած՝ հեռաւորութեան մը շղարշով, սակայն, կը փորձէի շատ նրբօրէն գրկել Մոնթրէալը: Մհերն ու Մոնթրէալը միախառնուած էին մէջս եւ ինչքան ալ բաժնէի զիրենք միւս բոլոր ընկերներէս ու հարազատներէս, որոնք Գանատա են, տեղ մը պատանեկութիւնս եւ մեր հրաշածին ընկերութիւնը թոյլ չէր տար այդ մէկը: Աշխարհը պիտի բաժնեկցիս եւ քու հասկնալու առք ու սփռումդ անպայման պիտի շերտացնես ընկերներով, սէրերով, քաղաքակրթական միացեալ խորացումներով, ի վերջոյ ժամանակը ժամանակ չէ, եթէ ժամացոյցդ գերանհատական է, իսկ Մհերը հոն էր միշտ թէ՛ միասնական աշխարհով եւ թէ Միջին Արեւելքով, միեւնոյն ատեն հայաստանացմամբ ու գանատայացմամբ:
Միասնաբար կը քալէինք Մոնթրէալի երկար փողոցներով. Մհերը ինծի բացատրութիւններ կը հաղորդէր, իսկ ես գերհաճելի ու բերկրացած թախծանք մը կ՚ապրէի եւ յաճախ ալ թախծագին բերկրութիւն: Բարձր բլուրէն կը դիտէինք քաղաքը. Մաք Կիլ համալսարանը, հարուստներու թաղամասը, հին նաւահանգիստը եւ բազմաթիւ վայրեր… Մոնթրէալ իր թախիծով ու յուզումնականութեամբ վտարանդիութիւն կը բուրէր… ֆրանքոֆոնիէն, քէպէքականութենէն եւ նոյնիսկ եւրոպականացումէն երկչոտած ու տեղ մըն ալ պահուըտած, բայց միեւնոյն ժամանակ զգալով անոնց անշրջելիութիւնը՝ քաղաքի ամօթխածութիւնը բացառիկ էր եւ քնքշանք ու անսահման փափկութիւն կար անոր մէջ:
Մոնթրէալցիները հարազատ էին, հին ու նոր էին, անժամանակ էին, իսկ իրենց պարզութեամբ ու քաղաքակրթութեամբ արդէն իսկ անգերազանցելի: Կը մտածէի՝ եթէ մենք գանատացի չըլլանք, ապա ի՞նչ պէտք է ըլլանք իբրեւ մարդ, ո՞ւր է բարձրագոյնը մարդկայինին, իր ամենամանրակրկիտ ձեւերով ու մանրամասնութիւններով, սկսեալ հագուստէն, հասնելով անհատական ու հաւաքական բոլոր ճամբաններու իտէալականացումներու գործադրութիւններուն: Քաղաքը, ինչպէս համաձայնագիրով կնքած է երկուորներու ու բնիկներու միջեւ, շատ հեզասահ կը ներկայացնէր մեծ նկար մը։
Մհերին հետ երկար խօսեցանք պատմական դէպքերու շուրջ եւ մեծ հիւանդանոց-եկեղեցի մը այցելութեան ընթացքին, ուր ֆրանք կղերական մը հրաշքներ գործած էր եւ սրբադասուած, յանկարծ լսեցինք Հնդկաստան-Փաքիստան պատերազմի բռնկման լուրը։ Մհերին քոյրը՝ Հերան Հնդկաստան գացած էր այցելութեան, մտահոգուեցանք ու կապ հաստատեցինք իրեն հետ։ Ես թէեւ Միջին Արեւելքէն կու գայի, պէտք էր Հնդկաստանն ու Փաքիստանը աւելի մօտ թուային ինծի, սակայն, Մոնթրէալին աւելի մօտ տեսայ անոնք։ Հրաշագործ սուրբի հիւանդանոցը բլուրով Մոնթրէալը անգամ մը եւս համակեց մեզ՝ իր համամարդկայնութեան տարբերակումներով:
Կեցութեանս օրերուն Մհերին հետ այցելեցինք քաղաքի հայկական հաստատութիւնները, որոնք առթեցին արդար հպարտութիւն։ Հրաշալի էին Մհերին մայրիկին ու հայրիկին հետ զրոյցներն ու անցուցած ժամանակները, ինչպէս նաեւ միւս ընկերներուս հետ: Մոնթրէալը Գանատան էր եւ Գանատան չէր կրնար չըլլալ առինքող ու վեհ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան