ՀԱՄԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՏԱԳՆԱՊ
Ֆրանսայի ընդվզումները փտածութեան եւ պետական պատասխանատուութեան ճգնաժամի տեսանկիններէն կը դիտարկուին: Ֆրանսայի մէջ փողոցը դարձեալ կը խօսի։ Աշխատաւորներու, գիւղատնտեսներու եւ ուսանողներու դժգոհութիւնները, պետական ծառայութիւններու վիճակին շուրջ մտահոգութիւնները եւ քաղաքական իշխանութեան հանդէպ վստահութեան նահանջը առանձին երեւոյթներ չեն։ Անոնք կը բացայայտեն խորացող հակասութիւն մը՝ պետութեան տնտեսական առաջնահերթութիւններուն եւ հասարակութեան լայն խաւերու առօրեայ իրականութեան միջեւ։
Երբ գործարանը կը փակուի, գիւղացին չի կրնար արդար գինով վաճառել իր արտադրանքը, իսկ ընտանիքը կը դժուարանայ հոգալ կեանքի տարրական ծախսերը, ապա տնտեսական դժգոհութիւնը անխուսափելիօրէն կը վերածուի քաղաքական հարցումի։ Ո՞վ կը վճարէ պետական քաղաքականութեան ձախողումներուն գինը եւ որո՞նք պատասխանատուութեան կը կանչուին այդ ձախողումներուն համար։
Այս հարցումը կը հետապնդէ Ֆրանսան՝ Նիքոլա Սարքոզիի նախագահութենէն մինչեւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի իշխանութեան տարիները։ Դեղին բաճկոնաւորներու շարժումը, կենսաթոշակային բարեփոխումներուն դէմ բողոքները եւ ներկայ ուսանողական ընդվզումները տարբեր պատճառներ ունին, սակայն, անոնց միջեւ կայ հասարակաց գիծ մը՝ քաղաքացիներու աճող համոզումը, թէ քաղաքական իշխանութիւնը հեռացած է իրենց մտահոգութիւններէն։
Տնտեսական աճ մը կայ, սակայն, անհաւասարութեան պայմաններու մէջ: 2008-ի համաշխարհային ելմտական ճգնաժամը եւ յաջորդած տարիներու արդիւնաբերական փոփոխութիւնները ծանր հարուած հասցուցին Ֆրանսայի տնտեսութեան։ Արտադրութեան որոշ ճիւղեր տեղափոխուեցան աւելի աժան աշխատուժով երկիրներ, իսկ միջազգային մրցակցութիւնը դժուարացուց տեղական արտադրողներուն դիրքերը։ Գործարաններու փակումները եւ աշխատատեղիներու կորուստը յատկապէս ծանր հետեւանքներ ունեցան արդիւնաբերական շրջաններուն մէջ։ Սակայն, Ֆրանսայի դժուարութիւնները միայն համաշխարհայնացման հետեւանք չէին։ Կարեւոր դեր ունեցան նաեւ պետական տնտեսական գործելաոճերը եւ հարկային քաղաքականութիւնը։
2007-ին իշխանութեան գլուխ եկած Սարքոզիի կառավարութիւնը հարկային արտօնութիւններով փորձեց խթանել ներդրումներն ու տնտեսական գործունէութիւնը։ Սակայն, այդ քաղաքականութեան արդիւնքները չարդարացուցին բոլոր ակնկալիքները։ Տնտեսական ճգնաժամին զուգահեռ՝ գործազրկութիւնը բարձրացաւ, իսկ պետական պարտքը շարունակեց աճիլ։ Հանրային ելմտական ճնշումները, իրենց կարգին, նոր հարցումներ յառաջացուցին պետական ծախսերու, ընկերային պաշտպանութեան եւ հարկային բեռի արդար բաշխման շուրջ։
Ֆրանսուա Օլանտի նախագահութեան ընթացքին որոշ փոփոխութիւններ կատարուեցան, բայց, տնտեսական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնը ամբողջութեամբ չփոխուեցաւ։ Աշխատաւորներու եւ միջին խաւին համար շարունակեց մտահոգիչ մնալ այն իրողութիւնը, որ տնտեսական դժուարութիւններու դիմագրաւման միջոցները յաճախ կը ներառէին ծախսերու սահմանափակում եւ քաղաքացիներու վրայ նոր բեռներու հաստատում։
Մաքրոնի տարիները իշխանութեան եւ հասարակութեան խզումով բնորոշուեցան: 2017-ին իշխանութեան գլուխ եկած Մաքրոն խոստացաւ արդիականացնել Ֆրանսան, խթանել ձեռնարկատիրութիւնը եւ յաղթահարել աւանդական ձախի ու աջի քաղաքական բաժանումները։ Անոր ծրագիրը կը պաշտպանէր եւրոպական համարկումը, ներդրումները եւ աշխատաշուկայի ճկունացումը։ Սակայն, այս ուղղութիւնը շուտով բախեցաւ դժգոհութեան՝ հասարակութեան այն խաւերուն կողմէ, որոնք իրենց կեանքին մէջ չէին զգար խոստացուած բարելաւումները։
2018-ին վառելանիւթի հարկերու բարձրացման դէմ սկսած դեղին բաճկոնաւորներու շարժումը վերածուեցաւ լայն ընկերային ընդվզումի։ Շարժումը դուրս եկաւ իր սկզբնական պահանջներու սահմաններէն՝ բարձրացնելով գնողունակութեան, հարկային արդարութեան եւ քաղաքական ներկայացուցչութեան հարցերը։ Շատերու համար խնդիրը միայն վառելանիւթի գինը չէր, այլ այն զգացումը, թէ իշխանութիւնը պատրաստ էր պահանջելու նոր զոհողութիւններ՝ առանց համարժէք պատասխանատուութիւն ստանձնելու։
Կենսաթոշակային համակարգի փոփոխութիւններուն դէմ ցոյցերը նոյն հակասութիւնը աւելի սուր դարձուցին։ Կառավարութիւնը կը խօսէր համակարգի ելմտական կայունութեան մասին՝ մինչ արհեստակցական միութիւններն ու ընդդիմադիր ուժերը կը պնդէին, որ բարեփոխումներուն բեռը անհամաչափօրէն կը վիճակի աշխատաւորներուն։
Այս բանավէճին մէջ հիմնական հարցումը կը մնայ անփոփոխ. տնտեսական եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւններուն գինը պէտք է վճարեն հիմնականին մէջ աշխատողնե՞րը, թէ ամբողջ հասարակութիւնը՝ իր կարողութեան համեմատ։
Ֆրանսայի ելմտական վիճակը կը հաստատէ, որ կառավարութեան առջեւ դրուած խնդիրը լուրջ է։ Ըստ երկրի վիճակագրական INSEE հաստատութեան՝ 2025-ի վերջաւորութեան պետական պարտքը հասած էր համախառն ներքին արտադրութեան 115,6 առ հարիւրին, իսկ պիւտճէի բացը կազմած է 5,1 առ հարիւր։ Այս թիւերը կը սահմանափակեն պետական ծախսերու ազատութիւնը, բայց, իրենք իրենցմով չեն արդարացներ ընկերային անարդարութեան խորացումը։ Հարցը նաեւ այն է, թէ ինչպէ՛ս կը բաշխուին անհրաժեշտ խնայողութիւններուն հետեւանքները։
Ծայրայեղ աջը եւ դժգոհութեան քաղաքականացումը կ՚առանձնանան այս պատկերին վրայ: Ընկերային դժգոհութեան խորացման զուգահեռ՝ Ֆրանսայի մէջ աճեցաւ ծայրայեղ աջի ազդեցութիւնը։ Մարին լը Փենի գլխաւորած Ազգային համախմբումը տնտեսական անապահովութեան, անվտանգութեան եւ ներգաղթի հարցերը դարձուց իր քաղաքական քարոզչութեան առանցքը։
Անվտանգութեան խնդիրները իրական են, իսկ ահաբեկչութեան վտանգը չի կրնար անտեսուիլ։ Սակայն, այս իրողութիւնները չեն արդարացներ ամբողջ համայնքներու հաւաքական մեղադրանքը։ Ներգաղթեալները՝ յատկապէս Ափրիկէէն եւ Հիւսիսային Ափրիկէէն մեկնած բնակիչները թիրախաւորելով՝ կարելի չէ լուծել գործազրկութեան, կրթական անհաւասարութեան կամ հանրային ծառայութիւններու նահանջին հարցերը։ Միւս կողմէ, լրատուամիջոցներու սեփականութեան կեդրոնացումը եւ քաղաքական օրակարգին վրայ անոնց ազդեցութիւնը եւս արժանի են ուշադրութեան։ Երբ հանրային քննարկումը շարունակաբար կը կեդրոնանայ ներգաղթի եւ ինքնութեան հարցերուն վրայ, ապա տնտեսական անհաւասարութեան եւ պետական պատասխանատուութեան խնդիրները կրնան մղուիլ երկրորդական դիրքի։ Սակայն, լրատուամիջոցներու ազդեցութեան քննադատութիւնը պէտք է հիմնուի փաստերու, այլ ո՛չ թէ ընդհանրացումներու վրայ։
Քաղաքական վստահութեան խաթարման միւս աղբիւրը կաշառակերութիւնն է։ Նիքոլա Սարքոզիի, նախկին վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոնի եւ Մարին լը Փենի դատական գործերը տարբեր բնոյթի են եւ իւրաքանչիւր պարագայ պէտք է գնահատել իր դատական հանգամանքներուն համաձայն։ Սակայն, անոնք կը յիշեցնեն, որ հանրային պաշտօնը անձնական կամ կուսակցական շահերու սպասարկութեան միջոցի վերածելու կասկածն անգամ կրնայ ծանր հարուած հասցնել ժողովրդավարական հաստատութիւններու հեղինակութեան։
Քաղաքացիներէն պահանջել խնայողութիւն, համակերպիլ ծառայութիւններու սահմանափակման եւ միեւնոյն ժամանակ չապահովել իշխանաւորներու թափանցիկ հաշուետուութիւնը՝ քաղաքական համակարգին հանդէպ անվստահութիւնը խորացնելու ուղիղ ճամբայ է։
Ոստիկանութեան եւ փողոցի կացութիւնն ալ առանձին նիւթ մըն է: Ֆրանսայի ընդվզումներուն ընթացքին ոստիկանութեան գործելակերպը դարձած է ամենավիճակայարոյց հարցերէն մէկը։ Դեղին բաճկոնաւորներու շարժման եւ կենսաթոշակային բարեփոխումներուն դէմ ցոյցերու ընթացքին արձանագրուած բախումները, ցուցարարներու ծանր վիրաւորումները եւ ուժի համաչափութեան շուրջ վէճերը հանրային դժգոհութիւնը աւելի սրեցին։ Պետութիւնը պարտաւոր է պահպանել անվտանգութիւնը եւ կանխել բռնութիւնը։ Սակայն, ոստիկանութեան պաշտօնէական հանգամանքը չի՛ կրնար անսահմանափակ ուժ գործադրելու արտօնութիւն տալ։ Նոյնպէս, ընկերային դժգոհութիւնը չի՛ կրնար արդարացնել խանութներու թալանը, ինքնաշարժներու հրկիզումը կամ հանրային սեփականութեան վնասումը։ Ժողովրդավարութիւնը կը պահանջէ երկու կողմերուն պատասխանատուութիւնը՝ ցուցարարներուն կողմէ օրէնքի պահպանում եւ պետական մարմիններուն կողմէ համաչափ ուժի կիրառում ու հաշուետուութիւն։ Երբ այս սկզբունքները չեն գործեր հաւասարապէս, ապա հասարակութեան վստահութիւնը կը շարունակէ քայքայուիլ։
Դպրոցներէն սկիզբ առած անհաւասարութիւնը ինքնին անարդարացնելի է: Ֆրանսայի ներկայ ուսանողական ընդվզումները այս տագնապին նոր երեսակը կը բացայայտեն։ Դպրոցական պայմաններու բարելաւման, ուսուցիչներու պակասի լրացման եւ համալսարան ընդունուելու համակարգի վերանայման պահանջները միայն կրթական ոլորտին չեն վերաբերիր։ Անոնք կը շօշափեն երիտասարդներու ապագայի եւ ընկերային շարժունակութեան հարցերը։
Աղքատ թաղամասերու եւ մեծ քաղաքներու արուարձաններու դպրոցները յաճախ կը գործեն սահմանափակ միջոցներով՝ մինչ աւելի բարեկեցիկ ընտանիքներու զաւակները կրնան օգտուիլ նպաստաւոր պայմաններէ։ Երբ կրթութիւնը, որ պէտք է հաւասար հնարաւորութիւններու դուռ բանայ, կը վերարտադրէ ընկերային անհաւասարութիւնը, ապա երիտասարդութիւնը պիտի դժուարանայ հաւատալ, թէ աշխատանքն ու ուսումը պիտի փոխեն իր կեանքը։
Ըստ վերջերս հրապարակուած տեղեկութիւններուն՝ ուսանողական բողոքները տարածուած են տարբեր քաղաքներու մէջ, իսկ կառավարութիւնը յայտարարած է դպրոցներու եւ համալսարաններու բարելաւման միջոցառումներ։ Սակայն, ուսանողական ներկայացուցիչները կը շարունակեն պնդել, որ իրենց պահանջները ամբողջութեամբ չեն բաւարարուած։ Այս զարգացումը կը վկայէ, որ կրթական ենթակառոյցներու բարելաւումը կարեւոր է, բայց, անբաւարար՝ եթէ անոր չընկերանան հաւասար հնարաւորութիւններ եւ երիտասարդներու ձայնը լսելու պատրաստակամութիւն։
Ֆրանսայի մէջ վստահութեան ճգնաժամը կը ցնցէ պետութեան հիմքերը: Երկրի տագնապը միայն փողոցային անկարգութիւններու կամ տնտեսական ցուցանիշներու խնդիր չէ։ Անիկա պետական կառավարման, ընկերային արդարութեան եւ քաղաքական վստահութեան ճգնաժամ մըն է։ Հանրային պարտքի աճը իրական սահմանափակումներ կը ստեղծէ, բայց թիւերը չեն կրնար փոխարինել քաղաքական ընտրութիւններու շուրջ անկեղծ բանավէճը։ Ո՞վ պիտի կրէ անհրաժեշտ փոփոխութիւններուն բեռը եւ ինչպէ՞ս պիտի ապահովուի, որ օրէնքը հաւասարապէս գործէ բոլորի պարագային։
2027-ի նախագահական ընտրութիւնները պիտի ընթանան այս հարցերու ստուերին տակ։ Ծայրայեղ աջը պիտի փորձէ օգտուիլ դժգոհութենէն, իսկ միւս քաղաքական ուժերը ստիպուած պիտի ըլլան համոզիչ պատասխաններ ներկայացնելու։ Սակայն, ընտրական յաղթանակը ինքնին չի՛ վերականգներ կորսուած վստահութիւնը։
Ֆրանսայի առջեւ դրուած է աւելի խոր մարտահրաւէր մը. ապացուցանել, որ պետութիւնը կը ծառայէ ամբողջ հասարակութեան, ո՛չ թէ միայն տնտեսական եւ քաղաքական ազդեցիկ շրջանակներուն։ Ոստիկանութիւնը կրնայ ցրուել ցոյց մը, կառավարութիւնը՝ ընդունիլ նոր օրէնք մը, իսկ ընտրութիւնները՝ փոխել իշխանութեան կազմը։ Բայց ո՛չ մէկ ուժ կրնայ հրամանով վերականգնել արդարութեան զգացումը։
Երբ քաղաքացին կը դադրի հաւատալէ, թէ իր ձայնը, աշխատանքը եւ զոհողութիւնը նշանակութիւն ունին, ապա ճգնաժամը փողոցին մէջ չէ միայն. անիկա կը մտնէ պետութեան հիմքերուն մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան