ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
Մեր այսօրուան եւ յառաջիկայ շաբաթներուն այս սիւնակով մեր սիրելի՛ ընթերցողներուն արաբերէնէ թարգմանաբար պիտի ներկայցնենք Ղպտի քոյր Եկեղեցւոյ երէց սերունդի հոգեւորականներէն՝ Անպա Մուսայի՝ Մովսէս Եպիսկոպոսի, որ Ղպտի եկեղեցւոյ երիտասարդութեան բաժանմունքի տնօրէնն է, «Ինչպէ՞ս պէտք է խօսինք երիտասարդներուն հետ» գրքոյկը, յուսալով, որ այս գրքոյկին հայերէնի վերածումը, օգտակար կը հանդիսանայ մեր հոգեւորականներուն եւ ընկերային ծառայողներուն՝ իրենց երիտասարդներուն հետ ունեցած առաքելութեան մէջ:
Բարի ընթերցանութիւն:
***
Թերեւս երիտասարդներուն հետ խօսիլը որոշ իւրայատուկ կերպեր ունի, ինչ որ Աստուծոյ օգնականութեամբ պիտի փորձենք յայտնաբերել զանոնք, որպէսզի մեր խօսքը ընդունելի եւ ազդեցիկ ըլլայ:
Մեր ուսուցիչը՝ Պօղոս առաքեալ, կ՚ըսէ. «Հաւատքը ծնունդ կ՚առնէ քարոզութիւն լսելէն. իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ՚արթնցնէ՝ երբ Քրիստոսի խօսքերն են որ կը քարոզուին» (Հռ 11.17). եւ «“Ով որ Տէրը օգնութեան կանչէ՝ պիտի փրկուի”: Բայց ինչպէ՞ս մարդիկ օգնութեան պիտի կանչէին Քրիստոսը, առանց Անոր հաւատացած ըլլալու. կամ ինչպէ՞ս պիտի հաւատային Անոր, առանց Իր մասին լսած ըլլալու. կամ ինչպէ՞ս պիտի լսէին, եթէ քարոզող մը չկար, եւ կամ՝ ինչպէ՞ս պիտի քարոզէին զայն, առանց Աստուծմէ ղրկուած ըլլալու» (Հռ 10.13-15): Խօսքին քարոզութիւնը ծառայողին առաքելութեան էութիւնն է, այդ պատճառով պէտք է արդիւնաւէտ եւ ազդեցիկ ըլլայ՝ Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան ընդմէջէն, ծառայողին ինքզինք պատրաստելէն, ինչպէս նաեւ պատրաստելէն իր սերտողութիւնն ու խօսքը երիտասարդներուն հետ:
Կը կարծեմ, որ կարեւոր ուղղութիւններ կան Խօսքի քարոզութեան համար երիտասարդներուն մէջ, ըլլայ քարոզը, կամ դասախօսութիւն, կամ համագումար, կամ բանավէճ, կամ աշխատանոցներ, կամ անհատական ծառայութիւն…: Ասոնք կարգ մը ուղղութիւններն են, որոնց ներկայութիւնը անհրաժեշտ կը նկատենք երիտասարդութեան հետ խօսած ժամանակ, որ՝ երիտասարդութիւնը կէս ներկան է եւ ամբողջ ապագան:
Ուղղութիւնները որոնց ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք երիտասարդութեան հետ խօսած ժամանակ, հետեւեալներն են.
1. Հոգեւոր ուղղութիւնը, որ հոգիի փրկութեան կը վերաբերի:
2. Աստուածաշնչական ուղղութիւնը, արդարեւ Աստուծոյ խօսքը հոգի է եւ կեանք:
3. Եկեղեցական ուղղութիւնը, ծիսական, դաւանաբանական եւ հայրաբանական:
4. Կազմաւորող ուղղութիւնը, որ ուշադրութիւն կը դարձնէ երիտասարդութեան կազմաւորումին, եւ ո՛չ թէ պարզապէս անոնց կրօնական գիտելիքներ կը ջամբէ:
5. Մարդկային ուղղութիւնը, որպէսզի մարդուն՝ իր ամբողջութեանը մէջ խօսի, որպէս՝ հոգի, միտք, շունչ, մարմին եւ յարաբերութիւններ:
6. Գիտական ուղղութիւնը, արդարեւ առողջ գիտութիւնը կը զօրակցի առողջ հաւատքին, եւ մեր դարը՝ գիտութեան դարն է: Լաւ պիտի ըլլայ, որ ծառայողը իր զաւակներուն գիտական առողջ գիտելիքներ ներկայացնէ, տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս՝ ընկերաբանութեան, հոգեբանութեան, կրթութեան, սորվեցնելու մեթոտներու, ամուսնական առողջ մշակոյթի, կամքի:
7. Կիրառական ուղղութիւնը, որովհետեւ երանի՜ անոր, որ գործեց եւ սորվեցուց…: Հետեւաբար, խօսքի քարոզութիւնը պէտք է աւարտի գործնական, հոգեւոր եւ վարքային կիրառութիւններով՝ իրագործելու համար:
8. Վկայելու ուղղութիւնը, որով երիտասարդը պէտք է ծառայողի վերածուի, եկեղեցւոյ ծառայութեան ոլորտներէն որեւէ մէկուն մէջ եւ վկայէ Տէր Յիսուսի մասին ընկերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ յաջող եւ սուրբ յարաբերութիւններ մշակէ:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ
Առաջինը պէտք է ըլլայ այս ուղղութիւնը, որ ծառայողը ուշադրութիւն դարձնէ անոր՝ երիտասարդութեան հետ խօսած ատեն: Երիտասարդութեան հետ որեւէ մէկ զրոյց արժէք չունի՛, եթէ իրենց հոգեւոր կեանքին, Տէր Յիսուսին իրենց ունեցած կարօտին, եկեղեցւոյ անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ փրկութեան մասին մտածելուն չ՚անդրադառնար: Այո՛… երիտասարդութիւնը ունի բազմաթիւ կարիքներ, որոնք մակերսէն կը սկսին ու դէպի խորերը կ՚երթան, այսպէս.
1. Կենսաբանական կարիքներ. ինչպէս՝ սնունդի, խմելու, կեցութեան, հագուստի, ամուսնութեան, ծննդաբերութեան եւ աշխատանքի կարիքը…, որոնք օրինական ու կարեւոր են:
2. Հոգեբանական կարիքներ. ինչպէս՝ սիրոյ, գնահատանքի, ապահովութեան, պատկանելիութեան, ինքզինքը իրագործելու, եզակիութեան եւ հեղինակութեան կարիքը…, որոնք կարեւոր են մարդու հոգեկան առողջութեան եւ հաւասարակաշռութեան համար:
3. Բարոյական կարիքներ. ինչպէս՝ խորհրդածելը, մտածելը, վերլուծելը, տեսնելը, ինչպէս նաեւ միտքի, արժէքներու եւ աւանդութիւններու կիրառումը…, որոնք անձը զսպող յատկանիշներ են՝ իրենց բնազդներով, յուզումներով եւ ներգործութիւններով…, ինչպէս նաեւ մարդը կը զանազանէ անասունէն, որովհետեւ Աստուած իրեն տուած է բանական հոգի մը, որու միջոցով կը ճանչնայ տիեզերքը, գիտութիւնը, արուեստը, կրթութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը…: Ասոնցմով նաեւ կը ճանչնայ զԱստուած Իր ստեղծածներուն եւ օրէնքներուն միջոցով՝ իբրեւ այս տիեզերքի Ճարտարապետը, ինչպէս նաեւ այս կեանքի Արարիչը:
4. Հոգեկան կարիքներ. այս կարիքները մարդուն խորքին մէջ են, քանի որ մարդը Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած է, աւելին՝ Տէրը անոր մէջ դրած է խիղճ եւ ներքին բնական բարոյական օրէնք՝ որպէս ուղղորդող կողմնացոյց, որ զինք կը տանի դէպի անտեսանելին ու անսահմանը… դէպի Աստուած, յաւերժութիւն եւ երկինք…, դէպի կրօնականութիւն, փրկութիւն եւ սրբութիւն…:
* Մարդը ծարաւ ունի բացարձակին ու անսահմանին նկատմամբ եւ այս ծարաւը կը բաւարարուի միայն անսահման Աստուծմով:
* Ան նաեւ փրկութեան կարիքը ունի՝ մեղքէն, հոգեւոր ներքին աղտեղութենէն:
* Տակաւին, ան յաւերժանալու կարիքը ունի, որպէս հանդերձեալի էակ, անոր տեսողութիւնը կը տարածուի դէպի երկինք, յաւերժութիւն եւ Արքայութիւն, եւ ան իր երկրաւոր կեանքը որպէս ժամանակաւոր փորձաքննութեան շրջան կը համարէ, որ կ՚աւարտի մահէն ետք յաւերժութեան մէջ յառնելով:
Այս երեք կարեւոր կարիքները՝ անսահմանին կարիքը, փրկութեան կարիքը եւ յաւերժանալու կարիքը բացի Տէր Յիսուսէն ո՛չ ոք կրնայ բաւարարել:
Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքը միայն բաւարար չէ. արդարեւ, Ախնաթոնի ժամանակներէն սկսեալ Աստուծոյ եւ յաւերժութեան նկատմամբ հաւատք կայ, սակայն, խնդիրը ճամբա՛ն է, որ մեզ Աստուծոյ եւ յաւերժութեան կը հասցնէ. իսկ այդ ճամբան մեղքէն ազատագրուիլն է եւ Աստուծոյ միանալը. իսկ այս երկու շնորհքները անկարելի է ունենալ առանց Քրիստոս Փրկիչին:
* Կան ոմանք, որոնք զԱստուած տիեզերքին կեդրոնը կը համարեն, իսկ մարդը պարզապէս արարած մը ու ծառայ մը:
* Ոմանք ալ կան, որոնք մարդը տիեզերքին կեդրոնը կը համարեն, իսկ Աստուած պէտք է կորսուի -անաստուածութեամբ- որպէսզի մարդը Անոր տեղն ու դիրքը զբաղեցնէ:
Սակայն կան ոմանք, որոնք Աստուծոյ մարդուն հետ միացումը կը համարեն տիեզերքի կեդրոնը, մարդեղութեան ընդմէջէն, երբ Աստուած առաւ այն ինչ որ մերն էր [մարմին] եւ մեզի Իրը [աստուածութիւն] տուաւ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Աթանասը: Այստեղ, Աստուած մարդուն կը միանայ, որով մարդը իր երկրաւոր կեանքին ընթացքին Աստուծոյ հետ միութեան մէջ կ՚ապրի, յաւիտեան վայելելու համար զայն իր յաւիտենական կեանքին մէջ:
Հետեւաբար, երիտասարդութեան ծառայողին վայել է ապրիլ քրիստոնէական, ուղղափառ եւ Աստուածաշնչական այս տեսլականով՝ Աստուծոյ եւ մարդուն միութեան տեսլականով, որպէսզի զայն ներկայացնէ անոնց՝ որոնց կը ծառայէ, որպէս կեանքի փորձառութիւն, սուրբ ուսուցում եւ ամէնօրեայ վարքագիծ… Աստուծոյ հետ այս միութեան միջոցով, երիտասարդութիւնը իր փրկութեան եւ առօրեայ գրեթէ բոլոր խնդիրներուն լուծում կը գտնէ, եւ իր հոգեւոր երեք թշնամիներուն վրայ յաղթանակ կը տանի.
ա. Մարմինին. «Եթէ Քրիստոս ձեր մէջն է, ապա մարմինը մեռած է…» (տե՛ս Հռ 8.10), այսինքն՝ մարդը Քրիստոսի իր մէջ բնակելով, ի վիճակի է զսպել իր մարմինը, կառավարել զայն եւ յաղթել իր ցանկութիւններուն եւ քմահաճոյքներուն:
բ. Աշխարհին. «Ո՞վ կը յաղթէ աշխարհին, եթէ ոչ ան՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուսն է Աստուծոյ Որդին» (Ա. Յհ 5.5). «Ով որ Աստուծմէ ծնած է, կը յաղթէ աշխարհին: Եւ աշխարհին վրայ յաղթանակ տանողը մեր հաւատքն է» (Ա. Յհ 5.4). «…քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33):
գ. Սատանային. «Խաղաղութեան պարգեւիչը, Աստուած, շուտով ձեր ոտքերուն տակ պիտի խորտակէ սատանան» (Հռ 16.20). «Դէմ դրէք չարախօսին՝ սատանային, եւ հեռու պիտի փախչի ձեզմէ» (Յկ 4.7). «Ետի՛ս գնա, սատանա՛յ» (Մր 8.33):
Այսպէս, մեր երիտասարդութիւնը ինքնավստահութեամբ կը գոչէ.
* «Մեր յաղթանակը շատ աւելի պիտի ըլլայ Անոր միջոցով՝ որ մեզ սիրեց» (տե՛ս Հռ 8.33):
* «Ամէն ինչ կրնամ տանիլ շնորհիւ Քրիստոսի, որ զիս կը զօրացնէ» (տե՛ս Փլպ 4.13):
* «Տկարը թող ըսէ՝ ես զօրաւոր եմ (անշուշտ Քրիստոսով)» (տե՛ս Յվլ 3.10):
Փրկութեան եւ հոգեւոր կեանքի առանցքը, մեր երիտասարդութեան կրթութեան ամենէն կարեւոր առանցքն է, որովհետեւ՝ «ի՞նչ օգուտ, երբ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ» (Մր 8.36):
Հետեւաբար, այս էական նպատակը պէտք չէ վրիպի երիտասարդութեան ծառայողին աչքերէն՝ իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին. տակաւին, ծառայութեան բոլոր արարքները, ինչպէս՝ հանդիպումներ, այցելութիւններ, պտոյտներ, երեկոյթներ եւ ակումբներ, այս բոլորէն աւելի կարեւոր է մարդուն հոգիին փրկութիւնը, առանց որուն ծառայութիւնը կը վերածուի գիտելիքներու կամ ընկերային յարաբերութիւններու միայն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարաշապատ