ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԵՒ «ԳՏՆՈՒԱԾ» ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ
«Լսէ՛…, տարագրուածները կու գան, այս հողը կ՚առնեն ու գեղեցիկ կը դառնայ:
Խանութ մը կը բանանք, դպրոց մը եւ եկեղեցի մը կը շինենք: Այստեղ կուսակցութիւններ պիտի ըլլան եւ տարբեր հարցերու մասին քննարկումներ պիտի կատարենք:
Հողերը պիտի հերկենք, պիտի տնկենք եւ ապա բերքը պիտի հաւաքենք: Եւ կեցցէ՛ եբրայական Խուզաան: Ո՞վ կրնայ երեւակայել որ Խուզաաի աւերակները այստեղ էին: Վռնտեցինք զանոնք, ապա ժառանգեցինք անոնց ունեցածը: Եկանք, կրակ բացինք, այրեցինք, պայթեցուցինք եւ աքսորեցինք»:
Ասոնք արաբական խօսքեր չեն, այլ՝ հրեայ գրողի մը1 հազուագիւտ խիղճի ձայնն է, որ քսան տարիներ առաջ արձակած է, որ յստակ պատկերացում մը կու տայ հայրենիքի իրական հասկացողութեան մասին եւ կը պատասխանէ պատմութեան եւ պատմութեան ուսուցիչին: Այսպէս գոյացաւ Իսրայէլի «հայրենիքը». ո՛չ իրաւունքով, ո՛չ պատմութեամբ եւ ո՛չ ալ փախչելով հալածանքներէ, այլ՝ միայն բռնութեամբ. վռնտեց՛ինք ու ժառանգեցինք զանոնք: Այրեցինք, պայթեցուցինք ու աքսորեցինք: Սակայն, հազուադէպ է ճիչը՝ ծանուցումի եւ սուտերու աղմուկին մէջ: Եւ երբ անոնց հետ իրապաշտութեամբ քալես մինչեւ վերջ՝ կը խոստովանին, սակայն կ՚աւարտեն իրենց մնայուն զեկոյցը այսպէս. փախուստ չկա՛յ: Եւ կը սպասեն ժամանակին, որպէսզի յարձակումը իրաւունքի վերածեն, որուն կը համակերպին մարդիկը:
Խուզաաի աւերակները միակ վայրը չեն: Ամբողջ Պաղեստինը այս ձեւով թարգմանուեցաւ, թէ հրեան դեւերով բնակուած տան մը մէջ կ՚ապրի, սակայն զերծ կը մնայ փաստելու իր իրաւացիութիւնը այդ հայրենիքին, ինչպէս նաեւ կը հակադարձէ այն ամէն ինչին՝ որ կը խանգարեն իր պատկանելիութեան, միւս կողմէ զինք համրի կը վերածեն ու ինքն իր խիղճը զերծ կը պահէ հարցնելէ, թէ ի՜նչ սարսափելի կերպով կազմաւորուեցաւ իր ինքնութիւնը: Օրերը անցնելուն հետ, արաբ մարդուն պատկերը կը բռնուի եւ կը հալի: Խիղճին վրայ բեռ մըն էր, որ յետոյ բնական տեսարանի վերածուեցաւ եւ ապա թշնամիի վերածուեցաւ, որուն անպայմանօրէն պէտք է բնաջնջել, եւ թէ ան իրաւունք չունի հայրենիք ունենալու…, երբե՛ք իրաւունք չունի:
Յունիսի պատերազմին ընթացքին, հրեայ զինուորներէն շատերը զարմացան, թէ պաղեստինցիները յիշողութիւն ունէին եւ թէ անոնք կը յիշէին հայրենիք մը, որ կորսուած է: Ամենէն շատ բանը որ զարմացուցած է զիրենք՝ այն է, որ այդ հայրենիքին կորսուելէն ետք ծնած երեխաները, տակաւին կապուած էին այդ հայրենիքին: Հրեայ զինուոր մը պատմեց, թէ երբ փախստականներուն վրաններէն մէկը մտած է, տեսած է, թէ բնակիչները տակաւին կ՚ապրին այն ձեւով, ինչպէս անոնք նախապէս կ՚ապրէին իրենց գիւղին մէջ: Այնպէս բաժնուած են՝ ինչպէս որ այնտեղ բաժնուած եղած են. նոյն գիւղը եւ փողոցն ալ նոյնը: Զինուորը անհանգստացած է:
Ինչո՞ւ:
-Կարողութիւն չունէի հասկնալու: Տասնինն տարիներ անցած են եւ անոնք կը շարունակեն ըսել. մենք Պիըր Շեւաեն ենք:
Բանաստեղծ զինուոր մը ինծի ըսաւ, թէ Պաղեստինի մէջ ինքզինք օտար չէ զգացած ո՛չ մէկ անգամ, մինչեւ այն օրը երբ վերջին պատերազմէն ետք Արեւմտեան ափին արաբական գիւղերէն գիւղ մը մտած է: Զինուորական համազգեստով էր: Փողոցին վրայ պզտիկ աղջնակ մը տեսած է, որ իրեն կը նայէր. ան այդ նայուածքէն երկրաշարժի զգացողութիւն ունեցած է: Փոքրիկ աղջնակին աչքերէն, որ չէր կրնար բացատրել անոր նայուածքները, հասկցած էր, որ ինք բռնագրաւող մըն է: Զինուորը իր զարմանքը չպահեց, պզտիկ աղջնակին աչքերուն մերժումէն. ըսաւ. այս աղջնակը…, ուրկէ՞ այդ յիշողութիւնը բերաւ եւ ո՞վ սորվեցուց անոր, թէ ինք հայրենիք ունի… ո՞վ սորվեցուց անոր:
Պայքար երկու յիշողութիւններու միջեւ
Հրէական յիշողութիւնը հիմնական խնդիրներէն մէկն է, Պաղեստինի մէջ իրաւունք պահանջելու համար: Սակայն, անկարող է խոստովանելու ուրիշներու իրաւունքին՝ յիշողութիւններու զգացում ունենալուն: Հրեան կը մերժէ համակեցութիւնը պաղեստինեան յիշողութեան հետ, ինչպէս նաեւ կը մերժէ ճանչնալ այդ յիշողութիւնը: Հակառակ այն իրողութեան, որ անոնց ազգայնական կարգախօսներէն մին՝ «պիտի չմոռնանք» է: Հրէական կրթութեան խնդիրներէն մէկը եւ գլխաւորը հրէական առաջնութիւններու աստիճանին վրայ, պահպանել է ընդհանուրի գիտակցութիւնը մնայուն կերպով յիշել, որպէս կարեւոր կէտ մը ազգային զգացումները ներգրաւելու: Անոնք միշտ կ՚ըսէին. «Թող մոռցուի երդումս, եթէ մոռնամ քեզ, ո՜վ Երուսաղէմ»:
Եւրոպայի հրեաները նացիներուն կողմէ կրած աղէտէն ետք անոնց գլխաւոր կարգախօսը եղաւ. «Պիտի չմոռնանք… եւ պիտի չներենք»: Հրեաները ամէն տարի իրենց զոհերուն յիշատակը կ՚ոգեկոչեն: Իսրայէլի մէջ կեանքի բոլոր յարմարութիւնները արձակուրդ կ՚առնեն: Յատուկ թանգարաններ, ուսումնական կեդրոններ ու ծրագիրներ կան, որոնց պարտականութիւնն է յիշեցնել նոր սերունդին աղէտին մասին: Ամոս Իյլոնի2 «Հրեաները» գիրքին մէջ, յատուկ գլուխ մը կայ այս նիւթին մասին, ուր կ՚ըսէ. «Աղէտի յիշատակը ոգեկոչելը հասակ առնող նոր սերունդին կը թելադրէ սիոնիստական դասական տեսակէտներէն մէկը, այն է, թէ հրեան առանց հայրենիքի, մարդկային կեղտ մը պիտի մնայ եւ վայրենի կենդանիներուն համար որս մը»: Գիրքը կը խոստովանի, թէ հրէական քաղաքականութիւնը այդ աղէտը կ՚օգտագործէ ահաբեկութիւններ կատարելու միտումով:
Հրէական մշակոյթը կը պնդէ իր քաղաքացիները կշտացնել Եւրոպայի աղէտով, որպէսզի խորացնէ անոնց զգացումը աշխարհէն անոնց օտարացումն ու առանձնացումը: Այս զգացումը հրեաներուն տրամադրութեան եւ հոգեբանութեան էական մէկ գործօնն է: Այստեղէն է, որ հրէական յիշողութեան փայփայումը կը միտի յստակ քաղաքական նպատակի մը. հրեային միշտ յիշեցնելը, թէ ինք մնայուն կերպով բնաջնջումի ենթակայ է եւ թէ «Իսրայէլի երկիր» վերադարձը եւ այնտեղ տոկալն է միայն պատմական եւ քաղաքական միակ ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ խորացնելու հրէական խնդիրը Պաղեստինի վրայ:
Նացիներուն կատարած ջարդերը հրեային պարտաւորութիւնը չէ՛ միայն չմոռնալ: Բոլոր մարդիկը՝ որոնց խիղճերը չեն մեռած, ինչպէս նաեւ ազատութեան բոլոր ընկերները նացիականութեան պատճառած զոհերուն ոգեկոչումին կը մասնակցին, դասեր քաղելու համար: Յատկապէս, երբ մեր ներկայ աշխարհին մէջ կը կրկնուի պատմական նմանութիւնը նացիականութեան եւ ցեղապաշտական շարժումներու: Ինչ աստիճանի ալ հասած ըլլայ արաբ-հրէական թշնամութիւնը, ո՛չ մէկ արաբ իրաւունք ունի զգալու, թէ իր թշնամիին թշնամին՝ իր ընկերն է, քանի որ նացիականութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն թշնամի է: Ասիկա բան մըն է:
Սակայն, Իսրայէլին չափերը անցնիլը իր ատելութիւնները դատարկելու ուրիշ ժողովուրդի մը վրայ… ուրիշ բան մըն է: Որճրագործութիւնը ուրիշ ոճրագործութեամբ մը չի՛ փոխհատուցուիր: Ինչպէս նաեւ պահանջել պաղեստինցիներէն ու բոլոր արաբներէն պատասխան տալ ոճրագործութիւններու համար, զորս չեն գործած, չի՛ կրնար փոխհատուցում մը ըլլալ կատարուած աղէտին: Հրեան աշխարհով մէկ կը պարծենայ, թէ ինք պատմութեան մէջ գաղթականի ու օտարականի ռահվիրայ մըն է, նոյնիսկ այս յատկութիւնը վերածած է առաւելութեան եւ մենաշնորհի: Սակայն, ինք որ գաղթականի եւ օտարականի այս զգացումը ունի, կատարելապէս անկարող դարձաւ գիտակցելու ուրիշներուն ալ այս զգացումը ունենալուն: Դաժան ալ չ՚ըլլար ըսել, թէ հրեաներն ու սիոնիստական շարժումը իրենց ունեցած միջազգային կապերուն մէջ առեւտուրի հանած են հրեայ զոհերուն արիւնը: Այն դրամը եւ ապրանքը, զորս կը ստանայ որպէս գին նացիներու պատճառած զոհերուն, ատոնցմով ուրիշ ժողովուրդ մը կը սպաննէ:
Այս առումով, դաժան չ՚ըլլար ըսել նաեւ, թէ այն ձեւը որով Իսրայէլը կ՚ոգեկոչէ նացիներուն կողմէ զոհուածներուն յիշատակը, ահաբեկութեամբ կը յատկանշուի, որովհետեւ քաղաքական նպատակը հրեային կշտացնել աղէտին զգացումով, միաժամանակ նպատակադրուած է յագեցնել զինք նաեւ վրէժ լուծելու զգացումով, ո՛չ թէ զինք սպաննողէն…, այլ՝ ուրիշ զոհէ մը, որ պաղեստինցի ժողովուրդն է: Անկիրթ հրեան չ՚ամչնար պարծենալէ, թէ վեց միլիոն հրեայ կորսնցնելը - եթէ ներկայացուած թիւը ճիշդ է - իրեն հայրենիք մը տուաւ:
(Տխրութեան սովորական օրագիր)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1 Եազհար Սմելանսքի, հրեայ գրող եւ քաղաքական գործիչ: Ծնած է 1916-ին, մահացած՝ 2006-ին:
2 4 յուլիս 1926-25 մայիս 2009: Հրեայ գրող, լրագրող եւ պատմագիր: Ամենէն նշանաւոր անձնաւորութիւններէն մէկը կը համարուի, որ կողմ եղած է Պաղեստինի անկախ երկիր մը յառաջացնելուն: