ԱԿՆԱՐԿ - 119 - ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՄԻԽԱՅԻԼ ՆԱԱԻՄԷԷՆ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ լիբանանցի մտաւորական եւ գրող Միխայիլ Նաիմէէն, որ ծնած է 1889-ին եւ մահացած 1988-ին: Նաիմէն կը համարուի արաբական արեւելքի մտաւոր եւ մշակութային վերեքլի ռահվիրաներէն մէկը, որ գրական զարթօնք յառաջացուցած է: Անցնինք մտածումներուն.

* Մենք մեր կեանքի էջին վրայ դրոշմուած բոլոր ազդեցութիւններուն արձանագրութիւնն ենք: Եւ մենք կը գրենք այն, ինչ որ արձանագրութեան մէջ գրուած է: Բայց մենք շատ հազուադէպ կը յիշենք ու կը հասկնանք, թէ ինչ կը գրենք: Իսկ եթէ յիշենք ու հասկնանք, ապա ատիկա դիւրին եւ դիւրին է:

* Ճաշակը այն չէ, որ շատ բարձրորակ հագուստներ հագուիս՝ անոնց կտորի, մանրամասնութիւններուն եւ գոյներու համակերպութեան տեսակէտէն: Այլ, ճաշակը այն է, որ կեանքիդ իւրաքանչիւր վայրկեանը շատ բարձրորակ ըլլայ՝ կատարած գործերովդ ու մտածածներով, ինչպէս նաեւ քեզ շրջապատող մարդոց, իրերուն եւ դէպքերուն հետ վարուելակերպովդ: Արդարեւ, դուն եթէ ամենէն բարձրակարգ հագուստները հագուիս եւ աշխարհի խանութներու ամենէն թանկարժէք ոսկեայ զարդերով զարդարուիս, ապա դուն ձորի մը մէկ ես, իսկ ճաշակը՝ ուրիշ ձորի մը մէջ, այնքան ատեն որ սիրտիդ մէջ կեղծիք կայ եւ մտածումիդ մէջ՝ ապականութիւն: Դուն աւելի լաւ ճաշակ կ՚ունենայիր, հետեւաբար աւելի լաւ վիճակի մէջ կ՚ըլլայիր, եթէ քուրձ հագած ըլլայիր, բայց սիրտովդ մաքուր՝ զերծ խաբէութենէն եւ միտքովդ մաքուր՝ զերծ ապականութենէ:

* Տառապանքի գագաթնակէտն է, որ ընդամէնը մէկ մազ քեզ հեռու պահած ըլլայ երջանկութեան գագաթնակէտէն: 

* Բարբարոսներ են անոնք, որոնք կրօնքի անուան տակ զիրար կ՚ատեն եւ իրարու դէմ կը կռուին: Այս մարդիկը, եթէ նոյնիսկ իրենց միտքը ի վիճակի ըլլայ ընդգրկելու փիլիսփայութեան եւ կրօնքի գիրքերուն մէջ եղած ամբողջ գրութիւնները, ապա անոնց սիրտը դատարակ է Աստուծմէ, որ է գերագոյն Գեղեցկութիւնը, անսահման Սէրը եւ Արդարութիւնը՝ որ աննկարագրելի է, ինչպէս նաեւ Կանոնը՝ որ անիմանալի է: Ան այն Ուժն է, որով կապուած են իրենց մարմիններն ու հոգիները, ինչպէս նաեւ բոլոր էակները՝ որոնց թիւը անհամար է եւ որոնց սահմանները իրարու հետ կապուած են ու միասին կը պահուին: Արդարեւ, ինչպէ՞ս կրնան արդարացնել իրենց այն վարքագիծը, որով Անոր անունը իրենց լեզուներուն վրայ ծամուող բառի կը վերածեն, կամ նիզակը՝ որով կը խոցեն իրենց եղբայրներուն սիրտերը, կամ ատելու նետը, որով իրենք զիրենք եւ անոնց հոգիները կ՚այրեն, որոնց որպէս իրենց թշնամիները կը պատկերացնեն: Անոնք վայրենի եւ անհաւատ ժողովուրդ մըն են:

* Բարբարոսներ են անոնք, որոնք երկրի ու երկինքի բարիքները կը վատնեն ամբարտաւանութեամբ, բռնակալութեամբ եւ անառակութեամբ, առանց մտածելու իրենց եղբայրներուն մասին, որոնք կտոր մը փոքրիկ հաց կը փնտռեն, բայց հացը կը փախչի իրենցմէ, որոնք կը ձգտին վերնաշապիկ մը գտնելու, բայց ոչինչ կը գտնեն բացի լաթերէ, եւ որոնք տանիք կը փնտռեն իրենց գլուխները ծածկելու համար, բայց ոչինչ կը գտնեն՝ բացի կապոյտ գմբէթէն:

* Այդ պատճառով մեկուսացումին հակուած եմ…, որովհետեւ մեկուսացումին մէջ ո՛չ ոք զիս ինչ-որ չափով կը չափէ, կամ ինչ-որ կշիռքով կը կշռէ…:

* Այնքան ատեն որ քու կրօնքիդ նպատակն է Աստուծոյ հասնիլ, եւ իմ կրօնքիս ալ նպատակն է Աստուծոյ հասնիլ, հետեւաբար, ի՞նչ գործ ունիս, թէ ի՞նչ ճամբով դէպի նպատակակէտ կ՚ընթանամ:

* Ուժը դուն քեզ յաղթահարելուն մէջ կը կայանայ: Իսկ ինքզինքին յաղթելը կը նշանակէ մաքրել միտքն ու սիրտը ամէն տեսակի ցանկութենէ եւ մտադրութենէ, որ կը թուլցնէ ու կը վնասէ քեզի, ինչպէս նաեւ կը թուլցնէ ու կը վնասէ ուրիշներուն: Որովհետեւ, քու կեանքդ սերտօրէն կապուած է ուրիշներու կեանքին հետ:

* Իւրաքանչիւր գիւտ յեղափոխութիւն է: Իւրաքանչիւր յայտնագործութիւն յեղափոխութիւն է: Իւրաքանչիւր նոր մտածում յեղափոխութիւն է:

* Քննադատին մասնագիտութիւնը մաղելն է. բայց ո՛չ թէ մարդիկը մաղել, այլ՝ մաղել այն, ինչ որ կարգ մը մարդիկ կը գրեն որպէս մտածումներ, զգացումներ եւ միտումներ: Այն ինչ որ մարդիկը կը գրեն որպէս մտածումներ, զգացումներ եւ միտումներ, մենք սովորութիւն դարձուցած ենք այդ բոլորը գրականութիւն կոչել: Արդարեւ, քննադատին պարտականութիւնն է միտքի պարզութեամբ եւ ազնուութեամբ մաղել գրական ստեղծագործութիւնները եւ ո՛չ թէ անոնց տէրերը [հեղինակները]:

* Չէ՞ք տեսներ իմ հետս, թէ այսօր եւ ամէն օր մարդը ամենէն շատ գոհունակութեան աչքի կարիքն ունի:

* Պատերազմի չարիքներէն մէկը այն է, որ կեղծ հերոսութիւնը իրական հերոսութեան գահին կը դնէ: Այն հերոս կը կոչէ անոր՝ որ իր եղբօրը կը հպատակեցնէ, միւս կողմէն կը չափազանցէ փառաբանելու եւ պատուելու զայն, մինչդեռ անոր՝ որ ինքզինք կը հպատակեցնէ իր եղբօր համար՝ որպէսզի լաւ վերաբերմունք ունենայ անոր հետ, այդպիսիին վախկոտ կը կոչէ:

* Յաջողակներն ու ձախողակները շուտով ստիպուած կ՚ըլլան մղելու մեծ պատերազմը՝ կեանքի դաժան պատերազմը, ուր պայքարը իր գագաթնակէտին կ՚ըլլայ եւ ուր անոնք ամէն վայրկեան քննութեան կ՚ենթարկուին, ուր չկայ որեւէ կողմնակալութիւն կամ կեղծիք:

* Մահը բնա՛ւ արարածի մը համար նպատակ չէ եղած եւ ո՛չ ալ դրդապատճառ՝ շարժումի մղելու զինք:

* Ամենէն լայն, գեղեցիկ եւ պարզ լեզուն՝ մտածումներու եւ սիրտերու լեզուն է…: Իսկ շրթներու եւ լեզուներու լեզուն՝ աստիճան մըն է, որմէ մարդիկը կը բարձրանան մտածումներու եւ սիրտերու լեզուին…:

* Ես կը նախընտրեմ թէ՛ ինծի եւ թէ իւրաքանչիւր մարդու համար, որ երկրի վրայ կրիաներուն նման սողանք, բայց՝ դէպի բարութիւն, քան թէ երկինքին մէջ կայծակի արագութեամբ թռչինք, բայց՝ դէպի չարութիւն:

* Յաճախ կը տեսնենք, որ ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւններէ դուրս կու գան մարդիկ, որոնք աւարտած են [իրենց ուսումը] ու իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած ունին թուղթեր, որոնք կը վկայեն, թէ իրենց տոքթորներ են փիլիսոփայութեան, իրաւաբանութեան, ճարտարագիտութեան, եւ կամ գիտութեան կամ գրականութեան որեւէ մէկ ճիւղին մէջ: Սակայն, իրենց առօրեայ կեանքին մէջ անոնք բարբարոսներ են, եւ նոյնիսկ աւելի նուաստ են քան բարբարոսները՝ կեանքի հմայքին ու գեղեցկութեան իրենց գնահատումին առումով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 29, 2025