ՕՐԱԳԻՐՈՎՍ՝ ՎԵՐՋԻ ՈՒ ՎԵՐՋԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ -2

Վերջաբանի հարթումն ու կերտումը եւ վերջաբանէն խուսափումը։ Վերջը՝ լաւատեսութեան ու բարիքի հետ կապելի բարոյական հմտագիտութենէ աւելի, մահուընէ եւ հեռացումէ մեծ վախի եւ անորոշութեան արդիւնք կրնայ համարուիլ: Անդրաշխարհայինն ու ապագան ինչքան ալ յաւերժական ընկալուին-փափաքուին, անոնք պայմանականօրէն կապուած են աւարտի մը հետ: Վերջը, աւարտը, մահը, վաճխանը․․․ ինչքան ալ նոր սկիզբ ու կեանք համարենք, վերջը ինքնին գործադրոյթ-գործողութիւն մըն է, որ կրնայ սեպուիլ ամենաահարկուն ու գերշրջադարձայինը:
Վերջաբանի անըմբռնումը ու տեղ մըն ալ մեզի համար չկամօրէն անիրականացումը կը կայանայ հոն, որ իբրեւ մարդկային գեղեցկացման, կատարեալի պատկերման ու հրաշագործութեան հաւատք, դիւրաւ սուտ կրնայ համարուիլ։ «Վերջը վերջ է ու հալում, ո՛չ թէ կատարելագործում ու յարութիւն»․ այս միտքը ո՛չ միայն մեզ կը մաշէ օր ու գիշեր, այլ ինքնին մեր կեանքը կը դարձնէ խենթաբար անհաւատալի: Կարծես նոյն այդ երջանիկ ու անհեթեթեցուած կեանքը վերջի գիտակցուած բացառման անդուլ ու տեղ մըն ալ ճարազուրկ ջանք մըն է: Ընելու-կերտելու եւ նուաճելու անյագութիւնը նոյն վերջաբանի հետ աղերսուած է, քանի ինչքան մեծնանք ու կայանանք աւելի սին բարքերով ու անսահմանութեան երազկոտութեամբ՝ կը կարծենք, որ վերջաւորութեան այսպէս ըսած՝ հարցը պիտի լուծենք:
«Այս ալ ընեմ ու վերջաբանը կը գրեմ կա՛մ կը կատարեմ վերջնական դրոյթը». այս համոզման մէջ կայ միաժամանակ ահռելի կեանքագործում, անհեթեթութեան կերտում ու մարդկային կեանքի բարձրագոյն տրամա: Մենք վերջադատապարտեալ ենք, բայց, ամէն ինչ կ՚ընենք ինքնախաբկանքով՝ իբր թէ յաւերժին համար, տեղ մը մենք ամենամեծ խաբեբաներն ենք, մենք մեզ խաբող, վերջաբանութիւնը վանելու սնափառութեամբ:
Այս կէտին ինքզինք կը պարզէ ուրիշ կարեւոր հարց մը. այն մեր իմացութեան մասին է, որ կայ վախճանը, որմէ միակ փախուստի ձեւը զայն հրաշագործելն է կրօնով, բնազանցութեամբ ու ոգեղինութեամբ:
Կրօնը, բնազանցութիւնն ու ոգեղինութիւնը մեր ամենամեծ գործիքներէն կրնանք համարել վախճանաբանութիւնը դիմագրաւելու, անոնք մեծ աղբիւր են մարդկային յոյսի եւ վճռակամութեան համար: Կրօնը կը բանայ վախճանի դուռը լայնօրէն, բայց, չի վերացներ վերջնականապէս մեր վերջաժամկէտը: Բնազանցութիւնն ու ոգեղինութիւնը մեր ապրած ժամանակը, մեր ունակութիւնները եւ ընդհանուր առմամբ մեր ընկալած ժամանակի հարցերը կը փորձեն լուծել, միայն ժամանակաւոր ձեւով փարատելով մեզի հասնելիք վախճանագործումը:
Փրկութիւնը եւ վերջը, փրկէ մեզ վերջէն… Ո՞վ է փրկիչը Աստուծմէ զատ, մարդկութիւնը դեռ պատասխան չունի եւ իր գոյութեան սկիզբէն ամէն կերպ փորձած է հասնիլ ժամանակի ու գոյութեան վերծանման: Իսկ պարզացնելով այս խնդիրը կըր-նանք ըսել՝ ի՞նչ է հարցերուն հարցը, մօտաւորապէս հարցերուն հարցը կը մնայ վախճանը, մահը, հեռացումը: Մահը տակաւին մարդկային չյաղթահարուած ամենամեծ ու անտանելի ողբերգութիւնն է: Չենք գիտեր ու կը սոսկանք մահէն, որ մեր էութիւնը անյայտացնելով, նոյնիսկ կը փորձենք մահացողը մեղադրել ու յանցակից դարձնել իր մեռնելուն համար (մարմնի հարցեր բեռցնելով անոր վրայ):
Ընթացքը ինքնին ծնունդէն աւելի վերջի-մահուան դէմ մաքառումն է։ Ինչքան ապրինք, աւելի դժուար ու աներեւակայելի կ՚ըլլայ մեր հեռացումը, իսկ ապրելու տենդը, արուեստը, չափը, տարողութիւնն ու խորութիւնը մեր ընթացքով հմտութիւն մը կը պարզէ ինքնին: Ընթացքը մեծագոյն արժէքներէն է գոյութեան, բայց, դժբախտաբար, վախճան արտադրող է։ Եւ ընթացքի ու անոր հետ լիացման ու հասունացման երեւոյթը երիտասարդ տարիքի հեռացումը աւելի դիւրին ու անհոգ կը դարձնէ, քանի վախճանաբանութեան ըմբռնում չէ ձեւաւորուած տակաւին: Վարդապետութեանց նպատակը եւ կատարումը վերջէն-վախճանէն վախը յաղթահարել ըլլալով, տակաւին չէ յաջողած: Հաւանաբար, վերջի հասկացողութեան վարպետները համարուին հին եգիպտացիները, որոնց ամէն մէկ կենսափիլիսոփայութիւնն ու կեանքագործոյթը մահուան-վաճխանի դիմագրաւման ու անոր դէմ այսպէս ըսած՝ պատշաճ ու բացարձակ պատրաստուածութիւն տեսնելն է: Աներեւակայելի խորհրդաւոր ու անդրաշխարհային ուժ, հմայք ու իմաստագործում կայ հին եգիպտական քաղաքակրթութեան մէջ, որովհետեւ միակն է, որ մահը-վախճանը մարսելու, վերծանելու, տարրալուծելու, սպառելու եւ տեղ մըն ալ ամենակատարեալօրէն ապրելու հոգեմղում, սլացք ու մահուան հետ ուղղակի հպում ունի:
Հին եգիպտացիները ամենայաւերժն են, քանի անծայրածիօրէն պատուած ու վերլուծած են վախճանն ու հեռացումը:
Պէտք է ըսել նոյնպէս, որ սերնդագործութիւնը վերջաւորութեան յաղթահարման մեր փորձերէն է, իսկ մարդկային բազմացման, տեւականութեան ու քանակի հասկացողութիւնները կապուած են նոյն վախճանաբանութեան յետաձգման ու անոր յաղթահարման ջանքներուն հետ: Վերջը եկաւ ու գրուեցաւ, հաւանաբար այն ենք, ուր պիտի վերջանանք:
Վերջը չսպասելու գործոյթէն մղուած՝ կը կերտենք, կը փորփրենք, յարատեւում մը պանծացնելով։ Վերջը, վերջաբանը եւ անոր պատկերացման «սրբագին» անկարութիւնը յաւերժապէս մեզ գերավարած կը մնայ։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Վերջ
Երեւան