ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

ՎԿԱՅԵԼՈՒ (ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ) ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

Լաւ պիտի ըլլայ, որ երիտասարդներուն ծառայութիւն ընողը չսահմանափակուի միայն ժխտական յատկութիւններէն ձերբազատուի…, այլ պէտք է գիտակցութեամբ շարժի ձեռքբերելու դրական յատկութիւնները, կեանքը սրբագործելով Աստուծոյ համար, եւ ուղղուիլ ծառայելու Աստուծոյ մարդուն՝ իր նմանին միջոցով…: 

Հաւատացեալ երիտասարդութիւնը չորս հանգրուաններէ կ՚անցնի.

1. Երիտասարդութիւնը համոզուի մեղքին յաղթելու անհրաժեշտութեան եւ ձերբազատուիլ ժխտական սովորութիւններէն, սայթաքումներէն, վատ ընկերներէ, կռապաշտութիւններէ եւ տարբեր մոլորութիւններէ հեռանայ… Ասիկա խորքային եւ էական կէտ մըն է,անշուշտ, որու մէջ խոստովանութիւնը կ՚օգնէ մեզի:

2. Երիտասարդութիւնը սկսի իր հոգին յագեցնել հոգեւորապէս, շնորհքի տարբեր միջոցներով, ինչպէս՝ աղօթք, Աստուծոյ խօսքը ընթերցել, հոգեւոր հանիպումներու մասնկացիլ, հոգեւոր գրականութիւն ընթերցել, հաղորդուիլ, պահք պահել, գոհաբանել… Արդարեւ, ասիկա դրական եւ կարեւոր կէտ մըն է, որու միջոցով Աստուծոյ Հոգին Իր պտուղները կը պտղաբերի երիտասարդութեան մէջ, ինչպէս՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն (տե՛ս Գղ 5.22):

3. Երիտասարդութիւնը սրբագործուի Տէր Յիսուսի համար, որպէս մաքուր տաճար եւ յատուկ սեփականութիւնը Տիրոջ՝ մտապէս, զգալապէս, զգացմունքապէս, կամքով, վարուելակերպով եւ առօրեայ կեանքի գործերով, այն աստիճանի, որ ըսէ. «Ես Սիրելիիսն եմ եւ Սիրելիս ալ իմս…». այս աստիճանը բնականաբար ամենէն լաւն է:

4. Որպէսզի երիտասարդները խրախուսուին ծառայելու իրենց եղբայրներուն, ըլլայ եկեղեցական դաստիարակութեան անդաստանէն ներս, կամ այցելել անոնց կապելու համար զանոնք եկեղեցիին եւ Տէր Յիսուսին. արդարեւ, ասիկա էական եւ կարեւոր նպատակ մըն է, ո՛չ միայն ուրիշներուն ծառայելու համար՝ որպէս անդամներ մէկ մարմինի մէջ, այլ՝ նոյնիսկ երիտասարդներուն իսկ ծառայելու համար, որովհետեւ ծառայութիւնը օգտակար է՝

ա. Անհատին հոգեւոր յատկանիշերը սահմանելու… որով երիտասարդներուն մօտ կը կազմաւորուի առօրեայ կեանքի սուրբ տեսլական մը, ինչպէս նաեւ յանձնառութիւն՝ Արքայութեան ճանապարհին:

բ. Ամէնօրեայ վարուելակերպի ընթացքը վերահսկել՝ օրինակ ըլլալով ուրիշներուն…, որով կը գիտակցի սայթաքումի վտանգին՝ իր եւ իր եղբայրներու կեանքերուն վրայ:

գ. Շարունակական հոգեւոր կառուցում…, ծառայողին հոգեւոր վարժութիւններուն ընդմէջէն. արդարեւ, հոգեւոր ճանապարհին մէջ կանգնիլը, անպայմանօրէն ետքայլ է:

դ. Շարունակական մտաւոր կառուցում…, ծառայողին ներկայացուած կամ պահանջուած ուսումնասիրութիւններուն ընդմէջէն, որպէսզի մտապէս այնպէս աճի, որ թէ՛ իրեն եւ թէ իր եղբայրներուն օգտակար ըլլայ:

ե. Աճիլ սիրոյ մէջ…, որով երիտասարդները իրենք իրենցմէ դուրս կու գան երթալու համար Տէր Յիսուսին. այդ կը կատարուի ուրիշին հետ իր ունեցած յարաբերութեամբ, ըլլա՛յ կրօնական կամ ընկերային յարաբերութիւն…:

Վտանգաւոր է, ուրեմն, որ երիտասարդներուն մեր ծառայութիւնը զուրկ ըլլայ քարոզելու (եկեղեցիէն ներս) եւ վկայելու (ընկերութեան մէջ) այս ուղղութենէն…

Վկայելու ուղղութեամբ, երիտասարդները կը վերածուին ծառայողներու՝ եկեղեցւոյ տարբեր անդաստաններուն մէջ (տե՛ս Հռ 12)…: Եկեղեցւոյ մէջ բազմաթիւ ծառայութիւններ կան: Հռոմայեցիներու նամակին այս գլուխին մէջ հետեւեալ ծառայութիւններու մասին կը կարդանք.

1. Մարգարէութիւն. այսինքն՝ մարագարէանալ ապագան, կամ Հոգիով քարոզել…:

2. Ծառայութիւն. ուշադրութիւն դարձնել մարդոց տարբեր կարիքներուն «Սարկաւագութիւն»:

3. Ուսուցանել. բացատրել Տէր Յիսուս Քրիստոսի ճանապարհը (հոգեւոր, Աստուածաբանական, դաւանաբանական եւ եկեղեցաբանական առումներով):

4. Քարոզել. մարդոց մղել զղջալու եւ Աստուծոյ վերադառնալու…:

5. Տալ [նուիրաբերել]. առատաձեռնօրէն նուրաբերել նիւթական միջոցներ, ջանք եւ ժամանակ…:

6. Կառավարում. կառավարման, կազմակերպչական եւ առաջնորդական ծառայութիւններ…:

7. Ողորմութիւն. ծառայել Տիրոջ սիրելիներուն՝ աղքատներուն, հիւանդներուն, հաշմանդամներուն, տարեցներուն, կոյրերուն, խուլերուն, համրերուն, տգէտներուն եւ մտապէս հաշմանդամներուն…, եւ այլն:

8. Սէր. սիրոյ յարաբերութիւններ բոլոր քաղաքացիներուն հետ:

9. Պաշտամունք. աղօթքներու եւ փառաբանութիւններու ծառայութիւն:

10. Մասնակցութիւն. ուրախացողներուն եւ լացողներուն հետ:

11. Սուրբերը. ծառայել ծառայողներուն եւ կամ աղքատներուն եւս:

12. Օտարները. հոգալ զանոնք եւ ուշադրութիւն դարձնել անոնց:

Վկայելու այս ուղղութեամբ, քրիստոնեայ երիտասարդը իր Քրիստոսը հասարակութեան անդամներուն կը ներկայացնէ սիրոյ եւ ծառայութեան ընդմէջէն, որովհետեւ Ան է որ մեզի պատուիրեց ըլլալ՝

ա. Լոյս…, որ ամէն տեղ կը տարածուի, վռնտելով խաւարի բոլոր մնացորդները:

բ. Աղ…, որ աշխարհը կը պահէ ապականելէն…, որով կը հալի առանց կորսուելու:

գ. Անուշահոտ բոյր…, որ ինքնաբուխ եւ դիւրութեամբ կը տարածուի… առօրեայ կեանքի ընթացքին:

դ. Կենդանի թթխմոր… որ ամբողջ խմորը կը թթուեցնէ…, թթխմորին մէջ եղած կենդանի մանրէներուն պատճառով…, որպէս խորհրդանիշ Տէր Յիսուսով մեր մէջ եղող հոգեւոր կեանքին:

ե. Կարդացուող նամակ… բոլոր մարդոց կողմէ…, որով մարդիկ մեր բարի գործերը կը տեսնեն եւ կը փառաւորեն մեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է:

Երիտասարդութեան հաւատարիմ ծառան, աւելի ճիշդ՝ խոստովանահայրը, պէտք է ծառայութեան անհատական շրջագիծէն դուրս գայ, երթալու համար՝ տալու, ուրիշը սիրելու, ծառայելու եւ հաւատարիմ վկայութեան շրջագիծին, էական զգուշաւորութեամբ մը, որ մարդ ինքզինք անարատ պահէ աշխարհի մէջ, եւ երբ ուրիշներուն հետ շփում կ՚ունենայ՝ «զօրաւոր ճկունութեամբ» վարուի, որ զինք կը մղէ քալելու ուրիշներուն հետ, երբ ճամբան մաքուր է եւ կը հեռանայ անոնցմէ՝ երբ անոնք սխալ տեղեր կը սկսին յաճախել… Այս բանը հոգեւոր մնայուն յագեցածութեան կը կարօտի, մտաւոր լուսաւորութեան, խոստովանահայրի առաջնորդութեան եւ ծառայութեան պատասխանատուի մը, առողջ խիղճի հետ անշուշտ, որ արագօրէն կ՚արձագանգէ հոգիի [ազդարարող] շշուկներուն եւ Սուրբ Գիրքի համարներուն…: Այս հասարակական ներգործութեան ընդմէջէն, քրիստոնեայ մարդը հաւատարիմ վկայող մը կ՚ըլլայ Տիրոջ:

* Ինքն իր մէջ սահմանափակուիլը՝ անկումի ճանապարհն է…:

* Սակայն սուրբ սիրով տարածուիլը՝ յաղթանակի ճանապարհն է…:

* Տէրը չըսա՞ւ. «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը» (Գրծ 20.35):

Տիրոջ օրհնութիւնը բոլորիս հետ ըլլայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 10 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2025