ՄԱՐԴՈՑ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀՈՂ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ՀԱՅԵԱՑՔՈՎ՝ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՊԱՏՍՊԱՐՈՒԻԼԸ
Մարդկային բնոյթին կարեւոր յատկանիշներէն մէկը պատասխանատուութիւն ստանձնելու դժուարութիւնն է։ Շատ յաճախ, երբ կեանքին մէջ վատ բաներ կու գան մեր գլխուն՝ ձախողութիւն, դժբախտութիւն, սխալ որոշումներ կամ կորուստներ, մենք կը սկսինք մեղադրել ուրիշները կամ արտաքին ուժերը՝ փոխանակ դիտելու մենք մեզ, մեր որոշումները եւ մեր ընթացքը։
Այս երեւոյթը՝ արտաքին մեղադրանքի համախտանիշը (externalization of blame), խորքին մէջ հոգեբանական պաշտպանութեան մեքենականութիւն մըն է, որ մարդը կ՚օգտագործէ՝ պաշտպանելու իր «ես»ի պատկերը եւ պահելու անձնական արժանապատուութիւնը։ Բայց այս վարքաձեւը ժամանակի ընթացքին կրնայ խոչընդոտ դառնալ՝ անձնական զարգացման եւ յուզական ամբողջականութեան։
Անհատը բազում դարերէ ի վեր կը փնտռէ եղանակ մը՝ իր սխալներուն արդարացումներ գտնելու։ Ադամը եւ Եւան՝ ըստ քրիստոնէական աւանդութեան, արդէն մեղքը կը բարդէին իրարու կամ օձին վրայ։ Նոյն ձեւով, մեր ժամանակներուն ալ, երբ մէկը կ՚որոշէ աշխատանքի մէկ առաջարկ չընդունիլ եւ տարիներ վերջ կը դժգոհի իր ապրուստէն, շատ յաճախ կը մերժէ տեսնել, թէ ինք իր առած որոշումին հետեւանքները հիմա կը կրէ։ Ան կը մեղադրէ գործատուն, շրջապատը, կառավարութիւնը կամ նոյնիսկ «ճակատագիրը»։
Իսկապէս, երբ մէկը կ՚ըսէ՝ «Եթէ այս մարդը այսպէս չընէր, ես այսօր այս վիճակին մէջ չէի ըլլար», սա ժամանակաւոր հանգիստ մըն է, բայց ոչ-յարատեւ լուծում մը։ Արտաքին մեղադրանքներու վրայ կեդրոնանալը կը բթացնէ ինքնաքննադատութիւնը, կը նուազեցնէ ներքին հասունութիւնը եւ ամենէն կարեւորը՝ կը խլէ անհատէն փոփոխութիւն ստեղծելու զօրութիւնը։
Անհատ մը, որ կը գիտակցի, թէ իր որոշումները կարեւոր դեր ունին իր կեանքի ընթացքին մէջ, աւելի պատրաստ է ընդունելու եւ ուղղելու իր սխալները։ Միւս կողմէ, ան որ ամէն անգամ ուրիշ մը կը մեղադրէ, կը յայտնուի կրաւորական վիճակի մէջ, ուր կեանքը միայն «կը պատահի» եւ ինք ո՛չ մէկ ներգործութիւն ունի։
Մարդ յաճախ կը վախնայ ընդունիլ, թէ որոշ իրողութիւններ իրմէ անկախ են։ Բայց այդ անկախ իրողութիւններու մէջ ալ միշտ կայ որոշ բան մը, զոր անձը կրնար փոխել։ Օրինակ, տնտեսութեան վատ կացութեան մէջ, կարելի է արդարացնել որոշ դժուարութիւններ, բայց միեւնոյն ժամանակ պէտք է հարցնել՝ «ի՞նչ կրնայի ընել տարբեր ձեւով։ Ի՞նչ դասեր պէտք էր քաղել անցեալէն»։
Այդպիսի հարցումներ անձին հնարաւորութիւն կու տան վերահսկողութեան պատրանքէն ելլելու եւ իրական ինքնաճանաչումի դուռ մը բանալու։
Կարգ մը ընտանիքներու մէջ կայ մշակոյթ մը՝ ուր պատիւը եւ սխալ չընելու պատրանքը շատ մեծ տեղ ունին։ Բազում ծնողներ իրենց զաւակներուն վրայ կրնան ճնշում գործադրել, որպէսզի «սխալ» չընեն, կամ արդարացում պահանջել ամէն անյաջողութեան պարագային։ Այս մթնոլորտին մէջ մեծցող մարդիկ ալ կը սորվին, թէ իւրաքանչիւր ձախողութեան արտաքին պատճառ մը պէտք է գտնեն։
Արտաքին մեղադրանքը պաշար մըն է, որ մարդուն կու տայ ժամանակաւոր հոգեբանական նեցուկ, բայց երկար ատեն վերջ կը դառնայ շղթայ մը, որ արգելք կը հանդիսանայ անձնական ազատութեան եւ հասունացման։ Իսկ երբ մարդը կ՚անցնի այդ պատրանքէն եւ կը սկսի իր պատասխանատուութիւնները գիտակցաբար ստանձնել՝ կը գտնէ իսկական ուժը՝ իր կեանքի վարպետը դառնալու։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ