ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԴՐԱՄԱՊԱՆԱԿԸ

Չորեքշաբթի առաւօտեան, երբ Վրէժը կը պատրաստուէր տունէն ելլել՝ դպրոց երթալու, յանկարծ, գլուխը կախ եւ ցած ձայնով իր մայրիկին ըսաւ. 

-Մայրի՛կ, հաճիս ինծի դրամ կու տա՞ս: 

Մայրիկը լսելով Վրէժին ըսածը, զարմացաւ: Երէկ առաւօտեան անոր հայրիկը դրամ տուած էր իրեն, որպէսզի դասապահերու դադարներուն եթէ ուզէր դպրոցի ճաշարանէն օգտուիլ, երթար ու օգտուէր: Հակառակ ասոր, սակայն, Վրէժին մայրիկը անոր տուաւ դրամ: 

Երեկոյեան, երբ Վրէժ տուն վերադարձաւ, դէմքը կը փայլէր, ուրախ էր, գրկեց իր մայրը, ջերմ ջերմ համբուրեց եւ անցաւ սենեակ: Մայրիկը յիշելով առաւօտեան պատահարը եւ անոր դրամ ուզելը՝ զգաց, թէ արտասովոր բան մը պատահած էր իր զաւակին հետ, բայց չուզեց անմիջապէս հարցնել Վրէժին: 

Շաբաթ օր, առաւօտեան, Վրէժը տեղեկացուց ծնողքին, թէ յետմիջօրէին դասընկերներով ու դասընկերուհիներով հրաւիրուած են Սարգիսենց տուն եւ արտօնութիւն խնդրեց, որպէսզի ինք եւս երթայ: Ծնողքը ընդառաջեց: 

Վրէժին մայրիկը նկատեց իր զաւակի դէմքին նոյն փայլքը՝ ինչը նկատած էր չորեքշաբթի յետմիջօրէին, երբ ան դպրոցէն տուն վերադարձած էր: Ենթադրեց, որ այս հրաւէրը կապ ունի չորեքշաբթի օրուան պատահարին հետ, որ տակաւին անյայտ կը մնար իրեն համար: 

Վրէժը իրիկունը վերադարձաւ ուրախ եւ զուարթ: Երբ ընտանիքով թէյի սեղանին շուրջ հաւաքուած էին ու կը խօսէին թէ՛ օրուայ եւ թէ անցնող շաբթուան անցուդարձերուն մասին, Վրէժը ուրախ ձայնով մը սկսաւ խօսիլ. 

-Մայրի՛կ, կը յիշե՞ս, չորեքշաբթի առաւօտ քեզմէ դրամ խնդրեցի, թէեւ դուն զարմացար, բայց տուիր՝ առանց հարցնելու ուզելուս պատճառը, թէեւ գիտէիր, որ հայրիկը մէկ օր առաջ ինծի բաւական դրամ տուած էր: 

-Այո՛, Վրէժ, կը յիշեմ եւ իրաւացի ես, զարմացայ եւ մինչեւ հիմա տակաւին չե՛մ գիտեր, թէ ինչո՞ւ ուզեցիր այդ դրամը: 

-Մայրի՛կ, հայրի՛կ, քոյրիկ եւ աղբարիկ, ուրեմն այսօր հրաւիրուած էինք Սարգիսենց տուն, որպէս գնահատանք օրեր առաջ մեր կատարած մէկ արարքին համար: Ճի՛շդ է, որ սովոր չեմ ձեզմէ որեւէ մէկ բան գաղտնի պահել, բայց դասարանակիցներով որոշած էին ո՛չ ոքի բան ըսել: 

-Հիմա ինչո՞ւ կ՚ուզես խօսիլ: 

Եղբարն էր, Նշա՛նը: 

-Աղբարիկ, հիմա կը խօսիմ, որովհետեւ արդէն խնդիրը լուծուած է եւ գաղտնի պահելը իմաստ չունի: 

-Ի՞նչ խնդիր, Վրէ՛ժ: 

-Հայրի՛կ, երեքշաբթի երբ տուն պիտի դառնայինք դպրոցէն, Սարգիսը յանկարծ պոռաց: Բոլորս ալ վախցանք, թէ գէշ բան մը պատահած է իր հետ: Վազելով մօտեցանք իրեն՝ հացնելու, թէ ի՞նչ պատահած է: Սարգիսը կու լար: Հեծկլտալով ըսաւ, թէ դրամապանակը չկայ: Խորհուրդ տուինք իրեն եւ օգնեցինք, որպէսզի պայուսակին մէջ նայէր, դասարանին մէջ փնտռէր, սակայն, ապարդիւն: Դրամապանակը չկար: 

-Բայց ինչո՞ւ համար կու լար: Վստահաբար դրամապանակին մէջ շատ դրամ պիտի որ չըլլար: 

Սեւանն էր, Վրէժին մեծ քոյրիկը: 

-Այո՛, քոյրիկ, մենք ալ այդպէս կարծեցինք եւ նոյն բանը ըսինք իրեն, սակայն, անակնկալը այն էր, որ Սարգիսը իր երկու եղբայրներուն մեծը ըլլալով, իր փոքրիկ եղբայրները իրենց խնայած դրամները յանձնած էին իրեն, ինք եւս իր խնայած դրամները դրած էր անոնց վրայ ու դրած դրամապանակին մէջ, որպէսզի իրենց հայրիկին համար նուէր մը առնէր, որովհետեւ այսօր անոր տարեդարձն էր…: 

-Վա՜յ, խեղճ Սարգիս: Հիմա պարզ դարձաւ, թէ ինչու այդ վիճակին մէջ յայտնուած էր: Եւ դուք ի՞նչ ըրիք, Վրէ՛ժ, երբ իմացաք իրողութիւնը:

Մայրիկն էր: 

-Նախ փորձեցինք հանգստացնել զինք: Յետոյ, խնդրեցինք իրմէ, որ երբ տուն վերադառնար, պատահածին մասին չի պատմեր իր ծնողքին եւ զինք տուն ճանապարհեցինք: Իսկ մենք, դարձեալ դասարան բարձրացանք, նախ կրկին փնտռեցինք դրամապանակը, բայց… չգտանք զայն: Յետոյ սկսանք մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնայինք օգնել Սարգիսին: Ռուբէնը, մեր դասարանի ամենաչարաճճին ամանէն խելացի մտածումը ունեցաւ: 

-Ի՞նչ մտածում, Վրէ՛ժ: 

Հայրիկն էր: 

-Հայրի՛կ, Ռուբէնը առաջարկեց, որ յաջորդ օր մեզմէ իւրաքանչիւրս իր հետ բերէր որոշ չափի գումար մը: Այդ գումարը հաւաքէինք ու տայինք Սարգիսին, որպէսզի կարենար իրենց հայրիկին տարեդարձին նուէր առնել: 

-Եւ ի՞նչ ըրիք դուք: 

Եղբայրն էր, Նշանը: 

-Ի՛նչ պիտի ընէինք Նշան, բոլորս ալ համաձայնեցանք եւ որոշեցինք այս գաղտնիքը մեր մէջ պահել եւ մեր ծնողներուն ոչինչ ըսել: Յաջորդ օրը, բոլորն ալ իրենց հետ դրամ բերած էին, որ հաւաքեցինք ու յանձնեցինք Սարգիսին: Սարգիսը, սկիզբը չուզեց վերցնել, սակայն, փորձեցինք համոզել զինք եւ յաջողեցանք: Սարգիս գումարը վերցուց եւ խոստացաւ, թէ յառաջիկային կամաց կամաց մեզմէ իւրաքանչիւրիս պիտի վերադարձնէր մեր իրեն տուած դրամները: Դալարը, սակայն, որ մեր դասարանի ամենէն նիհար՝ բայց ամենէն աշխատասրէն էր, անոր յիշեցուց անցնող մեր դասերէն մէկուն մէջ մեր սորված մէկ գաղափարը, թէ ընկերները՝ իրա՛ւ ընկերները, պէտք է միշտ իրարու օգնեն՝ առանց փոխադարձ օգնութիւն ակնկալելու: Սարգիսը, ի վերջոյ համոզուեցաւ: 

-Ապրիք, Վրէ՛ժ, այդ ի՜նչ լաւ մտածում ունեցեր ու գործադրեր էք զայն: 

Հայրիկն էր: 

-Հա՜, փաստօրէն չորեքշաբթի առաւօտեան երբ դրամ ուզեցիր ինձմէ, այս նպատակին համար էր: 

-Այո՛, մայրիկ: Բայց այսքանը չէր: Բուն անակնկալը այսօ՛ր էր: 

-Ի՞նչ անակնկալ, Վրէ՛ժ: 

Սեւանն էր: 

-Քոյրիկ, այսօր երբ Սարգիսենց գացինք, պարզուեցաւ, որ իր հայրիկին տարեդարձն էր: Երէկ առաւօտեան նախքան դպրոց գալը, Սարգիսը խնդրած էր իր հայրիկէն, որ մեզ եւս հրաւիրէր անոր տարեդարձին: Անոր հայրը սկիզբը չէր ուզած, բայց Սարգիսին պնդումներուն վրայ, ի վերջոյ համաձայանած էր: 

-Սարգիսը պատմա՞ծ էր իր հայրիկին պատահածը: 

Շանթն էր: 

-Ո՛չ, ոչ, աղբարիկ: Եւ անակնկալը ճիշդ այստեղ էր: 

-Ինչո՞ւ, ի՞նչ պատահեցաւ: 

Մայրիկն էր: 

-Ուրեմն, երբ ճաշէն ետք կարկանդակը դրուեցաւ սեղանին, բոլորս միասին երգեցինք տարեդարձի երգը, Սարգիսը իր եւ եղբայրներուն առած նուէրը նախքան իր հայրիկին փոխանցելը, պահ մը յուզուեցաւ եւ յետոյ հօր դառնալով ըսաւ. «Հայրի՛կ, երէկ երբ քեզմէ խնդրեցի, որ դասարանցիներս հրաւիրեմ տարեդարձիդ, ատոր պատճառը այն էր, թէ այս նուէրը, որ հիմա պիտի տամ քեզի, իրենց շնորհիւ է, որ յաջողեցանք առնել…»: Եւ պատմեց իր հօր ամբողջ եղելութիւնը… ու ապա նուէրը երկարեց իր հօր: 

Յետոյ ի՞նչ եղաւ, հետաքրքուեցաւ Սեւանը: 

-Քոյրիկ, Սարգիսին հայրը յուզուեցաւ, աչքերէն արցունքներ հոսեցան: Նախ նուէրը բացաւ, գրկեց իր զաւակները: Յետոյ մօտեցաւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս ու մէկ առ մէկ շնորհակալութիւն յայտնեց մեր արարքին ու ցուցաբերած իրա՛ւ ընկերասիրութեան համար եւ խօսեցաւ մեզի ընկերասիրութեան մասին: Ի միջի այլոց, հայրի՛կ, Սարգիսին հայրիկը Աստուածաշունչէն նախադասութիւն մը ըսաւ, որ շատ սիրեցի, բայց չեմ յիշեր… 

-«Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: 

-Այո՛, այո հայրիկ, այս էր: Սարգիսին հայրիկը այս ըսելէ ետք է, որ խօսեցաւ մեզի ընեկրասիրութեան մասին՝ բացատրելով, թէ մենք պէտք է միշտ իրարու օգնենք, իրարու զօրակցինք, որպէսզի կարողանանք կեանքի մէջ յառաջանալ ու յաջողիլ: 

-Ապրիք Վրէժ: Միշտ այսպէս իրարու օգնեցէք: 

Մայրիկն էր: 

-Մայրի՛կ, այսօր ես եւ դասարանցիներէս շատեր հասկցանք, որ ընկերութիւնը միայն միասին խաղալով եւ ուրախանալով չէ, այլ՝ իրարու կողքին ըլլալով եւ իրարու օգնելով է, որ իսկական ընկերներ կը դառնանք։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սեպտեմբեր 2026, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2026